Ռուսիոյ Ազդեցութեան Դէմ Պայքար. Օժանդակել Հայաստանին, Վրաստանին Եւ Մոլտովային «Արեւմուտքի Սպասման Սրահին Մէջ»
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
13 Յուլիս 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Ռէնտի հետախուզող Ճոն Քենետիի եւ Ուիլիըմ Տանպարի 1 յուլիս 2025-ի յօդուածն է, որ պիտի ներկայացնեմ (1): 11 Ապրիլ 2019-ին ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող Ռէնտ (2) կեդրոնը 354 էջ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց, Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին. «Տարածելով, քաշկռտելով Ռուսիան՝ մրցակցիլ նպաստաւոր դիրքէ» (Extending Russia: Competing from advantageous ground) խորագիրով (3):

Տեղեկագիրին չորրորդ գլուխը կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական այն միջոցներուն, որոնք պէտք է կիրարկել, հետեւեալ կարգով.
1 Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել: *Արդէն կատարուեցաւ սակայն պատերազմը կը շարունակուի, Ռուսիան զբաղ պահելով, ցարդ՝ ի վնաս Ուքրանիոյ:
2 Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել: *Արդէն Իսրայէլի դիմադրող Սուրիան ինկաւ՝ Թուրքիա-Իսրայէլ-Ահաբեկչական խմբաւորումներու միացեալ գործողութեամբ:
3 Պելառուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել: *Մարտ 2006-ի փորձը ձախողեցաւ, նմանապէս՝ 2020 եւ 2021-ի փորձերը:
4 Հարաւային Կովկասի լարուածութիւնը շահագործել: *Արդէն հաւաքական Արեւմուտքը, Թուրքիան եւ Իսրայէլը օգնեցին Ատրպէյճանին որ գրաւէ Արցախը եւ ցեղասպանութիւն գործադրէ:
5 Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել: *Խրխզիստանի մէջ 2005-ի, 2010-ի եւ 2020-ի յեղափոխութիւնները ձախողեցան:
6 Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան: *Հազիւ յաջողեցան` 51 տոկոս քուէով:
Այս մասին 7 յօդուած գրած եմ 23 հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ: Ռէնտի այս ուսումնասիրութիւնը եւ թելադրանքները լիուլի գործադրուեցան եւ կը շարունակուին, ուղեցոյց ծառայելով Միացեալ Նահանգներուն՝ ՄՆ եւ անոր արբանեակներուն՝ ցեղասպանութեան ու միլիոնաւոր զոհերու եւ գաղթականներու գնով, տկարացնելու համար Ռուսիան: Ինչո՞ւ… Որպէսզի ՄՆ-ը շարունակէ միաբեւեռ աշխարհի մը վրայ իշխել… Որուն զոհերէն եղաւ Արցախն ու Հայաստանը:
Անցնինք յօդուածին, իմ ճշդումներս` շեղագիր*:
«Մինչ եւրոպան կը միաւորուի Ուքրանիոյ պաշտպանութեան եւ սեփական անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար, երեք այլ յետխորհրդային պետութիւններ՝ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Մոլտովան, կը շարունակեն վտանգաւոր կերպով ենթարկուիլ ռուսական հակակշիռին։ Մոլտովան եւ Վրաստանը կ՚ուզեն մերձենալ Արեւմուտքին: Եւրոմիութեան պաշտօնական թեկնածուներ են, եւ երեքն ալ կը մասնակցին ԵՄ-եան Արեւելեան գործընկերութեան։ Սակայն, հակառակ այս ձգտումներուն, կարճաժամկէտ հեռանկարին մէջ Եւրոմիութեան միանալու իրենց կարելիութիւնը փոքր է։ Այս «սպասման սրահի» վիճակը կը վտանգէ անոնց կողմնորոշումը դէպի Եւրոպա եւ ՕԹԱՆ, մեծցնելով անոնց խոցելիութիւնը ռուսական ճնշումին, քայքայիչ միջոցներուն եւ որոշ պարագայի՝ ռազմական գործողութեան։
«Թէեւ Ուքրանիոյ նման լայնածաւալ ներխուժում չնախատեսուիր, սակայն այդ պետութիւնները անկայունացնելու Ռուսիոյ ջանքերը արդէն ընթացքի մէջ են։ Վրաստանը, որ ժամանակ մը տարածաշրջանային բարեփոխումներու առաջնորդն էր, այժմ՝ դէպի ռուսամէտ կողմնորոշումը արագացած է, աճող մենատիրական* այս կառավարութեան օրօք, հակառակ ԵՄ-ի անդամակցութեան հանրութեան ճնշող փափաքին։ Մոլտովայի մէջ, փխրուն ժողովրդավարական հիմնարկները եւ չլուծուած Թրանսնիստրիոյ հակամարտութիւնը երկիրը կ՚ենթարկեն ապատեղեկատուութեան եւ ընտրական միջամտութեան։ Հայաստանի մէջ 2023-ի Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի** հետեւանքները պարարտ հող ստեղծած են ռուսամէտ քաղաքական գործիչներուն համար, որոնք կը ձգտին օգտուիլ անապահովութենէն եւ խափանել երկրին դէպի արեւմուտք շրջադարձը։
*Եթէ արեւմուտքին դէմ է՝ կ՚ըլլայ մենատիրական, իսկ Հայաստանի պարագային երբ սրբազաններ, երեսփոխաններ եւ ընդդիմադիրները կը բանտարկէ՝ կ՚ըլլայ ժողովրդավար… այլ խօսքով եթէ հակառուս ես, ուրեմն ժողովրդավար ես: **Ի՛նչ ճգնաժամ, հազարաւոր տարիներու հայրենիքի գրաւում եւ ցեղային մաքրագործում ու ցեղասպանութիւն էր, արեւմուտքի՛ն իսկ մեղսակցութեամբ:
«Այս միջամտութիւնը լուրջ մարտահրաւէր կը ստեղծէ եւրոպացի որոշում կայացնողներուն համար։ Եթէ անոնք լուրջ են տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ հետագայ ռազմավարական նուաճումները կանխելու, ապա պէտք է գտնուին նոր միջոցներ, որոնք կ՚օգնեն այս երկիրներուն յաղթահարել ռուսամէտ քարոզչական արշաւները եւ դիմադրել ամբոխավարական քաղաքական ուժերուն, որոնք զանոնք Մոսկուայի ուղեծիր կը քաշեն։ Եւրոմիութեան պաշտօնական անդամակցութենէն բացի, սպասման սրահ գտնուողներուն աջակցելու քանի մը գործնական եղանակներ կան։
«Ռուսիան 2022-էն ի վեր ուղղակիօրէն Մոլտովայի՛ն սպառնացած է, քան որեւէ այլ երկրի, բացի Ուքրանիայէն։ 2023-ին նախագահ Մայա Սանտուն նշած է, որ Ուքրանական անվտանգութեան ծառայութիւններէն տեղեկութիւններ ստացած է երկրին ղեկավարութիւնը տապալելու, Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը կանխելու եւ երկիրը Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին գործածելու դաւադրութեան մասին։
«Անցեալ տարուայ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, Ռուսիան աշխուժացուց իր քարոզչական եւ միջամտութեան արշաւը: Մոլտովայի անվտանգութեան եւ հետախուզութեան ծառայութեան վերջերս հրապարակած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ռուսիան կը ձգտի անկայուն դարձնել երկիրը եւ խաթարել ժողովրդավարութիւնն ու եւրոպական լրացնումը: Աւելի՛ն, ինչպէս վերջերս յայտարարեց Մոլտովայի փոխվարչապետ Միխայիլ Փոփշոյը, այս տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւնները խոցելի պիտի ըլլան, քանի որ, ընտրողները կաշառելու կողքին, հանրային քննարկումը կը խեղաթիւրուի Ռուսիոյ հետ կապուած առցանց տարածուող ապատեղեկատուութեան միջոցով։
«Իրօք, ընդդիմութիւնը աշխուժօրէն կը խեղաթիւրէ ճշմարտութիւնը ռուսական մամուլին մէջ՝ կասկածի տակ առնելով Ռումանիոյ վերջերս կայացած նախագահական ընտրութիւններուն (4) արդար* ըլլալը, պնդելով, որ Արեւմուտքը կը փորձէ նոյնը ընել Մոլտովայի սեպտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
*Ուղղակի ծիծաղելի ու զաւեշտական էր ընտրութիւնները, երբ առաջին փուլին անկախ թեկնածուն որ ռուսամէտ կոչեցին 22.9 տոկոսով առաւելագոյն քուէն բերաւ խումբ մը թեկնածուներուն մէջէն, սահմանադրական դատարանը արեւմուտքին ճնշումով արգիլեց անցնիլ երկրորդ փուլ եւ չեղեալ համարեց ընտրութիւնը: Յաջորդին ալ, կրկին երկու փուլով ու խայտառակ միջոցներով յաջողեցուցին հակառուս թեկնածուն որ առաջին փուլին առաւելագոյն քուէն չունէր…
«Ռուսիան նաեւ կը ձգտէր սրել լարուածութիւնը անջատողական Թրանսնիստրիոյ, որ տնտեսապէս կախեալ է Ռուսիայէն, եւ կազմակերպուած յանցագործութեան ապաստան է։ Մոսկուան վերջերս փորձեց ուժանիւթի ճգնաժամ ստեղծել, եւ որուն համար Քիշնեւի Մոլտովայի կառավարութիւնը մեղադրել։
«Վրաստանի մէջ սպասման սրահի խոցելիութիւնը անողոք կերպով շահագործուած է ներքին հակաարեւմտեան* եւ հակաազատական* ուժերուն կողմէ՝ միշտ Քրեմլինի օգտին։ Երկիրը ենթարկուած է լիակատար սակաւապետական խումբի մը կողմէ պետութեան գրաւումին եւ այժմ կը կառավարուի ռուսական ոճի բռնատիրական** կառավարութեան կողմէ, որ հրաժարած է ԵՄ-ենէն։ Մինչ, տիրող այս կուսակցութիւնը, 2024-ի ընտրութիւններուն «դէպի Եւրոպա՝ արժանապատիւ կերպով» ծրագրով, վրացիներուն շուրջ երեք քառորդը կը ցանկար միանալ ԵՄ դաշինքին: Թիֆլիսի արեւմտամէտ քաղաքական կուսակցութիւնները ո՛չ միայն կառավարութենէն դուրս են, այլեւ կրնան արգիլուիլ աւելի ու աւելի բռնաճնշող վարչակարգին կողմէ: Անկախ քաղաքացիական հասարակութիւնը***, որ ծաղկած է երեսուն տարիէ ի վեր, կը ճնշուի բռնաճնշող օրէնսդրութիւն կողմէ:
*Այսինքն՝ ինչ որ ազգայնական է եւ աւանդական ու բարոյական՝ Արեւմուտքին կողմէ ընդունելի չէ: **Հայաստանի մէջ բռնատիրական մենատիրական կառավարութիւնը քանի՛ որ հակառուս է՝ «ժողովրդավար» կը նկատուի… ***Սորոսականները, որոնք նիւթական հատուցումով, օտարին կը ծառայեն:
«Հայաստանի Մոսկուայի հետ երկարատեւ անվտանգութեան կապերը խաթարուեցան 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմին եղելութեան պատճառով։ Պատերազմը աւարտեցաւ Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումով, իբր թէ հայ բնակչութիւնը պաշտպանելու համար, սակայն անոնք ոչինչ ըրին՝ երբ Ատրպէյճան 2023 -ին գրաւեց վիճելի տարածքին ամբողջութիւնը, որ պատճառ դարձաւ աւելի քան 100 հազար քաղաքացիներու բռնի տեղահանման՝ տեղահանում, որ Արտաքին Յարաբերութիւններու խորհուրդին, Ֆրիտըմ Հաուզին եւ Եւրոխորհրդարանին կողմէ որակուած է իբրեւ ցեղային մաքրագործում։
«Այս իրադարձութիւններուն պատճառով, Ռուսիոյ հեղինակութիւնը Հայաստանի մէջ քուրջի կտորի վերածուեցաւ, քանի որ աւելի շատ մարդիկ այժմ երկիրը կը տեսնեն իբրեւ սպառնալիք, քան՝ գործընկեր, որ հինգ տարի առաջուան համեմատ հսկայական տեղաշարժ է։ Կառավարութիւնը նաեւ Ռուսիան կը համարէ անվստահելի գործընկեր, եւ հակառակ անոր, որ երկիրը թուղթի վրայ տակաւին կը մնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, Հայաստանի խորհրդարանը այս տարուան սկիզբը, որոշեց ԵՄ-եան անդամակցութեան բանակցութիւններուն սկսիլ։ Իրօք, հայերուն շուրջ 60 տոկոսը վաղն իսկ կը քուէարկէ Եւրոմիութեան միանալու օգտին։ 2024-ին ԵՄ-ը նոր դրամաշնորհներ տրամադրեց՝ տնտեսական կայունութեան համար։ ԵՄ-ը նաեւ անզէն դիտորդական առաքելութիւն կը պահէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին։ Այս առաքելութիւնը, հակառակ Պաքուի զայրոյթին՝ պարբերաբար կը հաղորդէ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական քաղաքացիական կառոյցներու վրայ կրակոցներու մասին։
Սակայն, Հայաստանի արեւմտեան ուղղութիւնը չափազանց վտանգաւոր է։ Երեւանը կը մնայ Ռուսիոյ ուղեծիրին մէջ, նոյնիսկ եթէ քաղաքական յարաբերութիւնները վատթարացած են։ Քանի որ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանները խստորէն փակ են, Ռուսիոյ հետ առեւտրային կապերը կը մնան չափազանց կարեւոր։ Հակառակ անոր, որ Հայաստանը ռուս սահմանապահները հեռացուց Երեւանի օդակայանէն, անոնք կը շարունակեն մնալ Իրանի հետ սահմանին՝ Գիւմրիի մէջ գտնուող ռուսական մեծ ռազմակայանին կողքին։ Քանի որ Հայաստանը Ատրպէյճանի կողմէ ներխուժումի մնայուն սպառնալիքին տակ է, սպառնալիք, որուն մասին անդադար կը խօսի Քրեմլինը (նաեւ Ալիեւը*): Մեծ վտանգը այն է, որ Մոսկուան կը հաճի ատրպէյճանի յարձակումին՝ իբրեւ միջոց՝ Երեւանի մէջ ռուսամէտ գործիչ հաստատելու համար։
«Այս մտահոգիչ շարժագիծերէն անկախ, տակաւին կան քանի մը միջոցներ, որոնք եւրոպացի դաշնակիցները կրնան ձեռնարկել տարածաշրջանի Ռուսիոյ ազդեցութեան եւ ընդլայնման հակազդելու համար: Մէկը՝ ազատական ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը խթանող ռազմավարական քարոզչական արշաւներու վերակենդանացումն է: Շատ կը գրուի Ռուսիոյ ապատեղեկատուական խաղին մասին, որ կառուցուած է հայրենասիրութեան կեղծ կոչերու, ինքնութեան հարցերու, դաւադրութեան տեսութիւններու եւ ճակատումի քօղարկուած սպառնալիքներու վրայ, սակայն տեղեկատուական պատերազմին անկասկած կարելի է յաղթել։
«Անցեալին, եւրոպան մեծապէս յոյսը դրած էր ՄՆ-ու կողմէ տնտեսուող կազմակերպութիւններու* վրայ՝ USAID-ի, Ժողովրդավարութեան ազգային հիմնադրամի (NED), «Ազատ եւրոպա/Ազատութիւն» ռատիոկայանի (RFE/RL) վրայ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ անկախ լրատուամիջոցներուն օժանդակելու համար, եւ առանց անոնց, իւրաքանչիւր երկիր աւելի խոցելի կը մնայ Ռուսիոյ կողմէ տարածուող դաւադրութեան տեսութիւններուն եւ ապատեղեկատուութեան։ Քանի որ USAID-ի ծրագրերը կասեցուած է, իսկ NED-ի եւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ապագան կասկածի տակ է՝ եւրոպացի գործընկերները ստիպուած կ՚ըլլան նախաձեռնող ըլլալ մտածելու, թէ ինչպէ՛ս այս բացը գոցել կարեւորագոյն բնագաւառներուն մէջ, ինչպիսիք են լրատուամիջոցներու զարգացումը եւ ռազմավարական հաղորդակցութիւնները։
*Այսինքն չկասեցնել արեւմտեան ապազգային ու ընտանեկան սրբութիւններու եւ սեռային այլազանութեան քանդիչ քարոզարշաւը:
«Արեւմուտքի սպասման սրահին մէջ գտնուող երկիրները նոյնպէս կարիքը ունին հետագայ քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութեան՝ որ կը գիտակցի Արեւմուտքին հետ լրացման ձգտումին մէջ անոնց խոցելիութեան եւ կ՚օգնէ, Ռուսիայէն կախեալ ըլլալը նուազեցնելու։ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութիւնը կրնայ ամրապնդել երկրին արեւմտեան շրջադարձը՝ առաջարկելով թեկնածուի կարգավիճակ, շարունակելով սահմանային դիտորդական առաքելութիւնը եւ աւելի խիստ դիրքորոշում ճշդելով Ատրպէյճանի ռազմական սադրանքներու եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան նկատմամբ։ Եւրոպական երկիրները, որոնց մէջ՝ Անգլիան, կրնան մեծցնել իրենց աջակցութիւնը կառավարութեան ռազմավարական հաղորդակցութեան ջանքերուն՝ ապատեղեկատուութեան հակազդելու եւ երկրին կողմնորոշումը ամրապնդելու համար։
«Եւրոպական Միութիւնը 2022-էն ի վեր մեծցուցած է Մոլտովային իր օժանդակութիւնը՝ «Մոլտովայի աջակցութեան հարթակ»-ին միջոցով։ Այս տնտեսած է Մոլտովայի ուժանիւթի ապահովման, բարելաւման եւ ելեկտրականութեան սակի նուազեցման ուղղուած ջանքերը։ Անգլիան նաեւ Մոլտովային կ՚օգնէ շարք մը հարցերու շուրջ՝ իր տարեկան ռազմավարական երկխօսութեան միջոցով, ներառեալ խառն սպառնալիքներուն հակազդելու ջանքերը։ Սակայն, Արեւմուտքի աջակցութեան համեմատութիւնը, ներառեալ տնտեսական միջոցները եւ պարտաւորութիւնները, պէտք է բարձրանան՝ համապատասխան Ռուսիայէն եկող սպառնալիքին: Ուքրանիոյ ստեղծուած փակուղին կրնայ Քրեմլինը դրդել այլ տեղ պատեհապաշտ շահեր փնտռելու։ Ռուսիան քիչ բան ունի առաջարկելու մոլտովացիներուն, եւ Արեւմուտքը պէտք է կեդրոնանայ լրացման եւ գործընկերութեան նիւթական երեւոյթներու արագացման եւ խորացման վրայ՝ ալ աւելի մեծցնելով անոր յարաբերական գրաւչութիւնը։
«Վրաստանի ժողովրդավարական ետդարձը կանխելու համար կարելի է կիրարկել աւելի խիստ լծակներ, որոնց մէջ՝ պատժամիջոցներ, իսկ երկրին թեկնածուի կարգավիճակը կարելի է պաշտօնապէս կասեցնել, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ երկիրը տանիլ դէպի ռուսական բնորդ։ Քանի որ Հունգարիոյ եւ Սլովաքիոյ փաստացի վեթոյին պատճառով ԵՄ-ի ամբողջ տարածքին կիրարկուող պատժամիջոցները բարդացած են, փտածութեան եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար պատասխանատուները պատիժի ենթարկելու ջանքերը պէտք է իյնան առանձին պետութիւններու վրայ։ Անգլիոյ նման երկիրներ կրնան էական դեր խաղալ այստեղ. Վրաստանը ունի կարեւորագոյն գործարար կապեր՝ դրամատնային, ածխաջրածնային եւ լրատուամիջոցներու մէջ, եւ պատժամիջոցներու վերաբերեալ աւելի խիստ դիրքորոշում մը կրնայ զգալիօրէն մեծցնել Վրաստանին արեւմտեան ուղիէն շեղելու ձգտողներուն ծախսերը։
«Պատմութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ Վլատիմիր Փութինի (Ռուսիոյ նախագահ*) ցամաքամասին ռազմավարական նկրտումներուն ի պատասխան որեւէ փոխզիջում, հաշտեցում կամ անտարբերութիւն մի՛այն կը խրախուսէ հետագայ ճակատում։ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի իր նախագահութիւնը օգտագործելով՝ Լեհաստանը, որոշած է համոզել անդամներուն, որ «Եւրոպան կրնայ շարունակել մնալ Երկրի վրայ ամենէն ապահով եւ ամենակայուն վայրը»։ Հետեւաբար, դաշինքը եւ անոր գործընկերները կրկին կարելիութիւնը ունին բաւարարելու նախկին խորհրդային երկիրներու փափաքը, որոնք նոյնպէս կը ձգտին այդ ապագային»։ Վերջ:
Բոլորովին մերժելի են այսպիսի ուսումնասիրութիւններուն միտք բանին, որ ազգեր ու պետութիւններ ռուսամէտ պէտք չէ ըլլան, այլ՝ Արեւմտամէտ: Կայ երկու այլ ընտրութիւն եւս, որոնց մասին չխօսուիր՝ ունենալ լաւ յարաբերութիւններ բոլորին հետ, կամ՝ մնալ անկախ, ապահով հեռաւորութիւն պահելով բոլորէն: Հայաստանը պէտք է որդեգրէ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ բոլորին հետ: