Յօդուածներ
Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան առթիւ)

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Մայրերու Օր-ը նուիրական տօն մըն է քաղաքակիրթ ազգերու կեանքին մէջ, որովհետեւ մայրութիւնը նուիրական կոչում մըն է: Կենդանական եւ մարդկային կեանքի մէջ մայրութիւնը գեղեցիկ հմայք մը ունի: Մայրեր իրենց մարմինը պատսպարան կը դարձնեն ծնելիք էակներուն, ծնունդ կուտան անոնց, կը գուրգուրան անոնց վրայ եւ կը խնամեն զանոնք:
Սակայն, հարկ է անմիջապէս հաստատել, թէ մայրանալ, ծնունդ եւ սնունդ տալ բաւական չեն լի-իրաւ մայր ըլլալու համար: Մայրութիւնը վսեմ եւ աստուածային կոչում մըն է: Այն մայրը որ այդ կոչումով կ’ապրի առաքինի մայր մըն է: գիտակից մայրը սիրոյ, նուիրումի եւ զոհաբերութեան մարմնացումն է: Անոր սիրտը աստուածային սիրոյն հայելին է, որ սիրով կը բաբախէ եւ սէր կը յորդէ—սէր որ անընկճելի զօրութիւն մը ունի, որ ոչ մէկ ուժ կրնայ նուաճել զայն:
Գիտակից մայրը կը նմանի արբանեակի մը, որ իր լոյսը կը ստանայ լուսոյ աղբիւր արեգակէն եւ կը ցոլացնէ զայն: գիտակից մայրը իր սէրը կը ստանայ սիրոյ աղբիւր եղող Աստուծմէ եւ զայն կը ցոլացնէ իր մանկան վրայ: Ան կը հետեւի իր հոգեհատորի կեանքի քայլերուն անոր սաղմային հանգրուանէն մինչեւ այն օրը երբ դեռ իր սիրտը կը բաբախէ:
Գիտակից մայրը այն ազնուական կինն է, որ Աստուածաշունչը ձեռքին, կուրծքին սեղմած իր զաւակը կը մեծցնէ աղօթքով եւ Աստուծոյ շունչով: Ան միշտ կը զոհէ եւ կը զոհուի, անսահման սիրով, գուրգուրանքով եւ համբերութեամբ կը նուիրէ իր կեանքը համակ:
Գիտակից մայրը իր զաւկին առաջին եւ մեծագոյն դաստիարակն է՝ կեանքի առաջին դպրոց եղող տան մէջ: Անոր խաղցած դերն ու ազդեցութիւնը խիստ բախտորոշ եւ ճակատագրական են, մանաւանդ կեանքի կազմաւորման տարիներուն: Եթէ իրօք կեանքի ամենէն տպաւորիչ դասերը կ’աւանդուին մանկական մատղաշ տարիներուն, այն ատեն անվարան կարելի է ըսել, գիտակից մայրերն են, որ իրենց ձեռքերուն մէջ կը կրեն մարդկային ընկերութեան ճակատագիրը:
Գիտակից մայրերը իրազեկ են այն իրողութեան, թէ իրենց զաւակները հին դարերէն ներկայ ժամանակներու երկարող շղթայի մը օղակներն են: Եւ իրենց կոչումն ու առաքելութիւնն է ընտիր նկարագրի տէր, բարոյական եւ հոգեւոր սկզբունքներով օժտուած զաւակներ պատրաստել ազգին ու մարդկութեան: Յարգանքի եւ մեծարանքի արժանի են այն բոլոր գիտակից մայրերը որոնք իրենց զաւակներուն ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացումին կը սատարեն:
Մայրերու Օրուան առիթով կը խոնարհինք մեզմէ մարմնապէս անդարձ մեկնող մայրերու յիշատակին առջեւ եւ յարգանքի, սիրոյ եւ որդիական ջերմ զգացումներով կ’ոգեկոչենք իրենց անմեռ յիշատակը:
Մայրերու Օրը նաեւ դիպուկ առիթ մըն է մեր անխառն յարգանքի եւ սիրոյ տուրքը ընծայելու՝ ապրող բոլոր առաքինի մայրերուն, որ գիտակից են իրենց մայրութեան կոչումին:
Մայրերու Օրը, ինչպէս նաեւ տարուան ամէն մէկ օրը, երախտապարտ զաւակներ, այրեր եւ ընտանիքի անդամներ իրենց յարգանքն ու սէրը մատուցանելու են եւ «երանելի» կոչելու են այն անձնդիր, զոհաբերող եւ գիտակից էակը, որ կը կոչուի ՄԱՅՐ: