ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուց ընդհանուր դատախազին, նշելով, որ շաբաթ մը առաջ գրաւուած իր բջիջային հեռաձայնը տակաւին չէ վերադարձուած։
Մանուկեանի զաւկին՝ Տարօն Մանուկեանի բնակարանին մէջ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներ փորձած էին գրաւել Գեղամ Մանուկեանի հեռաձայնը։ Սակայն ան ընդդիմացած էր՝ արդարացիօրէն պատճառաբանելով, որ նման իրաւասութիւն չունին։ Աշխատակիցները ապա պատգամաւորը հրաւիրած էին բնակարանէն դուրս եւ ճնշումներ բանեցնելով գրաւած էին Մանուկեանի բջիջային հեռաձայնը, զոր տակաւին չեն վերադարձուցած։ Իսկ Գեղամ Մանուկեանի հեռաձայններուն չեն պատասխաներ Քննչական Կոմիտէի Երեւանի վարչութենէն։ Ան նաեւ ըսաւ, որ ունի տեղեկութիւններ, թէ հեռաձայնին ապահովութեան համակարգը կոտրելու փորձ կատարուած է։ Հեռաձայնը արտադրած ընկերութիւնը՝ ընդառաջելով իր եւ իր փաստաբաններուն դիմումներուն, արգելափակած էր հեռաձայնը։
*
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի վարչակազմը յայտարարեց, որ տեղեակ չէ Հայաստանի տարածքով միջանցք կառավարելու Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին մտադրութեան մասին։
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Թոմըս Պարաք յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են փոխադրութեան միջանցքը վարձակալել՝ Իրանի սահմանին մօտերը, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւնները խթանելու համար։
Ամերիկացի դեսպանին այս յայտարարութեան մասին հարցապնդուելով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան յայտարարեց,որ Երեւան չի քննարկեր Ատրպէյճանը Նախիջեւանի միացնող իր տարածքը երրորդ կողմի յանձնելու հնարաւորութիւնը։
*
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Մոսկուա Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը շարունակելու մտադրութիւն ունի։
Փեսքով նաեւ անդրադարձաւ Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամակցելու Հայաստանի ցանկութեան մասին եւ ըսաւ, որ Երեւանի իշխանութիւններուն կը թուի, թէ կը վարեն բազմակողմանի քաղաքականութիւն մը։ «Ճիշդ է, որ Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնն է բազմակողմանի համագործակցութիւնը, սակայն Հայաստանի հետ ունի շատ սերտ յարաբերութիւններ», ըսաւ ան։
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Երեւանի իշխանութիւններուն ձգտումներուն, ապա Փեսքով նշեց, որ պէտք է սպասել՝ տեսնելու համար թէ այս ձգտումը ինչ պիտի բերէ Հայաստանի։
*
Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լայէն X հարթակին վրայ կատարած իր գրառման մէջ գովաբանեց Նիկոլ Փաշինեանը, որ ըստ եւրոպացի պաշտօնատարին, ցոյց տուած է Հայաստանի նուիրումը՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան։
Ֆոն Տեր Լայէն անտեսեց հայաստանեան ներքին իրադարձութիւնները, ուր ստայօդ տեղեկութիւններու հիմամբ կը կատարուին ձերբակալութիւններ, ընդդիմադիրներ հալածանքի կ՛ենթարկուին՝ կեղծ եւ չհիմնաւորուած մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ղեկավարներ կը կալանաւորուին՝ քաղաքական բանտարկեալներու վերածուելով։ Նման իրավիճակ, որ եւրոպացիներուն համար խոր մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ, ներկայիս զանց կ՛առնուի, պարզապէս որովհետեւ եւրոպացիք պայքար կը մղեն եւ ամէն գնով կ՛աշխատին Հայաստանը հեռացնել Ռուսիայէն։ «Մեր կապերը աւելի սերտ են որեւէ ժամանակէ աւելի։ Եւրոպական Միութեան Դիմացկունութեան եւ Աճի ծրագիրը ռազմավարական ներդրում է Հայաստանի ապագայի մէջ», կը գրէր եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը։
*
Ռուսիա ներածուած հայկական քոնեակին մէկ կարեւոր մասը չի համապատասխաներ ռուսական օրէնքով ամրագրուած պահանջներուն։ Այս եզրակացութեան հասած են «Սոյուզքոնեակ» միութիւնը եւ «Անթիքոնթրաֆաքթ» միջազգային կազմակերպութիւնը, որոնց փորձագէտները զննած են ռուսական շուկայ ներածուած հայկական քոնեակը։
Փաստուած է, որ հայաստանեան շարք մը ընկերութիւններ բուրումնաւէտ իւղ խառնած են իրենց արտադրած քոնեակին, որ նաեւ չէ կրած խաղողի ալքոհոլ։ Փորձագէտները եզրակացուցած են, որ նման բաղադրութեամբ ոգելից ըմպելին քոնեակ չի կրնար համարուիլ։
«Անթիքոնթրաֆաքթ» կազմակերպութեան ղեկավար Վլատիսլաւ Ռեզնիք հաղորդեց, որ կազմակերպութեան պատասխանատուները հանդիպում մը ունեցած են Հայաստանի տնտեսութեան փոխ նախարարին հետ, որ հաղորդած է, թէ Երեւանի իշխանութիւնները տեղեակ են հարցէն։ Ան կատարած է լուծման առաջարկներ, որոնց գործադրութիւնը ցարդ տեսանելի չէ։
Ռուսական շուկային մէջ վաճառուող հայկական քոնեակին բաղադրութեան զննութեան արդիւնքը փոխանցուած է Ռուսիոյ ոգելից ըմպելիներու հսկողութեան դաշնակցային ծառայութեան, Դաշնակցային մաքսային ծառայութեան, ընդհանուր դատախազութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի համապատասխան նախարարութիւններուն։
*
Հայաստանի մէջ մէկ լիթր պենզինը կը վաճառուի 170 դրամով, մինչ նոյն քանակը շաբաթ մը առաջ կը վաճառուէր 140 դրամի։ Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, որ շատ աշխուժ է ընկերային հաղորդակցութեան ցանցի հարթակներուն վրայ, կը գրէր, որ պենզինով բեռնաւորուած 44 բեռնատարներ Հայաստան մուտք գործած են Վրաստանէն, ուր սահմանին վրայ վրացի մաքսաւորներ խնդիրներ կը ստեղծեն հայկական քոնեակ եւ ծաղիկ Ռուսիա փոխադրող հայաստանցի վարորդներու դէմ։
*
Փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Եւրոպական ներդրումներու դրամատան նախագահ Նատիա Գալվինոյի մասնակցութեամբ, Լիւքսեմպուրկի մէջ կնքուեցաւ «Հայաստան- Դիմացկուն Սիւնիք ծրագիր» ելեւմտական համաձայնագիրը, զոր ստորագրեցին ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան եւ դրամատան փոխ նախագահ Թերեզա Չերվինսքայա։
Համաձայնագրին հիմամբ, Եւրոպական ներդրումներու դրամատունը 50 միլիոն եւրոյի վարկային համաձայնագրին հիմամբ նախատեսուած ծրագիրը պիտի նպաստէ Սիւնիքի մարզի տնտեսական եւ ենթակառոյցներու զարգացման աշխատանքներուն։