Տոքթ․ Յարութիւն Արմէնեանի Յիշատակին
Երեքշաբթի, Յուլիս 15-ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց միջազգային ակադեմական շրջանակներու մէջ հեղինակութիւն ստեղծած եւ է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանը:
Ծնած 1942-ին Պէյրութ, ան իր կրթութիւնը ստացած է «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ եւ բժշկագիտութեան աստիճանին տիրանալէ ետք, ուսումը շարունակած է Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին մէջ` ստանալով հանրային առողջապահութեան բնագաւառի մագիստրոսի եւ դոկտորականի աստիճաններ:
Ազգային-մշակութային բնագաւառին մէ,ջ Յարութիւն Արմէնեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն` իբրեւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ երկար տարիներու վաստակաւոր, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ, Լիբանանի հայ բժիշկներու միութեան գործադիր մարմնի անդամ եւ այլն:
Դասախօսած եւ պատասխանատու բարձր պաշտօններ վարած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, Պալթիմորի Ճոնզ Հոփքինզ համալսարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, Քալիֆորնիոյ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին եւ այլ բարձրաստիճան կրթական-առողջապահական կառոյցներու մէջ:
1997-2010 տարիներուն, ան մեծ հմտութեամբ վարեց Հայաստանի ամերկեան համալսարանի նախագահութեան պաշտօնը։ Իր ղեկավարութեան տարիներուն կառուցուեցան ժամանակակից շինութիւններ։ Համալսարանը առաջին անգամ ընդունեց միջազգային ուսանողներ եւ սկսաւ կարեւոր նախաձեռնութիւններ՝ ինչպէս դասական հայ գրականութեան թուային գրադարանը եւ գիւղական զարգացման ծրագիրը, որուն միջոցով հիմնուած են 550-է աւելի ձեռնարկութիւններ գիւղերու մէջ, ստեղծուած են 1,169 աշխատատեղեր եւ ձեռնարկատիրութեան վերաբերեալ վերապատրաստուած են 1,830 մարդ։
Տարբեր երկիրներու մէջ ծաւալած է նաեւ մարդասիրական աշխատանքներ` միջազգային կառոյցներու ճամբով:
Արժանացած է «Մովսէս Խորենացի»,«Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» եւ «Մայրի»-ի շքանշաններու:
Ակադեմական իր կրթութեան եւ գործունէութեան կողքին Յարութիւն Արմէնեան սիրողական արուեստագէտ էր։ Գեղանկարչութիւն կիրարկած էր 1976-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, եւ այդ նուիրուածութիւնը պահած էր մինչեւ իր մահը։ Իր գործերու ցուցահանդէսները տեղի ունեցան Պէյրութի, Լոս Անճելըսի ու Երեւանի մէջ։ Նկարչական հատորներ կը վկայեն անոր ոգին եւ բծախնդրօրէն տեսնելու՝ մարդիկն ու վայրերը։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատութիւնները կը խնդրուի կատարել
– Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) ուսանողական հիմնադրամին
Կայքէջ: giving.aua.am
Վճարագիրները կրնաք ղրկել Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Կլէնտէյլի գրասենեակին (117 South Louise St. #310, Glendale, CA 91205)։
Կամ
– «Համազգային»-ի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան – Լիբանան
Կայքէջ: djemaran.edu.lb/donate/