ԳլխաւորԼրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա թոյլ պիտի չտայ, որ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով յառաջացած շրջանային լարուածութիւնը ազդէ Թուրքիոյ վրայ։
Էրտողան նշեց, որ Անգարայի կառավարութիւնը հիմնաքարն է երկրին կայունութեան եւ ապագային երաշխաւորման՝ նման դժուար պայմաններու մէջ, աւելցնելով, որ երկրին բնակչութեան վստահութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ կը գտուի։
Ըստ Թուրքիոյ նախագահին, Անգարայի իշխանութիւնները Իրան – Իսրայէլ տագնապին կը մօտենան պետական խոհեմութեամբ եւ խոր փորձառութեամբ՝ շեշտելով, որ իշխանութիւնները անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն կը դիմեն քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։

*
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու կայա Քալաս յայտարարեց, որ Միութիւնը Թուրքիան կը համարէ ապահովական դերակատար մը, որուն հետ կրնայ միացեալ ծրագրեր իրականացնել՝ պաշտպանական մարզին մէջ։
Քալասի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահին վարած քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Եւրոպական ապահովական հարցերու մօտեցման վերջին փոփոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք, կարելի է առաւել թափ տալ Թուրքիոյ հետ գործակցութեան։
*
Թուրքիոյ անօդաչու սարքերու «Պայքար» ընկերութիւնը եւ իտալական «Լէոնարտօ» գործարանը միացեալ գործարքի պայմանագիր կնքեցին։ Պայքար ընկերութիւնը կը պատկանի նախագահ Էրտողանի փեսային, իսկ «Լէոնարտօ» Իսրայէլի զէնք ու զինամթերք հայթայթող գործարան մըն է։
Իտալական գործարանին ընդհանուր տնօրէն Ռոպերթօ Ճինկոլիանի յայտնեց, որ պայմանագրին հիմամբ, «Պայքար» եւ «Լէոնարտօ» պիտի արտադրեն անօդաչու սարքերու յաջորդ սերունդը։ Իտալացի գործարարը շեշտեց, որ միացեալ արտադրութիւնները պիտի վաճառուին եւրոպական շուկային մէջ, ուր անօդաչու սարքերու յստակ պակաս գոյութիւն ունի։
*
Թուրքիոյ զէնքի եւ զինամթերքի հսկան՝ «Ասելսան» ընկերութիւնը իր ներկայութիւնը ամրապնդեց Ասիա – Խաղաղական շրջանին մէջ, կեդրոնատեղի մը բանալով Ինտոնեզիոյ մէջ։
Ճաքարթայի մէջ կայացած զէնքի եւ զինական սարքերու «Ինտօ Տիֆենս» ցուցահանդէսին ընթացքին կատարուած այս բացման հանդիսութեան կողքին՝ «Ասելսան» նաեւ զէնքի վաճառքի եւ արտադրութեան հինգ համաձայնագրեր կնքեց Ինտոնեզիոյ զէնքի պետական ընկերութեան եւ այլ գործակալութիւններու հետ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button