Ըմբշամարտի փոխարէն Հերոսամարտ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Նախանձը վիրաւորանք կը պատճառէ կեղծ ու շեղող մեղադրանքներու ճամբով, այսինքն զրպարտութեամբ, եւ սա կը սարսափեցնէ առաքինին»։
Լէոնարտօ Տա Վինչի (1452-1519, իտալացի հանճարեղ գիւտարար եւ արուեստագէտ)
Իսկապէս որ մարդս պէտք է լա՜յն սիրտ ու մեծ ախորժակ ունենայ՝ հետեւելու Հայաստանի քաղաքական այժմու իրադարձութիւններուն: Աշխարհն ալ նուազ ախորժագրգիռ չէ։
Ինչպէ՞ս չզայրանալ, չընդվզիլ ու լուռ մնալ, երբ ականատես կ’ըլլանք ժողովուրդի ներկայացուցիչները համախմբող ու ղեկը նկատուող՝ 19 Բաղրամեան պողոտայի Ազգային Ժողովի երդիքին տակ պատահած արտառոց, սարսափազդու եւ սահմռկեցուցիչ դէպքերուն։
Ազգի մը ապագան որոշող այդ կառոյցը, մասնաւորաբար ՔՊ-ականներու օրով, շատո՜նց մոռցած է իր պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը, կը հալածէ յիշեցնողները։ Չէ պահած առողջ քննադատութեան հարթակը։ Չկան խորաթափանց եւ մանրամասն քննարկումները, իմաստալից հակաճառութիւններ՝ գաղափարներու փոխանակում, առողջ եւ ողջմիտ քննադատութիւններ։ Ընդհակառակը, տիրապետող դարձած է իշխանականներուն սարքած… անիշխանական մթնոլորտը։ Սեւի եւ ճերմակի մտայնութիւնն է, որ կը շեշտէ ու կը նուիրականացնէ բռնատիրական վիճակը։
Տեղին է շեշտել, թէ մեծամասնութիւն վայելող խմբակը, այս պարագային՝ իրողական միակուսակցականութեան հասցնող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը շա՜տ աւելի ծանր պարտականութիւն ունի կատարելիք, քան ընդդիմութիւնը։ Ի վերջոյ, իր ձեռքն է ղեկը. ժողովրդավարութիւն քարոզելով եւ բաց քաղաքականութիւն կիրարկելով՝ շատ աւելի ճկուն քաղաքականութիւն պէտք է կիրարկէ եւ լսէ՛, թէ դիմացինը ի՞նչ կ՛առաջադրէ։
Դժբախտաբար, այդպէս չէ իրավիճակը 19 Բաղրամեան պողոտայի կառոյցէն ներս։ Երբ խօսք առնողը կը պատկանի ընդդիմութեան, բնական դարձած է որ ի՛նչ ալ խօսի, յայտնէ եւ առաջադրէ, դատապարտուած է չմտածուած «ո՛չ»-ով մը մերժուելու։ Որովհետեւ «ի վերուստ» եւ ի սկզբանէ՝ այդպիսի հրահանգ իջած է ՔՊ-ականներու ուղեղներուն (պահ մը ենթադրենք, որ ուղեղ կայ տեղ մը):
Հակառակն ալ կրնայ ճիշդ ըլլալ, այսինքն՝ որեւէ առաջարկ ՔՊ-ականի մը կողմէ, պիտի մերժուի ընդդիմութեան կողմէ: Արդար ըլլալու համար՝ կը մերժուի, որովհետեւ ցոյց կը տրուի անոր վնասակար ըլլալը, սակայն երբ ընդդիմադիրները չունին բաւարար քուէ, բնականաբար ծանր պարտականութիւնը՝ համերաշխութիւն, անդորրութիւն եւ դեռ աւելին՝ տրամաբանութիւն գոյացնելու գործը կ՛իյնայ մեծամասնութիւն վայելող խումբին վրայ։
Հիմա, արդէն շատ աւելի բարդ կացութիւն մը կը ստեղծուի, երբ ամէն գնով, եւ յառաջիկայ Յունիս 2026-ի խորհրդարանի ընտրութիւնները ի մտի ունենալով, մեծամասնութիւն վայելող խումբը գործի լծուած է ամէն գնով տկարացնելու, մեկուսացնելու եւ ոտնակոխ ընելու ընդդիմութեան ներկայացուցիչները։ Ամէնէն աղաղակող նորութիւնը (առանց մոռնալու նախընթացները) ընդդիմադիրներու դատական հետապնդումներն են: Եւ սա չէ սահմանափակուած միայն խորհրդարանի անդամներով…
Այս «հնարքով» է որ ՔՊ-ական իշխանաւորները, Էջմիածնի ու հոգեւորականներու դէմ հալածանքին կողքին՝ ստապատիր սադրանքներով եւ կեղծ մեղադրանքներով անձեռնմխելիութենէ զրկեցին ընդդիմադիրներ՝ Սէյրան Օհանեանը, Արծուիկ Մինասեանն ու Արթուր Սարգսեանը։ Այս ընթացքով շարքը կրնայ երկարիլ։
Անընդունելի է տեսնել անիշխանական վիճակը Ազգային ժողովէն ներս, երբ սրահը կը վերածուի ֆիզիքական յարձակումներու կրկէսի, յիշեցնելով հին Հռոմի կլատիաթորները: Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ բաղդատելը Նիւ Եորքի ըմբշամարտի «Մէտիսըն Սքուէր Կարտըն»-ին կամ Լաս Վեկասի կռփամարտի հռչակաւոր մրցարաններուն («ռինկ»): Այս վայրերուն մէջ, երբ մրցումներ կը կատարուին, իրաւարարներ իրենց անկողմնակալ եւ ուղղամիտ որոշումներով տէր կ՛ըլլան կացութեան, չեն թոյլատրեր վտանգաւոր հարուածներ, մինչդեռ 16 Բաղրամեանի «ռինկ»-ին վրայ, իրաւարար չկայ, այլ արդէն իսկ սկիզբէն որոշուած է յաղթականն ու պարտեալը: Իսկ ի պաշտօնէ իրաւարար եղողը՝ ժողովի նախագահութեան անդամները, ո՛չ միայն կը հրահրեն բախումները, այլ նաեւ ձեռքով-ոտքով, խժդուժօրէն մասնակից կ’ըլլան խոշտանգումներուն…
Ըստ երեւոյթին, «Կրթուելը նորաձեւ է»-ի մէկ փառաւո՜ր արտայայտութիւնն է այս նորաձեւ կռիւը․․․
Մինչ այդ, ժողովրդավար եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպա՜ն Արեւմուտքը, իր մութ հաշիւները հետապնդելու համար, օրինակ՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի բերնով ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ «ժողովրդավարութեան ջահակիր» ՔՊ-ական Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան, որուն բանտերու բնակչութեան թիւը զգալի յաւելում արձանագրած է, սկսելով պարզ քաղաքացիէն, ընդդիմադիրէն մինչեւ այլախոհ մեծահարուստներ եւ արքեպիսկոպոսներ։ Անդին, վկայեալ ոճրագործներ ու աւազակներ կը մնան ազատութեան մէջ, քաղաքական մրցակիցներ ծեծողներ պաշտօնի բարձրացում կը վայելեն…
Նման խայտառակ ըմբշամարտեր պէտք չեն հայորդիին, ո՛չ ալ կռփամարտ, այլ ազգ ու հայրենիք աստիճանական կորուստէ փրկող ՀԵՐՈՍԱՄԱ՛ՐՏ։