Գլխաւոր

Հայրենիքի Ամենամեծ Սպառնալիքը Մենք ԻՆՔՆԵՐՍ Ենք՝ Մեր Հայրենաքանդ Անմիաբանութեամբ

 

Ինչպէս անհաս փառքի ճամփայ՝ ես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում։
Ե. Չարենց

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ազգովին կանգնած այսօր­ուան աշխարհաքաղաքա­կան պայթիւնավտանգ մար­տահրաւէրներուն առջեւ, երբ Հայաստան բոլոր կող­մերէն կը գտնուի տարատե­սակ սպառնալիքներու տակ՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընդհանրապէս սահմա­նային անվտանգութեան ա­ռումով, ատենէ մը ի վեր կը պարզուի աւելի խոր, գուցէ նոյնիսկ աւելի կործանարար վտանգ մը՝ հայ ժողովուր­դին անմիաբանութիւնը։ Ան կը դրսեւորուի ոչ միայն Հայաստանի ներքաղաքական ու ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ, այլեւ համազգային մակարդակով՝ սփիւռքի ողջ տարածքին՝ իբրեւ մի­մեանց հանդէպ անվստահութեան, դժգոհութեան, բազմաբնոյթ մեղադրանքներու, նոյ­նիսկ ինքնակործան ատելութեան հասնող հիւանդագին երեւոյթով։

Պատմութենէն դասեր քաղելու եւ մեր գոյութեան բազմաթիւ սպառնալիքներու դէմ միասնական պայքար մղելու փոխարէն, մենք զմեզ յանձնած ենք իշխանատենչ կռիւ­ներու, գաղափարախօսական պառակտումներու եւ ազգային յոռետեսութեան։ Այս ներքին պառակտումը միայն բարոյախօսական խնդիր չէ, այլ ռազմավարական արկա­ծախնդրութիւն եւ վտանգաւոր ռիսկ։ Կ’ապրինք տարածաշրջանի մը մէջ, ուր շրջապա­տուած ենք մեզի հանդէպ յարձակողական քաղաքականութիւն վարող թշնամի, այլա­պէս անտարբեր հարեւաններով, եւ մեր մէջ նկարագրային նստուածք տուած անմիա­բանութեամբ կը քայքայենք ոչ միայն մեր ազգային ուխտն ու հայկական պետականու­թիւնը, այլեւ կը վտանգենք մեր պատմական հայրենիքին վերջին մնացորդացը՝ այ­սօրուան Հայաստանը իր 29.743 ք.մ. տարածքով։

Ժամանակի հրամայականը մեզի կը թելադրէ, որ ըլլանք յանձնառու մենք մեզի՝ մեր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը ենթարկելու ինքնաքննարկման, լուրջ վերլուծութեան, յաչս միջազգային հանրութեան ներկայացնել կարենալու համար ազգային միահամուռ կեցուածք այն բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ, որոնք ուղղուած են մեզի, այլ ոչ թէ կամայ թէ ակամայ յանձնուիլ նոր պառակտումներու յառաջացման։ Առանց ազգային ծրագրի, առանց տեսլականի եւ համազգային բարձրագոյն նպատակներ իրակա­նացնելու կամքի ձեւաւորման, մեր հայրենիքի, պետութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժո­ղովուրդի գոյութեան ապագան վտանգուած է։

Ներքին պառակտուածութիւն եւ արտաքին սպառնալիք

Հայաստան ոչ միայն փոքր պետութիւն մըն է անբարեացակամ դրացիներու միջավայ­րին մէջ, այլեւ այսօրուան վիճակով ան կը ներկայացնէ հասարակական ներքին բաժա­նումներով լեցուն հանրային կեանքի մը պատկերը։ Քաղաքական ճակատները այնու­հետեւ չեն գոյանար միայն իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, այլ ընտանիքներու, բա­րեկամներու, ընկերական շրջանակներու եւ սերունդներու միջեւ: Ներքաղաքական խօ­սոյթը թունաւորուած է, հանրային տարածքը՝ ներծծուած անվստահութեամբ, փոխա­դարձ մեղադրանքներով եւ արհամարհանքով։

Մէկդի թողելով Դիմատետրի, ընկերային հարթակներու եւ համացանցային կայքէջե­րու մէջ յաճախ երեւցող ամենատգեղ գրառումները, որոնք գարշահոտ աղբակոյտի մը տպաւորութիւնը կու տան արդի հաղորդակցութեանց միջոցներուն, վերջերս վերահա­սու դարձանք իրադարձութեան մը, որ կը հատէր թէկուզ ստորին մակարդակի եւ բա­րոյականութեան բոլոր կարմիր գիծերը։

Սփիւռքահայ լրագրող եւ թերթի խմբագիր մը համացանցային շրջաբերական մը յղած էր արեւմտահայերէն լեզուի մասնագէտ անձի մը դէմ. նամակ մը, որ ան հասցէագրած էր բարեկամներու, ծանօթ եւ անծանօթ բազմաթիւ անձերու։ Ի՛նչ ալ ըլլար այդ գրու­թեան շարժառիթը, վայել չէր, որ հայ սփիւռքի որոշ շրջանակներու մէջ պատկառանք վայելող այդ քաջանուն թերթին խմբագրապետը ինքն իրեն թոյլ տար այդ աստիճան ու անխնայ նսեմացնել իր հակառակորդը։ Այս բոլորը՝ իր կարգին։ Սակայն ամենավիրա­ւորական բաժինը այդ շրջաբերական նամակին յետագրութիւնն է, ուր հեղինակը կը նշէ. «Գրութեանս մէջ ուղղագրական, կէտադրական, քերականական եւ հայերէնի սխալները յատուկ են, եւ կը միտին թանսիոնդ [ճնշում] բարձրացնելու։ Գուցէ այդ կ’օգ­նէ քեզ շուտ չուելու այս աշխարհէն»։ Փաստօրէն, այս ծանր վիրաւորանքը դիտաւորեալ ուղղուած է իր հակառակորդին, բայց միաժամանակ, գուցէ եւ առանց անդրադառ­նալու, անուղղակի՝ մայրենիին, Մեսրոպ Մաշտոցին եւ հայերէնի հանդէպ բծախնդրու­թիւն ցուցաբերող բազմաթիւ մարդոց դէմ՝ ոտնակոխելով խոհեմութեան բոլոր սահ­մանները։

Հարեւանցի դիտարկում մը անգամ բաւարար է հաստատելու, որ իրենց միջեւ տարա­կարծութեան հիմնահարցը ՀՀ վարչապետին թեր ու դէմ եղող խօսոյթն է, որ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, ներթափանցած է ազգային բոլոր կառոյցներէն եւ մարդկային յա­րաբերութեանց ծիրէն ներս։ Այս առթիւ ցաւալին այն է, որ կա՛մ կողմ ես եւ կա՛մ դէմ, կա՛մ համախոհ ես եւ կա՛մ հակառակորդ։ Երկսայրի ծայրայեղութիւն մը, որ չունի միջին ու վնասաբեր է բոլոր կողմերով։ Ի՞նչ խօսք այլախոհութեան եւ կառուցողական երկկողմանի վիճաբանութիւն ձեռք բերելու մշակոյթի մասին, արժէք, որ պարզապէս անգոյ է այսօրուան մեր իրականութեան մէջ։

Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ իւրաքանչիւր նահանջ, ձախողութիւն եւ պար­տութիւն դարձած է պատրուակ վհուկորսութեան, մեղաւորներ փնտռելու եւ դաւա­ճաններ անուանելու՝ ոչ թէ առերեսուելու սխալներուն հետ, զանոնք վերլուծելու, անոնց բուն պատճառները ճանչնալու եւ դասեր քաղելու իմաստով, այլ ջղուտ հաշուեյարդար տեսնելու՝ յագուրդ տալու համար անձնական վրիժառութեան։ Քաղաքական մթնոլոր­տը կը բնութագրուի ոչ թէ լուծումներու վրայ կեդրոնացած բանավէճով, այլ կործանա­րար հակամարտութեամբ։ Ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս գալու համատեղ ուղիներ որոնելու քաղաքականութեան փոխարէն՝ մենք կորսուած ենք պալատական ներքին խաղերու, անձնական թշնամանքի եւ գաղափարախօսական հակազդեցութիւններու իրարայաջորդ ալիքներ ստեղծելու էյֆորիայի մէջ։ Արցախի ողբերգութիւնը, մեր ինք­նութեան եւ պատմութեան մէկ մասի կորուստը մեզ չմիաւորեց, այլ իրարմէ աւելի՛ հե­ռացուց։

Մեր հայրենիքը պարզապէս չի կրնար ինքն իրեն թոյլ տալ ժամանակ եւ ներուժ սպա­ռելու ներքին պառակտումներու վրայ։ Մենք չունինք ռազմավարական հզօր փորձ, խո­րութիւն, առատ պաշարներ կամ երկրորդ պետութիւն մը, որուն ապաւինինք։ Մեր ամենամեծ թուլութիւնը մեր անմիաբանութիւնն է, իսկ այդ դուրսէն կը դիտուի արթուն աչքերով: Այսպիսի փխրուն եւ նոյնիսկ պայթիւնավտանգ պահուն իւրաքանչիւր ներքին պառակտում կը վերածուի ինքնապաշտպանական խոցելիութեան։ Եթէ մենք չկարե­նանք գէթ այս ճակատագրական պահուն ստեղծել ներքին կայունութիւն մը, ապա մեզի ոչ ոք պիտի շնորհէ ապագայ մը կամ այլընտրանքային որեւէ մէկ ուրիշ դրական տարբերակ։

 

Սփիւռքահայութիւնը հայրենաբաղձութեան եւ օտարացման միջեւ

Հայկական սփիւռքը թուային առումով գուցէ երեք անգամ աւելի մեծ է հայաստանա­բնակ հայ քաղաքացիներու թիւէն։ Հայ սփիւռքը համեմատաբար բարեկեցիկ է եւ ունի ահագին ներուժ։ Ան սերունդներ շարունակ սնուցած, պահպանած եւ տարածած է հայ­կական մշակութային ժառանգութիւնը ամբողջ աշխարհով։ Այնուամենայնիւ, հա­կառակ իր ունեցած պատմական եւ տակաւին այսօր դրսեւորած նշանակութեան, հետզհետէ ականատես կը դառնանք սփիւռքի եւ հայրենի բնակչութեան միջեւ ցաւոտ օտարացման։

Այս օտարացումը առաւել եւս զգալի դարձաւ 2020 թուականին բռնկած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ հայկական բանակը ծանր պարտութիւն կրեց՝ զոհ տալով բիւրաւոր քաջամարտիկներ, իսկ 9 նոյեմբերին հայկական կողմը ստիպուած եղաւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ ստորագրելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար անբարենպաստ պայմանագիր մը։ Տակաւին ասոնց հետեւեցաւ յոռեգոյնը, երբ 2023 թուականին ատրպէյճանական ուժերը զինու զօրութեամբ ամբող­ջութեամբ հայաթափեցին Արցախը՝ բանալով տխուր էջ մը հայոց նորագոյն պատմու­թեան մէջ՝ աղէտալի իրադարձութիւններով եւ անդառնալի կորուստներով լեցուն։

Հայ կեանքին մէջ յառաջ եկած իրավիճակը եւ պահու հրամայականը կը թելադրէին, որ համահայկական ոգիին եւ հայկական պետականութեան միջեւ ստեղծուէր փոխադարձ հասկացողութեան եւ զօրակցութեան առնուազն բարոյական դաշինք կամ համակա­մութեան դրսեւորում։ Սակայն Հայաստանի պետական կառոյցներուն մէջ սփիւռքէն հնչող ձայնը գնահատուեցաւ իբրեւ ամբարտաւան ելոյթ եւ իրատեսութեան տուեալնե­րով թերի։ Միւս կողմէ, սփիւռքի մէջ ալ շատեր, իրենց կարգին, հայկական քաղաքակա­նութեան մէջ տեսան միայն ձախողութիւն, թուլութիւն եւ անձնատւութիւն։ Հետեւա­բար, նպատակային համագործակցութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան բացա­կայութեան պայմաններու բերումով՝ համահայկական իրականութեան մէջ առկայ նե­րուժը վատնուեցաւ՝ նպաստելով բեւեռացումներու ստեղծման եւ ուժաբեկութեան։

Հայաստան կարիքը ունի սփիւռքին, իսկ սփիւռքը՝ Հայաստանի։ Հայաստան ոչ թէ իբ­րեւ զգացական իտէալ կամ բարոյական խորհրդանիշ մըն է, այլ որպէս իրական եւ թէկուզ սեփական կեանքի գնով պաշտպանելու միասնական հայրենիք։ Միայն միա­սին, փոխադարձ յարգանքի եւ յստակ ռազմավարական նպատակի պայմաններու մէջ կարելի է տեսնել կառուցողական յարաբերութիւններու, զօրակցութեան եւ համահայ­կական ուժերու վերականգնում։ Ներկայ իրավիճակը յղի է անկանխատեսելի վտանգ­ներով։ Եթէ մենք ի վիճակի չենք զիրար հասկնալու, ապա դժուար է ակնկալել, որ դուրսէն որեւէ մէկը, որեւէ մէկ այլ ազգ կամ պետութիւն մեզ հասկնայ։

 

Միայնակ՝ բաց հորիզոններու առջեւ –

աշխարհաքաղաքական մեկուսացման վտանգը

Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ Հայաստան կը գտնուի աշխարհաքաղաքական արգիլուած տարածաշրջանի (no man’s land) մը մէջ՝ շրջապատուած պետութիւններով, որոնք իրեն հանդէպ կը վերաբերին կա՛մ բացայայտ թշնամանքով, կա՛մ, լաւագոյն պարագային, անտարբերութեամբ։ Թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը կը գործէ համակարգուած, միասնական եւ ծաւալապաշտական գործելաոճով։ Սիւնիքի երկնակամարին կախուած է Դամոկլեան սուրի մը պէս փանթուրանական «ղըլըճ»-ը, իսկ Հայաստանի շրջափա­կումը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու, նաեւ առեւտուրի ու երթեւեկութեան հարցերով անոր մեկուսացումը՝ այս ամէնը պատահականութիւն չէ, այլ ռազմավարու­թիւն։ Իսկ մեր պատասխա՞նը. անմիաբանութիւն՝ «խորհրդով, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ»։ Յոյն իմաստասէրը՝ Պղատոն, այսօրուան թուականէն 2372 տարիներ առաջ բնութագրած է հետեւեալ բացարձակ իրողութիւնը. «Անմիաբանութիւնը սկիզբն է կործանումին»։

Ինքնաճանաչումի նպատակով յանձնարարելի է կարդալ հայրենի գրող Դերենիկ Դե­միրճեանի գողտրիկ մէկ խոհագրութիւնը «Հայը» խորագրով։ Գրական հայելի մըն է, որ կ’արտացոլացնէ հայուն նկարագիրը իր արժանիքներով եւ թերութիւններով։ Կ’արժէ մէջբերել այս մասին գրողին դիտարկումները.

«Ամէն հայ մի հայ ունի, որի հետ թշնամի է մինչեւ մահ։ Սա նրա անհրաժեշտու­թիւնն է։ Անկարգ է եւ անիշխանական թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ գաղափարների մէջ։ Իբրեւ ժողովրդական՝ անմիաբան է, անտանելի, խռո­վարար։

Թաթա՞րն էր մօտը` սպասեց ռուսին, ռո՞ւսը եկաւ` աչքը եւրոպացուն էր: Եկա՞ւ անգլիացին` դարձեալ ռուսին էր սպասում: Ռո՞ւսն է գալիս` չի ընդունում… Ու­րեմն իր պետութի՞ւնն է ուզում ստեղծել, չի՞ ուզում ստեղծել, ի՞նչ իմանաս… Մի ձեռը ճանկռտելով հիմնում է այդ պետութիւնը, միւս ձեռը ճիգ է անում հիմքից քանդելու:

Ինչո՞ւ է այսպէս, ինչի՞ց է դժգոհ, ի՞նչ է կամենում… Ինչո՞ւ է այսպէս անհաւա­սար, ներհակ, մաղձոտ, անհաւատալի` իր ստորութեան մէջ, անչափելի` իր վեհ թռիչքներում: […]։ Հայի ամենամեծ առաքինութի՞ւնն ես ուզում` ամենաներողա­միտ ցեղը աշխարհիս մէջ […] Նա մեկուսի է, խստակեաց, բարի եւ ազատա­սէր»[1]:

Սակայն ի վերջոյ ի՞նչ է կեանքէն հայուն ուզածը. արդարեւ հեղինակը կ’եզրակացնէ՝ «կեանքից աւելի թանկ բանը՝ Ազատութիւնը»[2]։ Բայց հիմնախնդիրն այն է, որ անհա­տական ազատութիւնը առնչուած է հաւաքական ազատութիւն ձեռք բերելուն հետ։ Ազատութիւն, որ պէտք է նուաճես, թէկուզ կեանքիդ գնով պէտք է պաշտպանես, իսկ այդ կարելի է իրականացնել միայն հաւաքաբար, ազգով ու պետութեամբ։ Այլապէս միշտ ենթակայ ես մէկ ուրիշին, աւելի ուժեղին, իսկ աւելի զօրեղը միշտ ալ կայ՝ ինքնիշխանութեանդ վրայ բռնացողը, քեզ ազատազրկողն ու ստրկացնողը։ Այնուհե­տեւ դուն բռնակալէդ ազատութիւնդ չէ, որ կը խնդրես, այլ միայն կեանքդ, թէկուզ անա­սունի մը պէս ապրելու կարգավիճակով։

Ահա այս էական տարբերութիւնն է, որ յստակ պէտք է ըլլար մեր ազգային-հաւաքական գիտակցութեան մէջ՝ ազատութեան միանշանակ հաւաքական ձեռքբերում մը ըլլալու իրողութիւնը։

Ռուսիա, որ երբեմն կ’ընկալուէր իբրեւ Հայաստանի պաշտպան տէրութիւն, վաղուց կը հետապնդէ առանձնապէս իր սեփական շահերը՝ յաճախ մեր հաշուոյն։ Իսկ Արեւ­մուտքը, հակառակ այն փաստին, որ որոշակի հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ մեր ժողովրդավարական բարեփոխումներուն նկատմամբ, գործնական գետնի վրայ կը մնայ վերապահ եւ յաճախ հեռու Հայաստանի իրական անվտանգութեան յանձնառու­թիւնը ստանձնելէ։ Միւս կողմէ՝ Իրան եւ Վրաստան կը խաղան իրենց սեփական խաղը՝ թէպէտ ոչ ուղղակի մեր դէմ, այլապէս նաեւ ոչ անպայման մեզի հետ ըլլալու գործելաոճ դրսեւորելով։

Քաղաքական լարուածութեան այս դաշտին մէջ Հայաստան կը մնայ միայնակ այն­պիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր սխալելու տեղ ամենեւին չկայ։ Իւրաքանչիւր ներ­քաղաքական վէճ, ամէն մէկ ցոյց, կառուցուածքային ամէն մէկ ճգնաժամ կը տկա­րացնեն մեր դիրքերը՝ խաղալու մեր խաղը միջազգային ճատրակի տախտակին վրայ։ Իւրաքանչիւր ոք, որ ռազմավարական մտածելակերպով կ’առաջնորդուի՝ քաջ գիտէ, որ սեփական թուլութիւնը իր դէմ յարձակողական եւ ծաւալապաշտական տրամա­դրութիւն կը ստեղծէ։ Զօրեղն է, որ յարգանք կը թելադրէ։ Ուժն է, որ կը ծնի իրաւունքը։ Բոլոր անոնք, որոնք իրենք զիրենք պաշտպանել չեն գիտեր, միեւնոյն է, ուրիշը զիրենք չի պաշտպաներ։ Երբ ինքզինքդ կը բզկտես, ուժերդ ցմրուր կը սպառես՝ այնուհետեւ պէտք չունիս արտաքին թշնամիներու, քանզի անկումդ ձեռքովդ իսկ նախապատրաս­տած ես։

Հետեւաբար, մեր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը մեզի ամենեւին թոյլ չի տար ան­վճռականութեան, ազգային պառակտուածութեան, կեղծ ռոմանթիզմի եւ, իհարկէ, ներքին քաոս մը ստեղծելու շռայլութիւն։

 

Կոչ միասնութեան եւ պատասխանատւութեան

Վաղուց ժամանակն է վերատեսութեան ենթարկելու մեր կեանքը, գործը, խօսքն ու ըն­թացքը։ Ժամանակն է էական շրջադարձի մը՝ մեր կեանքին տալու նոր բովանդակու­թիւն եւ որակ։ Եւ սոյնը ոչ թէ դատարկ կարգախօսերու տեսքով, այլ իբրեւ խորապէս զգացուած անհրաժեշտութիւն։

Հայաստան այլեւս չի կրնար ինքն իրեն թոյլ տալ յումպէտս վատնուած տարիներ։ Ան­դառնալի ժամանակաշրջան մը, երբ հազարաւոր ազատամարտիկներու թափած արիւ­նով ձեռք բերուած փառապանծ յաղթանակը ուղղակի մսխուեցաւ, այսօր ունենա­լով ահաւասիկ այն, ինչ ունինք։ Այսուհետեւ արտօնելի է ո՛չ մէկ քաղաքական խաղ, ո՛չ մէկ թշնամութիւն սեփական ճամբարէն ներս՝ ի՛նչ պիտակի տակ ալ ան թաքնուած ըլլայ՝ յատկապէս եկեղեցական։

Ազգային միասնութիւնը՝ «մէ՛կ հայրենիք, մէ՛կ եկեղեցի, մէ՛կ ժողովուրդ», որ յաճախ խորաններէ իբրեւ հռետորաբանութիւն կամ հաւաքներու առթիւ իբրեւ ամբոխա­վա­րական կարգախօս կը հնչէ, պէտք է դառնայ գործնական առաջնահերթութիւն՝ կրա­նիտեայ հիմք քաղաքական եւ քաղաքացիական հասարակութեան իւրաքանչիւր գոր­ծողութեան մէջ։

Միասնութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն։ Ան կը նշանակէ ճանչնալ եւ հետապնդել համահայկական ընդհանուր նպատակ,– հակառակ առկայ բոլոր տարբերութիւննե­րուն,– պահպանել հայոց հայրենիքը, հզօրացնել պետականութիւնը եւ պաշտպանել հայ ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու զարգացնել անոր բարեկեցութիւնը։ Պէտք է ա­պահովել հնարաւոր չափով այն բոլոր կարելիութիւնները, որ հայ մարդը Հայաստանի մէջ ապրիլ կարենայ մարդավայել կեանքով։ Ապրիլ Հայաստանի մէջ ոչ թէ ստիպողա­բար, այլ յօժարակամ։ Երկիր, ուր արժէ ապրիլ, վայելել ու իմաստաւորել սեփական կեանքը՝ աշխատանքով, նուիրումով, արարումներով։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր անձ, որ կը սիրէ Հայաստանը, պէտք է պատրաստ ըլլայ խօսելու նաեւ այլախոհներու հետ՝ գտնելով տրամաբանական փոխզիջումներու միջոցներ մարդկային յարաբերութեանց մէջ եւ մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելու, այլ ոչ՝ հաստաբեստ պարիսպներ ստեղ­ծելու նպատակով։

Սփիւռքը նոյնպէս ունի իր պատասխանատւութեան բաժինը։ Արտասահմանեան բա­րեկեցիկ երկիրներու մէջ մետաքսեայ բարձերու վրայ նստած թերացումները մատնա­ցոյց ընելու փոխարէն, հարկաւոր է նպատակային զօրակցութիւն ցուցաբերել՝ ներ­դրումներ իրականացնել Հայաստանի կրթութեան, ենթակառոյցներու եւ ռազմավարա­կան հաղորդակցութեան մարզերէն ներս։ Ոչ թէ անցեալի նկատմամբ պատրանքներով, հայոց պատմութեան եւ հայրենիքի վերաբերեալ զգացական մօտեցումով, այլ ներկայի մասին իրատեսութեամբ եւ ապագայի համար յստակատեսութեամբ։

Քաղաքական ղեկավարութիւնը, մտաւորական վերնախաւը, երիտասարդութիւնը, Ե­կեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները, լրատուամիջոցները՝ բոլորը անխտիր ունին պարտականութեան իրենց լրջագոյն բաժինը։ Հայաստան կը փրկուի ոչ թէ մուրացածոյ արտաքին օգնութեամբ, այլ ինքնահաստատուելու ներքին կամքով։ Եթէ մենք դրսեւո­րել չկարենանք այս կամքը, ներկան մեզի չի ներեր, իսկ ապագան կը յիշէ լոկ մեր անու­նը արդէն հեռաւոր պատմութիւն դարձած իր էջերուն մէջ։ Մինչդեռ հայը արժանի է ազգերու ընտանիքին մէջ յարատեւելու որպէս գոյատեւման հրաշք՝ ներհակ այն բոլոր ուժերուն, արհաւիրքներուն, որոնք ի զուր փորձեցին հատել կենաց ծառին այն դալար ոստը, որ դարէ ի դար սնուցած, աւիւն եւ կենդանութիւն՝ կեանք եւ առաւել կեանք տուած է իրեն։

Պատմութեան պահանջը հայ ժողովուրդին հանդէպ յաճախ անողոք եղած է. պետա­կանութեան կորուստ, օտարի տիրապետութիւն, իրարայաջորդ ասպատակումներ, տարագրութիւն, ցեղասպանութիւն, հայրենազրկում եւ սփիւռքացում։ Բայց այնուա­մենայնիւ մենք կանք մեր փոքրիկ Հայաստանով, հարենաբնակ ժողովուրդով, հայ սփիւռքով եւ մեր երկիրն ու գոյութիւնը խորհրդանշող Եռագոյնով։ Մենք գոյատեւեր ենք, վերափոխուեր ու բարեկարգուեր ենք, այլեւ պահպաներ ենք մեր մշակոյթը, հա­յեցի ինքնութիւնը՝ թէկուզ սփիւռքացած պայմաններու տակ: Այս տոկունութիւնը կա­րելի չէ ընկալել իբրեւ սովորական երեւոյթ մը. ան միշտ եղած է գերագոյն զոհաբերու­թեան, վերապրելու սիրոյն քաջ գոյապայքար մղելու ոգիի դրսեւորման եւ իմաստուն ինքնահաստատման արդիւնք:

Այսօր, սակայն, մենք կը գտնուինք խիստ վտանգաւոր հանգրուանի մը եզրին. մեզ կը վտանգեն ոչ միայն մեզի դէմ ուղղուած արտաքին սպառնալիքները, այլեւ մեր սեփա­կան եւ ներքին տրոհումները, պառակտումները, մեր անմիաբանութիւնը, ինքնավստա­հութեան պակասը, մեր եսասիրութեան եւ ունայնութեան վրայ յամառութիւնը։ Եթէ մենք հիմա քաջութիւն չդրսեւորենք վերագտնելու մեզ որպէս ազգ՝ ոչ թէ որպէս շա­հագրգիռ ցեղախումբ մը, այլ որպէս պատմականօրէն վիրաւոր, բայց արժանիքներով հարուստ, ընդունակ եւ գործունեայ ժողովուրդ, ապա մենք կը կորսնցնենք այն ամէնը, ինչ կրնայինք ունենալ մեր նուիրական հայրենիքին մէջ՝ ապահով ապագայ մը կերտելու մեր վերջին հնարաւորութիւնը։

Բաւարար չէ խօսիլ հայրենիքի մասին. հայրենիքը ո՛չ խօսք է, ո՛չ ալ լոկ սիրերգութիւն։ Հայրենիքը համակ յանձնառութիւն է, անձնական կեանքիդ հետ առնչուած գոյութենա­կան արժէք, կարօտ մշտական ներդրումներու՝ քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ մշակութային առումով։ Բաւարար չէ ողբալ Ցեղասպանութեան մասին, այլ պէտք է ի գին ամէն ինչի կանխարգիլել կարենալ նոր ցեղասպանութիւններու սպառնալիքը։ Հարկ է, ընդհակառակը, պատմական իրադարձութիւններէն սորվիլ՝ պատմութեան զոհը չմնալ, այլ որպէս փիւնիկ հուրի եւ մոխիրներու ընդմէջէն վերածնիլ, դառնալ հզօր ու բարգաւաճ ազգ եւ ժողովուրդ։ Զիրար մեղադրելը ոչինչ կը բերէ, իսկ յաջողութիւն կը բերեն զիրար լսելը, կառուցողական երկխօսութիւն մշակելը, նպատակային գործելը, իսկ ի պահանջել հարկին՝ միասին հարուածելը։

Հայաստան առասպել մը չէ։ Այսօր ան ո՛չ հզօր, ո՛չ հարուստ եւ գուցէ խոցելի պետու­թիւն մըն է, որ ստոյգ պէտք ունի մեր միասնութեան, մեր խելամտութեան եւ վճռակա­մութեան։ Եթէ մենք մեր երբեմնի հզօր հայրենիքէն մեզի բաժին մնացած այս փոքր երկիրը չպահենք, ապա ուրիշը պիտի չպահէ զայն մեզի համար։ Բայց եթէ մենք լուրջ ենք՝ իսկապէ՛ս լուրջ, իրապէ՛ս սիրելու մեր հայրենիքը, ոչ լոկ խօսքով, այլ միանալով, բռունցքուելով ու արիութեան գործեր իրականացնելով, ապա գուցէ ուշ ենք, բայց տա­կաւին ոչ-ուշացած։

Յաւարտ բանիս պիտի ուզէի մէջբերում մը ընել լիբանանցի գրող եւ փիլիսոփայ Ժըպ­րան Խալիլ Ժըպրանի մէկ նշանակալից «Pity the Nation» («Խղճա՛ ազգին») խորագրով քերթուածէն.

Խղճա՛ այն ազգին, որ լեցուն է հաւատալիքներով, բայց սնանկ է կրօնով։

Խղճա՛ այն ազգին, որ իր վրայ կը կրէ տարազ մը՝ զոր ինք չի մաներ,

Կը սնանի հացահատիկով՝ զոր ինք չի քաղեր,

Կ’ըմպէ գինի մը, որ չի հոսիր իր սեփական հնձանէն։

Խղճա՛ այն ազգին, որ կը ծափահարէ յոխորտացողին որպէս հերոս,

Իսկ շողշողուն բռնակալը կը պատուէ որպէս բարեգործ։

Խղճա՛ այն ազգին, որ կ’արհամարհէ կիրքը իր երազներուն մէջ,

Բայց կը յանձնուի անոր, երբ արթուն է։

Խղճա՛ այն ազգին, որ իր ձայնը չի բարձրացներ,

Բացի երբ կը քալէ յուղարկաւորութեան ետեւէն։

Կը պարծենայ կեցած իր աւերակներուն վրայ, եւ կ’ըմբոստանայ միայն,

Երբ իր վիզը դրուած է սուրին ու կառափնատին միջեւ։

Խղճա՛ այն ազգին, որուն պետական գործիչը աղուէս մըն է,

Փիլիսոփան՝ խեղկատակ մը,

Իսկ մշակոյթը կարկատելու եւ միմոսութեան արուեստն է։

Խղճա՛ այն ազգին, որ իր նոր ղեկավարը կ’ողջունէ շեփորահարումներով,

Բայց զայն շուտով կը ճամբէ նուաստացուցիչ սուլոցով՝

Գէթ կրկին շեփորահարումներով դիմաւորել կարենալու համար մէկ ուրիշը։

Խղճա՛ այն ազգին, որուն իմաստունները տարիներու ընթացքին համրացած են,

Իսկ զօրեղները տակաւին կը քնանան օրօրոցներու մէջ։

Խղճա՛ այն ազգին, որ տրոհուած է բեկորներու,

Բայց ամէն մէկ բեկոր ինքն իրեն կը համարէ ազգ մը[3]։

 

Ժընեւ, 23 Յուլիս 2025

Գ. օր պայծառակերպութեան պահոց

[1] Հմմտ. https://www.grakantert.am/archives/15104

[2] Նոյնը։

[3] Լիբանանցի բանաստեղծին առկայ ստեղծագործութիւնը թիւրիմացաբար մէջբերուած է իբրեւ իր «Մարգարէն» գործին մէկ մասը։ Սակայն ան մաս չի կազմեր այդ գիրքի բնագրին, այլ հրատարակուած է հեղինակին մահէն ետք, ենթադրաբար իբրեւ անոր քաղաքական կամ ընկերային յարաբերութիւններու քննադատական գրուածքներու մաս։ Մէջբերուած գործին անգլերէնէ արեւմտահայերէնի փոխադրումը մե՛րն է։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button