Գլխաւոր

Հ․Յ․Դ․ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ-ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

 

Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը կը շարունակէ իրականացնել նախօրօք խնամքով մշակուած ծրագիրը։ Արդարեւ անցնող երկու օրերու ընթացքին, բանակողներուն դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, որոնց կարգին` ո՞վ է դաշնակցականը, առաջին բոյժօգնութիւն, նորօրեայ պատերազմներ, անօդաչու սարքեր վարել, եւ այլ։

«Ո՞վ է դաշնակցականը» նիւթը հմտօրէն ներկայացուց պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ընկերաբան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար Սարգիս Մկրտիչեան։ ​Բանակողները խմբային աշխատանքներովքննարկում կատարեցին դաշնակցական երիտասարդին նկարագրային գիծերուն, բնորոշող յատկանիշներուն եւ իւրայատկութիւննրեուն մասին։

​Անցնող երկու օրերուն բանակողներուայցելութիւններու շարքը գլխաւորեց եռաբլուր այցը։ Տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ Կամաւորական Շարժման Հասարակական Կազմակերպութեան ընկերներուն, խոր երկիւղածութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։

​Բանակողները այցելեցին նաեւ ԹՈՒՄՕ կեդրոն, ուրծանօթացան անոր նախագիծերուն եւ ի գործ դրած ծրագրներուն, մասնաւորաբար երիտասարութեան ուղղուած ուսուցողական նախաձեռնութիւններուն։

Եզակի առիթ ունեցան բանակողները հանդիպելու եւ զրուցելու շարք մը երէց ընկերներու հետ, որոնք իրենց համեստ ներդրումը բերած են Հայ Դատի աշխատանքներուն, զինեալ պայքարին եւ Դաշնակցութեան գումարտակի կազմութեան, որոնց կարգին՝ Մուրատ Թօփալեան, Համբիկ Սասունեան, Ռաֆֆի Թիթիզեան, Ժիրայր Պէօճէքեան եւ Սիմոն Գաֆալեան:

​Բանակումի ցանկալի ժամերէն է խարոյկներու շուրջ համախմբումն ու խրախճանքը։ Այստեղ խարոյկի կրակը չէ, որ կը ջերմացնէ ընկերները, այլեւ անոր շուրջ ստեծղուած ջերմեռանդ մթնոլորտն ու անկեղծ մտերմութիւնները։

Բանակումի առաջին խարոյկը անցաւ ճոխ մթնոլորտի մէջ: Ընկերները բարձր տրամադրութեամբ յեղափոխական երգեր երգեցին, նաեւ խումբերէն ներկայացումներ եղան։ Խարոյկը այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամները, որոնք ոգեշնչուած հրաժեշտ տուին բանակողներուն’ գալիք օրերուն կրկին այցելելու խոստումով:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button