ԳլխաւորՅօդուածներ

ՆՇՄԱՐ.- ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, Ո՞ՒՐ ԿԸ ԾԱԽՈՒԻ…

 

 

«Ողիմպիականներէն» Նոմ…

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

12 Յունիս 2025

Աստուածաշունչի մէջ կը կարդանք, որ Աստուած աշխարհն ու տիեզերքը ստեղծեց 6 օրուան մէջ, եօթներորդ օրը հանգիստ ըրաւ, դիտեց իր հրաշքները եւ գոհացաւ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ինքզինք Աստուծոյ համազօր դասող «նարնջագոյն մարդը» հանգիստ չի ճանչնար, որովհետեւ, ինչպէս կ’երեւի՝ Լոս Անճելըս քաղաքի կեդրոնական շրջանը խռովութեան մատնող դէպքերը հակակշիռի տակ առնելու պատրուակով, ո՛չ միայն բանակայիններ եւ ծովուժի զինուորներ կը ղրկէ հոն, կրակին վրայ քարիւղ թափելու ձեւով, այլ նաեւ դեմոկրատներուն հետ քաղաքական հակամարտութիւնը նոր «մակարդակի» կը բարձրացնէ, գործի լծելով ամերիկեան Ողիմպոսի չաստուածները՝ իր կառավարութեան անդամները:

Եւ եղաւ, որ այդ չաստուածներէն մէկը՝ Ազգային Ապահովութեան նախարար Քրիսթի Նոմ Հինգշաբթի, 12 Յունիսի կէսօրին, խռովութիւններուն շղթայազերծումէն 7 օր ետք, Լոս Անճելըսի մէջ մամլոյ ասուլիս մը տար դաշնակցային իշխանութիւններու մէկ շէնքին մէջ, ուր այլ գործով կը գտնուէր ամերիկեան (ոչ նահանգային) Ծերակոյտի անդամներէն Ալեքս Փատիա: Մնացեալին հասնելէ առաջ նշենք, որ բացարձակ զուգադիպութեամբ, Փատիա ունի լատին-ամերիկեան ծագում եւ անդամ է Թրամփի մրցակից (եւ անոր արշաւանքներուն թիրախ) Դեմոկրատ կուսակցութեան: Ծերակուտականը, իմանալով, որ ազնուաշուք նախարարը մամլոյ ասուլիս կու տայ, բացատրելու համար դաշնակցային կառավարութեան (դուք հասկցէք՝ Թրամփի) կամայական միջամտութիւնները Լոս Անճելըսի դէպքերուն, գացեր է այդ սենեակը, եւ լսելէ ետք նախարարին ըսածները (որոնք ընդհանրապէս թրամփեան իշխանութիւններուն «վարկածներուն» կրկնութիւնն էին), փորձեր է քայլ մը յառաջ երթալ եւ հարցում մը ուղղել անոր: Յանկարծ, քաղաքային զգեստներով քանի մը հոգի «ձերբակալած» են ծերակուտականը, զայն բառացիօրէն քաշքշելով դուրս տարած են սրահէն, թէեւ ան կ’աղաղակէր, թէ ինք ծերակուտական է. այդքան ալ բաւ չնկատելով՝ զինք ծունկի բերած են նրբանցքին մէջ (եթէ փողոցը ըլլային, վստահաբար ասֆալթին պիտի փռէին), յետոյ, քանի մը հոգիով վրան նստած են եւ ձեռքերուն ձեռնակապ անցուցած: Արդար ըլլալու համար արձանագրենք, որ կարճ ատեն ետք Փատիա ազատ արձակուած է…: Ան յայտարարեց, որ իշխանութիւններէն հաշիւ պիտի պահանջէ եղածին համար:

(Ահաւասիկ տեսանիւթը, քաղուած You Tube-էն https://youtu.be/DsQ5YvT_28Y?si=sHLmJ-75cE7rSanM):

Չէ՛, ասիկա չպատահեցաւ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի, այլ ինքզինք ժողովրդավարութեան ծննդավայր հռչակող Միացեալ Նահանգներու մէջ (ի՜նչ Ֆրանսա, ի՜նչ Անգլիա, ի՜նչ Հռոմ ու Աթենք: Անոնք սորվելիք ունին ամերիկացիներէն): Եւ բնականաբար պայթեցաւ քաղաքական փոթորիկը ու ողողեց պատկերասփիւռի կայաններն ու զանգուածային հաղորդակցութեան կայքերը: Հանրապետականները բառեր ու չքմեղանքներ փնտռելու ելան, արդարացնելու համար եղածը, կառավարութեան անդամներ ալ կակազելով փորձեցին պաշտպանողականներ հնարել (չմոռնանք, որ ազնուաշուք նախարարը յայտարարեր է, որ ինք չէր ճանչնար Փատիան, այսինքն՝ անոր խոշտանգումը… արդա՞ր էր): Օրինակի համար, պաշտպանութեան նախարար Հեկզըթ, որ բանակայիններ Լոս Անճելըս առաքելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ իբրեւ գործադիրի անդամ, խորհրդարանին մէջ հարցապնդուելով՝ խուսափողական պատասխաններ տուաւ բարձրաճակատ եւ ինքզինք մատնեց կատուի ճանկերուն մէջ ինկած մուկի վիճակին: Իշխանութենէն հաշիւ պահանջելու ԽՕՍՔԵՐՈՎ հրապարակ եկան բազմաթիւ դեմոկրատներ, Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիոյ վարչական պատասխանատուներ: Ցունամիի նոր ալիքներ կը սպասուին վաղը-միւս օր:

***

Հեկզըթը հարցապնդող խորհրդարանականներէն մէկուն նկատողութիւնը ուշագրաւ էր: Ան ո՛չ միայն «անկիւնը դրաւ» պաշտպանութեան նախարարը, այլ տուաւ «շնորհի հարուած» մը. հարց տուաւ, որ երբ երկիրը աշխարհի այս կամ այն շրջանին մէջ իսկական մարտահրաւէրներու դիմաց է (անշուշտ այդ մարտահրաւէրներէն մաս մը շինծու է եւ կամայածին), արդեօք հազարաւոր բանակայիններ եւ ծովուժի բազմահարիւր զինուորներ Լոս Անճելըս ղրկելը ի՞նչ նպատակ կրնայ իրականացնել, ինչո՞ւ համար աւելի քան 130 միլիոն տոլար կը մսխուի (հաշիւը բաց է), արդեօք սա էական հարցերէ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու չի՞ ծառայեր (եւ այլն): Ի դէպ, գրեթէ նոյն ժամերուն Իսրայէլ յարձակում գործած է իրանեան կորիզային ուժանիւթի կեդրոններու վրայ, հակառակ Թրամփի «մի՛ ըներ»-ին (որ այլապէս կը նշանակէ «ըրէ՛, եւ մենք մի՛շտ կողքիդ ենք», ինչպէս որ կողքիդ ենք կազացիներու սպանդներուն ատեն):

Այս հարցումները, եւ ընդհանրապէս Փատիայի դէմ խժդժութեան կիրարկման արարքին արձագանգները լսելով, պահ մը կարծեցի, որ այս դէպքերը տեղի ունեցած են… Երեւանի մէջ, որ Արեւմտեան աշխարհի կողմէ կը դիտուի իբրեւ ժողովրդավար երկիր: Յիշեցի, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ոստիկաններ քաշքշելով կը հեռացնեն ընդդիմադիր երեսփոխաններ (Թրամփ վաղը կրնայ չքմեղանալ, ըսելով, որ ինք նման բան չի հրահրեր ամերիկեան խորհրդարանին մէջ), հրապարակային ցոյցերու պահուն կը ձերբակալեն ու քանի մը ոստիկաններով կը խոշտանգեն այլ ընդդիամադիր երեսփոխան մը, յետոյ ալ զայն կը մեղադրեն… ոստիկանները ծեծելու յանցանքով: Երեւանի մէջ, նոյնինքն խորհրդարանի շէնքին մօտ ոստիկաններ կը կրակեն ու արցունքաբեր ռումբեր կը նետեն խաղաղ ցոյցի ելած բողոքողներուն վրայ, իսկ վերջին շաբաթներուն, յանկարծ դարակէ մը դուրս կը բերուի հոգեւորականներու դէմ մեղադրանքներու թղթածրարը: Հո՛ն ալ այս ու նման «հերոսութիւններ» կը կատարուին, որպէսզի հանրութեան ուշադրութիւնը հեռացուի վտանգաւոր, օրհասակա՛ն հարցերէ, ինչպէս՝ սահմանային գիւղերու վրայ «սովորական դարձած» ազերիական կրակոցները, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ Ատրպէյճանի կրօնական առաջնորդին արտառոց մեղադրանքները, «Զանգեզուրի միջանցքը» խլելու թուրք-ազերիական սպառնալիքները, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը «բարեփոխուած» (եւ թուրք-ազերիական պահանջներուն պատշաճեցուած) տեսնելու աղաղակող փաստերըեւ ահա անոնց վրայ կ’աւելնայ… Իրանի վրայ իսրայէլեան նորագոյն յարձակումը եւ նա՛եւ ամերիկացիներուն հակադարձելու Իրանի սպառնալիքը:

***

Թրամփի կամայականութիւններն ու առհասարակ անարդարութիւնը իբրեւ օրէնք ծախելու քայլերուն դէմ, Լոս Անճելըսէն շաբաթ մը առաջ բարձրացած բողոքի ալիքը (որոնք, ի դէպ, կը գտնեն չարաշահող խռովարարներ) արդէն տարածուած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ո՛չ միայն Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքոյին, այլ նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան նահանգներու մէջ: Մարդիկ սկսած են ձեռքերը սիրտերուն դնել, վախնալով, որ երկիրը կրնայ իյնալ քաղաքացիական կռիւներու (սահմանափակ կամ տարածուն) ոլորապտոյտին մէջ:

Հայաստանի մէջ, ՔՊ-ական իշխանաւորներու կամայականութիւններուն եւ ուշադրութիւն շեղող «հնարքներուն» դէմ ձայն կը բարձրացնեն միայն ճանչցուած ընդդիմադիրները (որոնք լաւ կ’ընեն՝ եթէ մէկդի ձգեն ներքին բանակռիւները), ժողովուրդը, այսինքն՝ երկրին տէրը, Երեւանի մէջ թէ այլուր՝ կը մնայ դիտող հանդիսատեսի աթոռին վրայ, մինչեւ իսկ մեղադրանքներ կը շռայլուին պայքարող ընդդիմադիր երեսփոխաններու դէմ, թէ՝ բան չեն ըներ: Արդեօք «բան չընե՞լ» է խորհրդարանին մէջ ամէն օր իշխանաւորներուն ձախաւերութիւններն ու թշնամիին ծրագիրներուն կիրարկողը ըլլալը բացայայտելը: Արդեօք «բան չընե՞լ» է ժողովրդային բողոքի ալիքներ քանի՜-քանի անգամ առաջնորդելը, մեծ ու փոքր ալիքներ՝ որոնք մէկը միւսին ետեւէ խորտակուեցան իշխանականներու բռնարարքներուն, հալածանքներուն եւ օրէնք ու Սահմանադրութիւն ոտնատակ ընող արարքներուն հետեւանքով: Արդեօք մեղադրողները հարց կու տա՞ն, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ, ընդդիմադիրները պէտք է հրաժարի՞ն իրենց լիազօրութիւններէն (մանտաթ), եւ ամբողջ բեմը ազատ թողուն իշխանական խունթային, որպէսզի անարգել, առանց քննադատութեան եւ իրականութիւններու բացայայտման՝ գաղտաքողի յառաջ տանին Հայաստանի լուծարքը:

Ընդդիմադիրները գոնէ մէկ չեն ըներ աղաղակող կերպով. չեն տարուիր երկիրը ներքին ճակատումներու տանելու իշխանականներու սադրանքներով…

Կարելի է բաղդատութեան եզրեր գտնել Հայաստանի եւ ամերիկեան քաղաքներու իրադարձութիւններուն միջեւ. գլխաւոր տարբերութիւնը այն է, որ Հայաստան վտանգուած է, նման վիճակի չէ մատնուած Միացեալ Նահանգներ:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button