ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռեճէփ Էրտողան Լա Հէյի մէջ ունեցան հանդիպում մը, ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին ընթացքին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան պաշտպանական մարզին մէջ թուրքեւամերիկեան գործակցութեան, արեւմտեան զինակցութեան առաջնահերթութիւններուն եւ շրջանային տագնապներու շուրջ։ Ըստ Թուրքիոյ նախագահութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, Էրտողան նշած է, որ պաշտպանական մարզին մէջ թուրքեւամերիկեան գործակցութիւնը դրական քայլ մըն է, առաջարկելով, որ կատարուին միացեալ ներդրումներ՝ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ։
*
Ֆրանսա- Թուրքիա յարաբերութիւնները ըստ երեւոյթին մտած են բարելաւման ուղին։ Նախագահներ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռեճէփ Էրտողանի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ թուրքեւֆրանսական յարաբերութիւնները, շրջանային խնդիրները եւ համաշխարհային հարցերը։
Էրտողան վստահութիւն յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Ֆրանսա պիտի շարունակեն գործել՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւման համար։Ան նաեւ խօսեցաւ Թուրքիա- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մասին եւ նշեց, որ անոնք օգտակար են՝ երկարաժամկէտ եւ ռազմավարական դիտանկիւնէն։
*
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութ գովասանքով խօսեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանական ճարտարուեստին մասին եւ կենսական համարեց, ,որ անիկա աւելի սերտ կապեր հաստատէ Անգլիոյ, Նորվեկիոյ եւ Եւրոպական Միութեան հետ։
Ռութ զգուշացուց Զինակցութեան մէջ ներքին բաժանումներ ստեղծելու հետեւանքներէն՝ ապահովական մարզի գործակցութեան պատկերացումներուն եւ համակարգերուն վերաբերեալ, կոչ ուղղելով՝ պահպանելու մէկ ու միասնական մօտեցումը։«Յաճախ կ՛անգիտանանք Թուրքիոյ ապահովական ճարտարարուեստի կարողականութիւնները», ըսաւ ան։
*
Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Թոմաս Օսոըսքի շեշտեց, որ Պրիւքսէլ առաջարկած է վերսկսիլ բանակցութիւններուն՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան կապուած առկախ մնացած վեց թղթածրարներուն շուրջ։
Պրիւքսէլ եւ Անգարա 2016ին բանակցութիւններու ընթացք տուին՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար դէպի եւրոպական երկիրներ առանց վիզայի ճամբորդութեան ծրագրին շուրջ։Սակայն բանակցութիւնները կանգ առին, որովհետեւ Թուրքիա յաջողեցաւ 72 կէտերէ բաղկացած պայմաններուն 66ին ընդառաջել եւ իրականացնել։ Տեղին է նշել, որ Թուրքիա միակ պետութիւնն է, որ Եւրոպական Միութեան անդակցութեան թեկնածու ըլլալով հանդերձ, վիզայի ազատականացման ծրագրին մաս չի կազմեր։ Նոյնիսկ Քոսովոն, որ տկար եւ փոքր պետութիւն մըն է, վիզայի ազատականացման ծրագրով՝ զերծ է վիզա ստանալու պարտադրանքէն եւ քոսովոցիները կրնան առանց վիզայի եւրոպական երկիրներ ճամբորդել։