ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի պաշտպան փաստաբանները ներկայացուցին միջնորդութիւն՝ առաջարկելով վերացնել կամ մեղմել կալանքը, հիմնուելով քրէական վարոյթի ընթացիկ փուլին մէջ ստեղծուած իրաւական նոր հանգամանքներուն վրայ։
Միջնորդութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերացած են իրենց պաշտպանեալը կալանքի տակ պահելու թէ հիմքերը եւ թէ անհրաժեշտութիւնը, հետեւաբար դատախազը կրնայ վերացնել կամ փոխել դատարանին կողմէ ընտրուած կալանքը։
*
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ քննարկեց հայեւռուսական համագործակցութեան օրակարգը, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանն ու Մոսկուան յուզող հարցեր։
Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք հաղորդեց, որ Միշուսթին- Փաշինեան տեսակցութեան ընթացքին նաեւ քննարկուած են առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր։ Ան ըսաւ,որ Մոսկուա մտահոգ է Հայաստանի հետ առեւտրական գործառնութիւններու կրճատմամբ։
Միշուսթին Փաշինեանը ընդունեց Ալթայի հանրապետութեան մէջ, ուր կայացաւ բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովը։
*
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղաէի՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, թէ ատրպէյճանցիները պէտք չէ տեսնեն հայ սահմանապահները Նախիջեւանէն Ատրպէյճան անցնելու ընթացքին, շեշտեց ,որ ճանապարհներու ստեղծումը նոյնիսկ մէկ միլիմեթրով պէտք չէ խախտէ որեւէ երկրի ինքնիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը։Ան նաեւ մերժեց շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն յառաջացնող քայլ։
Տեղին է նշել ,որ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան, որ մերժեց Ալիեւի գործածած անուանաբանութիւնը եւ անկէ բխած տրամաբանութիւնը։
*
Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Ագկիւն յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը մեծ նշանակութիւն ունի շրջանին համար, որովհետեւ անիկա կ՛ամրապնդէ Միջին միջանցքը։
Թուրք դեսպանը նշեց, որ Անգարա կը ցանկայ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը ըլլայ կամուրջ մը, որ կ՛ապահովէ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն՝ ծառայելով Միջին միջանցքի ամրապնդման։ Ագկիւն այս յայտարարութիւնները կատարեց Նախիջեւանի մէջ։
Տեղին է նշել ,որ վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջարկած են վարձակալել Սիւնիքի վրայով դէպի Նախիջեւան ճանապարհը։ Փաշինեան հաստատեց ,որ նման առաջարկ կատարուած է՝ աւելցնելով, որ որոշում չէ կայացածուած առաջարկին վերաբերեալ։
*
Էջմիածնի նախկին քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան եւ ամուսնոյն մայրը՝ Ռուզաննա Ասատրեան, մեղադրանքի տակ կը գտնուին։ Երկուքն ալ ոստիկանատան մէջ ստորագրեցին չհեռանալու որոշման տակ։Երկու մեղադրեալներն ալ աշխուժ ՔՊականներ են։
Փորձագէտներու համաձայն, Գասպարեանի եւ Ասատրեանի դէմ մեղադրանքներու առաջադրումը կ՛իյնայ ՔՊական շրջանակներու միջեւ ազդեցութիւններու տիրանալու բուռն պայքարի մը ծիրին մէջ, որ կը բնորոշուի նիւթական շահեր ձեռք ձգելու եւ կալուածներ հափշտակելու խուլ մրցակցութեամբ մը։
Հայաստանի ընդհանուր դատախազութիւնը, որ ընդդիմադիրներու դէմ մեղադրանքներու պարագային շատ արագ պարզաբանումներ կը հրապարակէ, երկու ՔՊականներու պարագային քար լռութիւն կը պահէ։