Գլխաւոր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

 

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի մէջ իրանցի իր պաշտօնակիցին փոխանցած է ամերիկեան պաշտօնական դիրքորոշումը՝ Իրանի հետ կորիզային թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ։

Հաքան Ֆիտան նախապէս տեսակցութիւն մը ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆի հետ։

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ հակառակ անոր որ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին, տակաւին յստակ չէ Միացեալ Նահանգներու եւ  Իրանի միջեւ բանակցութիւններու թուականը։ Ան նաեւ ըսաւ, որ լարուածութիւնը կը շարունակէ ազդել շրջանին մէջ բազմակողմ յարաբերութիւններուն վրայ։

*

    Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Հաքան Ֆիտան հանդիպման մը ընթացքին քննարկեցին ռուսեւթրքական յարաբերութիւնները եւ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու համագործակցութիւնը՝ տագնապներու քաղաքական լուծումներ գտնելու եւ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով։

Լաւրով եւ Ֆիտան նաեւ քննարկեցին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութեան մէջ առաջնահերթ համարուող մարզերը, որոնց շարքին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ուժանիւթային նախագիծերու գործադրութեան ծրագրերը։ Յատուկ կարեւորութեամբ քննարկուեցան առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան ռուսեւթրքական միջկառավարական յանձնախումբի տասնիններորդ նիստին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային գետնի վրայ համագործակցութեան թափ տալու հեռանկարները։

*

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ժողովուրդին Հաւասարութեան եւ Ժողովրդավարութեան կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ, մինչ կը սպասուի, որ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը սկսի զէնքերը վար դնելու հոլովոյթին։

ԺՀԺԿ-ի պատուիրակութեան հետ իր տեսակցութենէն երկու օր առաջ, Ատրպէյճանէն վերադարձին ճամբուն վրայ, օդանաւուն մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով, Էրտողան յայտարարած էր, որ Անգարայի իշխանութիւնները պիտի գնահատեն ընդհանուր կացութիւնը՝ ԺՀԺԿ-ի ղեկավարութեան հետ՝ նաեւ քննարկելով ապագայ քայլերը։

Տեղին է նշել, որ Էրտողանի հետ տեսակցութենէն մէկ օր առաջ, ԺՀԺԿ-ի պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար քիւրտ երեսփոխաններ՝ Փերվին Պուլտանէն եւ Միտհատ Սանճարէն, այցելեց Իմրալի բանտ- կղզին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Ճասթին Ֆրիտման յայտնեց, որ ամերիկեան ելեւմտական գործակալութիւնները պատրաստ են ֆինանսաւորելու Թուրքիոյ կորիզային ուժանիւթի զարգացման նախագիծերը, յատկապէս փոքր հատուածային հնոցներու մարզին մէջ։ Անոնք սակայն կը սպասեն յստակ առաջարկներ՝ գործնական քայլերու դիմելու համար։ Ֆրիտման այս յայտարարութիւնը կատարեց Պոլսոյ մէջ կայացած կորիզային կայաններու տասնմէկերորդ համաժողովին ընթացքին Անատոլու լրատու գործակալութեան թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով։

Թուրքիա ներկայիս կը կառուցէ իր առաջին կորիզային կայանը՝ ռուսական պետական Ռոսաթոմին հետ համագործակցաբար։ Ամերիկացիք եւ եւրոպացիք կը ջանան մուտք գործել Թուրքիոյ մէջ կառուցուելիք կորիզային կայաններու շուկայ, որպէսզի դուրս մղեն ռուսական պետական ընկերութիւնը։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button