Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան Առթիւ՝ «Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Ձեռնարկ
ԵՐԵՒԱՆ․- Մայիս 8-ին, «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան օրուան նուիրուած Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան «Շուշի. Վերադարձ լինելու է» խորագիրով ձեռնարկը: Ներկայ էին Հ․Յ․Դ․Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Արցախի Հանրապետութեան պետական պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հանրային գործիչներ:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ. ներկաները յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներուն յիշատակը: Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգները:
Խօսքեր արտասանեցին Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան, Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ, Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարար, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգի Պետրոսեան, Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Վարդան Գալստեան եւ միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեան:
Գալստեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրութեան եւ զարգացման մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցած է Հ․Յ․Դ․ աշխարհասփիւռ կառոյցը: «Շուշիի ազատագրմանը մասնակցել են Հ․Յ․Դ․ անդամներ աշխարհի տարբեր երկրներից: «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան իրագործումը հնարաւոր դարձաւ շնորհիւ այն անձանց, ովքեր ոչ միայն մարտի դաշտում, այլեւ պետականաշինութեան գործում ունեցան իրենց հսկայական ներդրումը: Նրանց ջանքերով է, որ շուրջ 3 տասնամեակ անառիկ բերդաքաղաքը եղել Արցախի կրթական եւ մշակութային կենտրոնը», յայտնեց Գալստեան:
«Շուշին` մեր ոգու, մեր պատմութեան ու պայքարի խորհրդանիշն է: Շուշիով ուժեղ էինք, առանց Շուշի նոյնը չենք, պէտք է ձգտենք դառնալ նոյնը», իր ելոյթին մէջ յայտնեց Տարօն Ղազարեան:
Գէորգի Պետրոսեան, իր կարգին ըսաւ, թէ «Այն ինչ այսօր կատարւում է ժամանակաւոր է, որովհետեւ չարիքը չի կարող յաղթել, ուշ թէ շուտ, դա լինելու է, մեր գործը դրան նախապատրաստուելն է»։
Սաղաթելեան խօսք առնելով, ըսաւ․- «Հրաժարուել Արցախից, նշանակում է հրաժարուել ծնողից, զաւակից, ինքնութիւնից, արմատներից: Հետեւաբար, որքան էլ պարտադրեն, որքան էլ փորձեն այս ուրացման քաղաքականութիւնը իրականացնել, միեւնոյն է, չեն յաջողելու: Մենք ունենք ազգային երիտասարդութիւն, ովքեր տէր են հայ ժողովրդի հաւաքական իրաւունքներին, ովքեր իրենց գիտելիքներով, իրենց հայրենասիրութեամբ, պատրաստակամութեամբ, այո, պայքարելու են վերադարձի իրաւունքի, պայքարելու են ուժեղ, հզօր Հայաստան ունենալու համար։ Արցախահայութեան վերադարձը մեզ համար ազգային նպատակ է: Ամէն ինչ անելու ենք մեր վերադարձի համար», եւ Շուշիի օրը համարեց կարեւոր` բոլորին մաղթելով կամք եւ վճռակամութիւն:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ անկախութեան շարժումին եւ Շուշիի ազատագրութեան գործողութեան մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէն մը: Աւարտին Իշխան Սաղաթելեան հաւաստագիրներ յանձնեց «Վահան Յովհաննիսեան» Ազգային-քաղաքական դպրոցի շրջանաւարտներուն: