Յօդուածներ

ԱԿՆԱՐԿ.- ՆԱՀԱՆՋԻ ՆՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆ ՄԸ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

10 Յուլիս 2025

Լիզպոնի սխրալի գործողութեան տարեդարձէն աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, 10 Յուլիսը Հայաստանին ու հայութեան բերաւ սխրալի… նահանջի նոր ազդանշան մը, երբ Հայաստանի «ծանր հրետանին» Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի ծանր հրետանիին հետ: Քանի մը շաբաթ առաջ, Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի հիւրընկալութիւնը վայելած եւ անոր նորագոյն յանձնարարականները գրպանելով Հայաստան վերադարձած ուսապարկապետը, Ապու Տապի գացեր էր, յստակ ցուցակ մը ունենալով գրպանը. Էրտողան ըսած էր, որ Հայաստանի հետ որեւէ համաձայնութեան հասնելու համար, Երեւան պէտք է ընթացք տայ Ատրպէյճանի ԲՈԼՈՐ պահանջներուն, իսկ Պաքու վերջին օրերուն քանիցս յիշեցուցած էր իր պահանջներու ցանկը (պէտք չենք զգար այստեղ կրկնելու զայն): Միացեալ Նահանգներէն ալ հրահանգ-ազդանշան մը եկած էր, թէ՝ Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնութւինը մօտալուտ է:

Չենք ուզեր կանգ առնել «մանրուքներու» վրայ, ինչպէս՝ այս հանդիպումին մասին պաշտօնական Երեւանի սկզբնական լռութիւնը, յետոյ այն շշուկները՝ թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիսի վերջերուն, բայց ահա՛ փութկոտութեան տենդ մը: Սակայն, կրկնենք, կանգ չառնենք նման մանրուքներու վրայ, որովհետեւ բուն եւ ցաւցնող հարցերը շատ աւելի մեծ են ու կարեւոր:

ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ԱՆՓՈՓՈԽ

Էրտողան-Փաշինեան հանդիպումին մանրամասնութիւնները շուտով ի յայտ եկան ծալք առ ծալք , նոյնը՝ Ապու Տապիի հանդիպումօրերուն ու վաղը՝ միուս օր: 5 ժամ տեւած եւ քանի մը նիստերով բեմադրուած  հանդիպումէն ետք, միայն ընդհանրական տեղեկութիւններ հրապարակուեցան, ուրեմն, անգամ մը եւս կ’արդարանայ օտարներու այն խօսքը, թէ «սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է»:

Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, այլ կը բաւէ վերաքաղը ընել ազերիական նախապայմաններուն, որպէսզի գիտնանք, թէ Երեւանի իշխանաւորները, այդ ալ պատկառելի՜ պատուիրակութեամբ մը, ինչե՜ր խոստացած կրնան ըլլալ, իսկ աղաղակող նախանշանները կը խճողեն լրատուական աշխարհը:

Ոչ ամբողջական ցանկը կ’ընդգրկէ հետեւեալ կէտերը.

  • Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն,
  • Անցքերու բացում (ուշադի՜ր, հիմա արդէն ԱՆՑՔԵՐու հարց է)
  • «Ազերիապատկան» հողամասերու յանձնում,
  • Ազրպէյճանի (իմանալ նաեւ՝ Թուրքիոյ) դէմ միջազգային ատեաններու ներկայացուած բողոքներու յետս կոչում,
  • Եւրոպացի դէտերու հեռացում (կը նշանակէ՝ խումբ մը… զբօսաշրջիկներու կորուստ),
  • Հարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան «վերադարձ» եւ այլն:

 

ԱՂԱՂԱԿՈՂ ՆԱԽԱՆՇԱՆՆԵՐ

Որո՞նք են այն փաստերը, նախանշանները, թէ Երեւանի իշխանականները համաձայն գտնուած են նոր զիջումներու եւ ազերիական ԲՈԼՈՐ պայմանները ընդունելու: Եւ ասոնք չեն տեսներ միայն բթացեալ կոյրերը: Ցանկագրենք մէկ քանին.

  • Փոխ արտաքին գործոց նախարար Մ. Սաֆարեան, յայտնեց, որ Հայաստան սկզբունքով տրամադիր է օտար ընկերութեան մը վստահելու Հայաստանի հարաւէն բացուելիք «անցքին» հսկողութիւնը: Քանի մը օր առաջ, ամերիկեան աղբիւրներ հրապարակած էին այս «աւետիսը»: Հիմա, ՔՊ-ականներ նման քայլի մէջ ո՛չ գերիշխանութեան խախտում, ոչ ալ արտաքին միջամտութիւն կը տեսնեն: Իսկ եթէ յիշենք որ Պոլիս այցելութեան օրը, Փաշինեան յայտարարեց, որ վնաս չի տեսեր, եթէ թուրքերն ու ազերիները ազատօրէն երթան-գան, արդէն հորիզոնին վրայ կը փայլին «անցքերու հսկողութեան ծրագիր»ին Թուրքիոյ (կը նշանակէ նաեւ Ազրպէյճանի) մասնակցութեան, ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱ՛Ն աստղերը (հետեւանքներուն մասին խօսիլը կրկնութիւն պիտի ըլլայ): Չէ՞ որ Էրտողան՝ ի՛նք, յայտարարեց, որ անցքերու հարցին մէջ հայկական կողմը «աւելի ճկուն դարձած է…»: Ոեւէ մէկը Փաշինեանի հարց տուա՞ծ է, թէ «թող երթան-գան»ին դիմաց, Հայաստան ու ընդհանրապէս հայերը երթեւեկի ի՞նչ հեռանկար կրնան տեսնել, եւ խօսքը չի վերաբերիր ափ մը փերեզակ-չէրչիներու, որոնք կրնան սահմանին վրայ կրպակներ սարքել եւ երթեւեկողներէն փշրանքներ «շահիլ», ի գին մեր մատնանշած ու բազում այլ կորուստներու: Արցախէն կամ Պաքուէն ու ազերիական այլ քաղաքներէ բռնի հեռացուած քանի՞ հայու սրտին կը խօսի «ազատօրէն երթալ-գալու» պատրանքը:
  • Ազերիներու կողմէ իբրեւ «ռեւանշիստ» հռչակուած թիրախներու դէմ արշաւները (աւելի կը մանրամասնենք քիչ անդին),
  • 300 հազար ազերիներու Հայաստան բնակեցումը (մեր ի՜նչ հոգը, թէ Իսրայէլ կ’աշխատի Կազայի բնիկ պաղեստինցիները հեռացնել իրենց հողերէն, Նեթանիահուն ալ Ուշինկթընի մէջ հրապարակ նետեր է Կազայի մէկ փոքր տարածքին մէջ վրանաբնակ դարձնել, պաղեստինցիները, այսինք՝ իրենց հողին վրայ գաղթականի վիճակ «նուիրել» անոնց):
  • Հայերու կողմէ Արցախի «բռնագրաւման» հետեւանքով վնասներու դիմաց, 100-150 միլիառ տոլարի հատուցում,
  • Հայաստանի ինքնապաշտպանական կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ մշակութային ու պատմական անցեալի փոշիացման ամբողջականացում (ազերիները այդ «առաքելութիւնը» պետական յստակ ծրագիրներով կ’իրականացնեն),
  • Սահմանազատման քայլերու շարունակում, իսկ մենք գիտե՛նք, որ առաջին քայլերը եղան ի շահ ազերիական կողմին, ու ՔՊ-ականները քարոզեցին. «Տեսէ՛ք, ի՜նչ լաւ է որ ազերիները հիմա մեր պատին ետին են», ու աւելցուցին, որ Տիգրանաշէնն ու «ազերիապատկան այլ կղզեակներ տալու ենք», առանց բան մը ստանալու, իրաւունք վերականգնելու եւ այլն:

«ՌԵՒԱՆՇԻՍՏՆԵՐ»ՈՒՆ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒԻ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՄ

Եկեղեցւոյ ու բարերարի մը դէմ ծանօթ արշաւները ծալք-ծալք հրապարակ եկան իբրեւ «արդիւնք»՝ Փաշինեան-Էրտողան յիշեալ հանդիպումին (նախընթացները չենք անտեսեր): Ալիեւենց հետ ՔՊ-ապետին եւ «հրացանակիրներուն» հանդիպումէն առաջ իսկ, նոր «պտուղներ» հրապարակ եկան (ամառ է, պտուղները արագ կը հասուննան…):

Նախօրեակին, հալածանքի ու զրպարտութիւններու արշաւը նոր թափ ստացաւ նախ՝ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներու դէմ (անձեռնխելութեան ջնջում եւ անհիմն մեղադրանքներ), իբրեւ յաւելում՝ Ս. Կարապետեանի եւ երկու եպիսկոպոսներու ձերբակալման, Էջմիածինի դարպասներէն ներս թափանցումի ձախողած փորձին: Ապա, նոյնինքն հանդիպումին օրը, արշաւը սաստկացաւ եւ թիրախ ընտրեց դաշնակցականներ ու համակիրներ: Բնակարաններ խուզարկուեցան եւ (իբրեւ թէ) գրաւուեցան զէնք-զինամթերք ու «պետական հարուածի պատրաստութեան փաստ» ցուցահանող… շապիկներ, որոնց վրայ արձանագրուած են դարաւոր խօսք մը՝ «մահ կամ ազատութիւն»: Գրաւուած զէնքերը նկարուեցան եւ հասան մինչեւ իսկ Սփիւռք, եւ ծանծաղամիտ, բթացեալ հաւատացողներ գտնուեցան քիչ մը ամէն տեղ: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ գրաւուած զէնքերն ու ռումբերը… խաղալիք են: Յիշեցում կատարուեցաւ, որ անցեալ շաբաթ ալ, նոյն մեղադրանքներով գրաւուած զէնքերը մեծ մասամբ որսի հրացաններ էին, կամ ալ պաշտօնական արտօնագիրով զէնքեր: Վաղը, դատարանի մէջ այս մեղադրանքներն ու վերագրումները կրնան սխալ փաստուիլ, սակայն տեսէ՛ք, թէ քարոզչութիւնը ինչպէ՜ս կը բանի, սուտը ինչպէ՛ս վար կը հրուի ժողովուրդին կոկորդէն, ու «ազգընտիրին մազին մի հպիք»ը համազօր կը դառնայ ազգուրացութեան: Կը ստեղծուի վիճակ, ուր կարելի չէ չյիշել ժողովրդային առածը. «Խենթը քար մը գլորեց…», կամ օտարներու մէկ խօսքը. «Սուտ մը նետէ եւ կառչած մնայ անոր, հաւատացողներ կը գտնես»:

Մինչեւ իսկ ՔՊ-ական ուսապարկ մը՝ Մարդու իրաւունքներու պատասխանատուն՝ Ա. Մանասեան յայտարարութիւն տարածեց, որ տարրական սկզբունքներ կը խախտին, անմեղութեան կանխավարկածը կ’անտեսուի (իսկ եղածներուն մէջ մեղքի նշոյլ մը տեսնող կա՞յ: Եթէ կայ, հրաշքի համազօր է, որովհետեւ… կոյրերը կը սկսին տեսնել): Փաշինեան կրնայ շուտով հեռաձայնին պատգամ մը յղել Մանասեանի, թէ պաշտօնազրկած է:

Բանիմաց ու բանականութեան տէր մարդիկ, եւ ո՛չ միայն դաշնակցականներ միաձայնութեամբ նշեցին, որ այս «տեսարանները» կը սարքուին, որպէսզի Փաշինեան յոյս ունենայ, որ «Ալիեւի աչքը (…) պիտի մտնէ»:

 

ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այս ու նման իրադարձութիւններուն դիմաց, մեկնաբանութիւններու սակարանը դարձեալ աշխուժացած է, իսկ մտավախութիւնները նոր գագաթներ կը նուաճեն:

Ճի՛շդ է, որ հալածանքի եւ զրպարտութիւններու նորագոյն թիրախը Դաշնակցութիւնն է, սակայն մանուկ պէտք է ըլլալ, չտեսնելու՝ որ Դաշնակցութիւնը միայն մէկն է ՔՊ-ականներու եւ անոնց ետին կանգնողներու թիրախներէն: Թիրախ են բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի ու հայութեան, ներառեալ Արցախի իրաւունքներն ու պահանջները կը պաշտպանեն, կը յիշեցնեն: Եթէ մարդուկին ձեռքը հասնի, հաւանաբար հալածանքի կ’ենթարկէ այն զուիցերիացիներն ու ամերիկացիները, ֆրանսացիներն ու բոլոր-բոլոր անոնք, որոնք կը խօսին Արցախի իրաւունքներուն, Պաքուի մէջ կեղծ դատավարութեան ենթարկուողներուն մասին: Կաթողիկոսին, ու անոր ճամբով՝ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը չսկսա՞ւ այն պատճառով, որ Կաթողիկոսը Արցախի հարցերը բարձրաձայնեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բեմէն: Եթէ անոր ուխտադրուժ ըլլալ-չըլլալուն «հինցած դրամագլուխը» չըլլար, այլ մեղադրանք մը պիտի փակցնէին, մի՛շտ «սուտ մը գլորէ…»ի տրամաբանութեամբ: Կաթողիկոսին այդ քայլը զայրացուց Էրտողանն ու Ալիեւը, որոնց չյայտարարուած հրահանգը գործնական քայլերով թարգմանուեցաւ ՔՊ-ականներուն կողմէ…

Եւ հիմա, մտավախութիւնները կը խորանան: Հաւանական կը նկատուի, որ ՔՊ-ականները ժպրհին Էջմիածինի վրայ ուղղակի յարձակման անցնիլ՝ Կաթողիկոսն ալ ձերբակալելու նպատակով: Փաշինեան առանց բառերը ծամծմելու յայտարարած է, որ անձամբ պիտի ղեկավարէ Էջմիածինի «ազատագրման» շարժումը: Հոս արդէն կը տեսնուի ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄի նախանշան մը, որովհետեւ, ինչպէս տեսանք, ժողովուրդը, հակառակ իշխանաւորներու արգելակումներուն, կարճ ժամանակի մէջ հաւաքուեցաւ՝ ԵԿԵՂԵՑԻն պաշտպանելու համար. ժողովուրդն ալ կը տեսնէ, որ տագնապը կաթողիկոսին կամ քանի մը կրօնական առաջնորդի ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ հարցերը չեն, այլ մեր էութիւնը մարմնաւորող հաստատութիւն մը՝ Եկեղեցին է թիրախը, քանզի… համարձակեր է ազգային շահեր եւ իրաւունքներ պաշտպանելու: Իսկ Փաշինեանի ու «հրացանակիրներուն» կողքին, ո՞վ է Եկեղեցւոյ հակառակորդը, եթէ ոչ՝ Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու անոր կրօնական առաջնորդը:

Մտավախութիւնները կը խորանան նաեւ այն իմաստով, որ ՔՊ-ականները կրնան, բացայայտ սուտերու եւ զրպարտութիւններու մեկնակէտով (սուտերուն առաջին հաւատացողը… իրենք են), շուտով Դաշնակցութիւնը յայտարարել արգիլեալ կուսակցութիւն (ասոր ալ նախընթացը տեսած ենք վերանկախացած Հայաստանի մէջ): Ինչո՞ւ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնն ալ մէկն է անոնցմէ – Ո՛Չ ՄԻԱԿԸ -, որոնք հարենիք ու ազգ կը պաշտպանեն, կը բարձրաձայնեն այս իշխանաւորներուն՝ թշնամիին դրածոյի հանգամանքը, թշնամիին կամակատարը ըլլալը: Դաշնակցութեան եւ նմաններու դէմ հալածանքները ունին նաեւ ընտրական մտասեւեռումներ, սակայն բացայայտ է, որ այս բոլորը մեր հայրենիքին մէջ կ’արթնցնեն դառն յիշատակներ. Ստալինն ու անոր կամակատարներուն հալածանքները, անցեալ դարու 30-ականներուն, իսկ անկէ առաջ, նոր խորհրդայնացած Հայաստանին մէջ, նմանապէս Դաշնակցութեան դէմ ուղղակի հալածանքները, որոնք երկիրը հասցուցին 18 Փետրուար 1921-ի արդար ընդվզումին ու հետեւած՝ քաղաքացիական «մանր պատերազմ»ին: Դէպքերու յաջորդականութեան հետեւողներ հիմա, ձեռքերը սրտին դրած, կը յիշեցնեն, որ Փաշինեան ու նմաններ ո՛չ միայն 2008-ին համարձակած են ներքին բախումներ հրահրել, իսկ հիմա, երբ «կանաչ լոյս» ստացած են Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն…:

Որքա՛ն ալ բիրտ ըլլան իշխանաւորներու մենատիրական եւ բռնատիրական քայլերը, որքա՛ն ալ որ անոնք յառաջ վազեն թշնամիին ու անոր շահակիցներուն հաշիւներուն ճամբուն վրայ, մեր ժողովուրդը ինքն իրեն իրաւունք չէ տուած ստրկութեան լուծը ընդմիշտ կրելու, ստրկութիւն՝ այսպէս կոչուած՝ սեփական իշխանութեան լուծին: «Խենթերն են գտնում հնար»ը մեզի համար բանաձեւուած ու փաստուած իրականութիւն է, ու պէտք է շուտով պոչատ դարձնել սուտն ու ստախօսը, իսկ ամէն բանէ աւելի՝ թոյլ չտալ, որ երկիրը իյնայ թշնամիին ու գործակատարներուն ցանկացած՝ քաղաքացիական բախումներուն մէջ:

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button