ԳլխաւորՅօդուածներ

Իրան-Իսրայէլ Հակամարտութեան Աշխարհաքաղաքական Հետեւանքները Հարաւային Կովկասի Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
25 Յունիս 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Սիլվիա Պոլթուք, Ըսփեշըլ Եուրէյժա SpecialEurasia կայքէջի համահիմնադիր, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտին, 16 յունիս 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, իմ կողմէս հարկ եղած ճշդումներով՝ *շեղագիր.
«Գործադիր ամփոփում:
«Այս տեղեկագիրը կը  վերլուծէ աշխարհաքաղաքական զարգացող ուժաբանութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ Հարաւային Կովկասը, յատկապէս Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ Իսրայէլ-Իրան շարունակուող հակամարտութեան խորապատկերին:
«Կ՚ուսումնասիրէ Պաքուի հետ Իսրայէլի ռազմական համագործակցութեան հետեւանքով թէ՛ Հայաստանին, եւ թէ՛ Իրանին սպառնացող վտանգները եւ կը քննէ տարածաշրջանային կայունութեան աւելի լայն հետեւանքները:
Յօդուածին նկարը
Իրանցի մասնագէտը Իսրայէլը կ՚ամբաստանէ Ատրպէյճանի հողերէն Իրանի վրայ յարձակելու մէջ, վկայելով անօդաչու սարքերու թռիչքը Ատրպէյճանէն եւ իսրայէլեան Էֆ 35-ի մնացորդներ
«Բացի այդ, զեկոյցը գնահատականը կը կատարէ, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպայի կողմէ ուժանիւթի զանազան աղբիւրներ ապահովելու ճիգերը, մասնաւորապէս՝ Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջանցքներով, կը փոխեն դաշինքները եւ Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան աճ կը հրահրեն:
«Հիմնական եզրակացութիւններ:
1  Իրանի դէմ Իսրայէլի վերջին հարուածներուն Ատրպէյճանի ենթադրեալ օժանդակութիւնը կրնայ պատճառել Թեհրանի անմիջական պատասխան գործողութիւններ՝ ականահարելով տարածաշրջանային կայունութիւնը:
2  Պաքուն այժմ կրնայ առիթը օգտագործել, Թեհրանի՝ Թել Աւիւի հետ հակամարտութեան մէջ զբաղած ըլլալուն պատճառով, ուժի միջոցով ապահովելու «Զանգեզուրի միջանցքը», փոխելով տարածաշրջանային տարանցիկ երթուղիները՝ ի նպաստ իրեն:
3  Եւրոպական պետութիւնները, խախտելով միջազգային օրէնքը, եւ առաջնահերթ նկատելով ուժանիւթի ապահովութիւնը, հիմնականին մէջ ձեռնպահ մնացին Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները դատապարտելէ, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ՝ անով իսկ նպաստելով ապակայունացման:
«Տեղեկութիւններուն խորապատկերը:
«13 յունիս 2025-ին, Իսրայէլ իրանեան 12 նահանգներու վրայ՝ համակարգուած  օդային* հարուածներ հասցուց, սպաննելով իրանցի քանի մը բարձրաստիճան ռազմական եւ գիտական գործիչներ, որոնց մէջ՝ միջուկային ժողովներուն մասնակից գլխաւոր բանակցողը: Հարուածները տեղի ունեցան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող միջուկային բանակցութիւններուն ընթացքին, յարաբերաբար խաղաղ ժամանակաշրջանին: Բանակցութիւններ, որոնք կրնային, թէեւ սահմանափակ, մեղմացնել Իսլամական Հանրապետութեան դէմ միջազգային պատժամիջոցները: *Առաջին օրուան յարձակումները ներսի գործակալներուն կողմէ խափանարարական գործողութիւններ էին եւ Ատրպէյճանէն անօդաչու սարքեր, ո՛չ թէ հալածիչ օդանաւեր (2):
«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հեռախօսով զրոյցին ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը ո՛չ մէկ պարագայի կ՚արտօնէ, որ իր օդային կամ հողային տարածքը օգտագործուի Իրանի կամ այլ երկիրներու դէմ յարձակումներու։
«Այս, տեղի կ՚ունենայ ա՛յն ենթադրութիւններուն* պատճառով, որ Ատրպէյճանը իր տարածքը տրամադրած է Իսրայէլին, Իրանի դէմ ռազմական յարձակումներուն համար: *Այժմ գրեթէ ստոյգ է:
«Հայաստանը դատապարտեց Իսրայէլի հարուածները դրացի Իրանի միջուկային եւ ռազմական դիրքերուն վրայ, եւ կոչ ըրաւ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։
«Աշխարհաքաղաքական դիպաշարը:
«Թեհրանը երկար ատենէ եղած է Երեւանի գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը, որ հետեւողական կերպով դիմադրած է Հայաստանի գերիշխան սահմաններու որեւէ փոփոխութեան, մասնաւորապէս՝ ի պատասխան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վերաբերեալ Ատրպէյճանի յաւակնութիւններուն։
«Իրանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդականը հաստատեց, որ Թեհրանը յաջողութեամբ արգելք եղած է Ատրպէյճանը Թուրքիոյ կապող ցամաքային միջանցքի առաջարկը, Հայաստանի Սիւնիք նահանգով՝ զգուշացնելով, որ այս ծրագիրը տարածաշրջանային զգալի ապահովական վտանգներ կը ներկայացնէ եւ կը սպառնայ մեկուսացնել Իրանը հիմնական տարանցիկ երթուղիներէն։ Իրանցի պաշտօնեաները շեշտեցին, որ միջանցքը պարզապէս փոխադրական ծրագիր չէ, այլ Իրանը մեկուսացնելու ռազմավարական աշխարհաքաղաքական միջոց։
«Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ վերջերս Իսրայէլի կողմէ օդային հարուածները ենթադրութիւններու առիթ ստեղծեցին, յարձակումին մէջ Ատրպէյճանի հաւանական մասնակցութեան մասին։ Աւելի՛ն, չհաստատուած աղբիւրներ յայտնած են, որ անօդաչու թռչող սարքեր մօտեցած են Կասպից ծովուն ափին գտնուող  Պանտար Անզալիին՝ Ատրպէյճանի ծովային սահմանէն 130 քմ հարաւ։
Էֆ 35 իսրայէլեան կործանիչ մը վառելանիւթի երկու պահեստի շտեմարաններով
Էֆ 35-ի պահեստի դատարկուած շտեմարանը Իրանի Կասպից ծովու ափին
«Հոկտեմբեր 2024-ին, Թիժարաթնիուզին տուած հարցազրոյցին, իրանցի դիւանագէտ Ամիր Մուսաուին շեշտած էր, որ Իրանի միջուկային դիրքերը հարուածելու համար, իսրայէլեան հրթիռները կա՛մ սուզանաւերէն պէտք է արձակուէին կա՛մ ալ Էֆ-35 հալածիչներէն՝ երկուքն ալ հարեւան երկրներու օդային տարածք մուտք կը պահանջեն։ Մուսաուին զգուշացուցած էր, որ որեւէ երկիր, որ կ՚արտօնէ նման թռիչքներ կամ կը պաշտպանէ Իսրայէլի յարձակումը, Իրանի կողմէ կը համարուի օրինական թիրախ, եւ Թեհրանը համապատասխան կերպով կ՚արձագանգէ։
«Վերջերս շրջանային ընկերային ցանցերուն մէջ հաղորդուած է, Իսրայէլի հարաւը գտնուող, Օվտա ռազմական օդակայանէն  դէպի Պաքու բեռնատար թռիչքներու զգալի աճին մասին, որ Թել Աւիւի միակ վայրն է, ուրկէ պայթուցիկ նիւթեր կարելի է փոխադրել։ Վերջին թռիչքները՝ «Իլիուշին Իլ-76»-ը (թիւ 4K-AZ102), տեղի ունեցած է յունիս 9-էն 10, 2025* Էյլաթի եւ Պաքուի միջազգային օդակայանի միջեւ: Նախորդող թռիչքները՝ մարտ 2025-ին էին, Թել Աւիւէն եւ Օվտայէն: *Այսինքն Իսրայէլի Իրանի վրայ յարձակումէն 3 եւ 4 օր առաջ, նախապատրաստելով Ատրպէյճանէն Իրան յարձակումը, ապա Սիւնիքի գրաւումը:
«Իսրայէլեան «Հաարէց» օրաթերթի հետաքննութիւնը մանրամասնօրէն բացայայտեց Իսրայէլի կարեւոր դերը Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի հայերուն ցեղային մաքրագործումը գործադրելուն մէջ, տես՝ «Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց Օրաթերթի Խմբագրականը» յօդուածս (3), (4): Թռիչքները հետեւելու տուեալներուն եւ Էսոշիէյթըտ Փրէսի Associated Press-ի լուրերու հաղորդումներու հիման վրայ՝ իսրայէլեան բեռնատար օդանաւերը զինամթերք փոխադրած են Ատրպէյճան 2023 սեպտեմբերի յարձակումէն անմիջապէս առաջ՝ ուղղակիօրէն ամրապնդելով Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները։
«2016-էն 2020 Իսրայէլ մատակարարեց Պաքուի հիմնական զէնքի ներածումին 69 տոկոսը, որոնց մէջ՝ IAI Harop անօդաչու պայթուցիկ սարքեր, տարանջատուող արգիլուած հրթիռներ եւ Պարաք 8 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Այս զէնքերը, մանաւանդ՝ անօդաչու թռչող սարքերը, հրթիռները եւ պաշտպանական համակարգերը, հիմք հանդիսացան արագընթաց ռազմական արշաւի, որ ստիպեց հայերուն լքել իրենց տուները (հազարամեակներու հայրենիքը*):
«Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախի իննամսեայ շրջափակումը ապա յարձակումը զուգադիպեցան, Ռուսիոյ՝ Ուքրայինայի մէջ խորացող ներգրաւումին հետ եւ (Իսրայէլն ու Ատրպէյճանը*) առիթը օգտագործեցին, իբրեւ փորձ՝ մարդկային իրաւունքի, պատերազմական ոճիրի լուրջ խախտումներու նկատմամբ միջազգային եւ Արեւմուտքին արձագանքը ստուգելու համար։ եւրոպական մեծ պետութիւններու կողմէ յատկանշական դատապարտումի բացակայութեան լոյսին տակ, Իտալիան եւ Գերմանիան ձեռնպահ մնացին, մինչ Գերմանիան նո՛յնիսկ ուժանիւթի նոր համաձայնագիր ստորագրեց Պաքուի հետ եւ Ատրպէյճանի ոճիրները ցարդ անպատժելի մնացին։
«Այս խորապատկերին, եւ այն պահուն, երբ Իրանը ներքաշուած է Իսրայէլի եւ անուղղակիօրէն անոր արեւմտեան դաշնակիցներուն հետ ռազմական գործողութիւններու մէջ, Անգարա-Պաքու* առանցքը կրնայ համարձակիլ ռազմական գործողութիւնով գրաւել Հայաստանի տարածքին մինչեւ 60 տոկոսը, զոր Ատրպէյճանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կ՚անուանէ։ *Կ՚արժէ նշել, որ ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին, հիմա ալ 10 յունիս 2025-էն սկսեալ Թուրքիա-Ատրպէյճան միացեալ ռազմափորձեր տեղի կ՚ունենար, հայկական Նախիջեւանի ինքնավար մարզին մէջ:
«Իրանի դէմ Իսրայէլի վերջին հարուածներուն Ատրպէյճանի հաւանական մասնակցութիւնը կրնայ լուրջ արձագանք ունենալ։ Նախ, զգալիօրէն կը խաթարէ Պաքուի ռազմավարական մեղմ ուժի ջանքերը՝ խրախուսելու Իրանի ատրպէյճանական բնակչութեան անջատողական շարժումը, մասնաւորապէս Թաւրիզի մէջ, որ վերջին հարուածներուն թիրախ քաղաքն էր։ Երկրորդ, կրնայ Իրանը մղել վերանայելու 19 մայիս 2024-ի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգի Ուզիի մօտ տեղի ունեցած ուղղաթիռի արկածին հետաքննութիւնը, որ խլեց նախագահ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կեանքը, Ատրպէյճան կատարած պաշտօնական այցէն ետք։
«Եւրոպայի առնչութիւնը թէ՛ Կազայի ճգնաժամին, թԷ՛ ալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան աւելի մեծ ուշադրութեան արժանացաւ, Վրաստանի հետ գործընկերութեան խզումէն ետք: Պրիւքսէլը կը փորձէ վերադասաւորել Հայաստանը իբրեւ Կովկասի մէջ ռազմավարական տարածաշրջանային դաշնակից։ Սակայն, Եւրոպայի՝ կողմէ Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու տրամադիր չըլլալը, Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի շրջափակումին եւ ցեղային զտումներուն համար, կ՚ընդգծէ, որ ուժանիւթի ապահովութիւնը կը շարունակէ գերակշռել մարդու իրաւունքները եւ միջազգային օրէնքը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
«Այս ուժանիւթային ռազմավարութիւնը կը ներառէ Կազայի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ գտնուող ծովային կազի հանքավայրերու իւրացումը (որ կը գնահատուի 1.1 թրիլիոն խորանարդ ոտք բնական կազ), որոնք, միջազգային օրէնքի համաձայն, կը պատկանին պաղեստինցի ժողովուրդին։ Այս պաշարները շահագործելու եւ անհրաժեշտ արտահանումի եւ արտածումի ենթակառոյցներ կառուցելու, որոնց մէջ՝ նաւահանգիստներ, Իսրայէլը կ՚ուզէ (ցեղասպանութեան միջոցով*) ֆիզիքական հսկողութիւն պարտադրել (իւրացնել*) Կազայի վրայ։ Այս բոլորը՝ Իսրայէլը դէպի Եւրոպա ուժանիւթ արտածելու համար իբրեւ տարածաշրջանային աղբիւր դիրքաւորուելու ջանքերուն մէկ մասն են։
«Նմանապէս, կը շարունակուին Կեդրոնական Ասիոյ ուժանիւթ արտադրողներուն եւրոպական շուկաներ հասնելու աշխատանքները՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջոցով։ Մինչ՝ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը կրնայ նման նպատակներու ծառայել, սակայն Անգարան եւ Պաքուն, կարծես, մտադիր են հետաձգել* անոր իրականացումը՝ տարածաշրջանին մէջ թրքական ազդեցութիւնը պահպանելու համար։ *Գրաւելով Սիւնիքը:
«Եզրակացութիւն:
«Ուժանիւթի շահերու բախումը, տարածաշրջանային մրցակցութիւնը եւ փոփոխուող դաշինքները, վտանգաւոր մագլցում կ՚առաջացնեն Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Իսրայէլի, Ատրպէյճանի եւ արեւմտեան հիմնական պետութիւններու համախմբումը, կը վտանգէ խաթարել միջազգային օրէնքը եւ աւելի մեկուսացնել Իրանի ու Հայաստանի նման դերակատարները:
«Քանի որ Թեհրանը խորապէս զբաղած է Թել Աւիւի հետ հակամարտութեան մեջ, իսկ Ուաշինկթընը* զբաղած տարածաշրջանային աւելի լայն լարուածութեան կառավարումով, Երեւանը կը բախի Պաքուի կողմէ ռազմական յարձակումի աճող վտանգին, որ կրնայ օգտագործել այս ռազմավարական առիթը՝ իր տարածքային (ապօրինի*) նպատակներուն հասնելու համար։ *Ուաշինկթըն 100 տոկոս Իսրայէլի կողքին է, բանիւ ու գործով:
«Թէեւ պաշտօնապէս չէ իրականացած պաղեստինցիներուն հեռացումը Կազայէն, եւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» ստեղծումը, որոնք ռազմավարական շահեր կրնան ներկայացնեն Եւրոպայի համար։ Այս զարգացումները կը նոյնանան Իսրայէլը իբրեւ ուժանիւթի բաշխումի հիմնական կեդրոն դիրքաւորելու անոր նպատակին եւ վերջապէս կարելիութիւն կու տայ ուղիղ կապ հաստատել ուժանիւթով հարուստ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններուն հետ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջոցով։
«Առանց ռազմավարական առաջնահերթութիւնները կարգաւորելու, այժմու ընթացքը կրնայ խորացնել հակամարտութիւնը եւ անկայուն դարձնել կարեւորագոյն տարանցիկ միջանցքները, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին համաշխարհային ուժանիւթի եւ ապահովութեան շրջանակներուն համար»։ Վերջ:
Այս յօդուածէն ետք, թէեւ զինադադար եղաւ, սակայն Իսրայէլը բնաւ չյարգեր որեւէ համաձայնութիւն, կամ օրէնք, ինչպէս Լիբանանի եւ Կազայի մէջ զինադուլները: Իսկ ՄՆ-ու նախագահը անվստահելի դերակատարութիւն ունեցաւ իր վերընտրուելէն ի վեր, բանակցութիւններու ընթացքին հարուածելով Ռուսիան, նմանապէս Իրանը՝ սպաննելով անոր բանակցութիւն վարողը: Բոլոր աշխարհին յստակ դարձաւ, որ Ամերիկան եւ Իսրայէլը մէկ են եւ հաւանաբար փոքրիկ Իսրայէլն է, որ կը կառավարէ հզօր Միացեալ Նահանգները:
Առ այժմ, Իրանի արագ պարտութեան եւ իշխանափոխութեան թուրք-ազերի հաշիւները սխալ դուրս եկան եւ Ատրպէյճանը կրնայ ամբաստանուիլ Նախագահ Ռէյիսիի սպաննութեամբ եւ այժմու պատերազմին Իսրայէլի կողմէ իր հողերէն յարձակումին: Իսրայէլեան օդանաւերը Կասպից ծով կրնան հասնին Մի՛այն Թուրքիոյ ապա վրաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայով: Այդպէս ըսաւ նաեւ, Ռուսահայ քաղաքագէտ Կարինէ Գէորգեանը 24 յունիս 2025-ի Հ1-ի լուրերէն:
Հայաստանը ո՞ւր է այս խճանկարին մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
25 յունիս 2025
haroutchekijian.wordpress.com
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ
1. https://www.specialeurasia.com/2025/06/16/souhtern-caucasus-israel-iran/
2. https://hairenikweekly.com/?p=64496
3. https://www.aztagdaily.com/archives/594474
4. https://archive.ph/86yNz#selection-759.0-763.19
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button