ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հինգշաբթի, 1 Մայիսին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելեց Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանը, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի՝ պատուակալ հովիւ նոյն եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի՝ հոգեւոր հովիւ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։
Սրբազան Հայրը դպրոցի մուտքին դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի՝ քոյր Էմմա Մուսայեանի, քոյր Գայիանէ Թասլաքեանի, եւ աշակերտներու բարի գալուստի սրտառուչ խօսքով։ Ապա շրջեցաւ դասարանները եւ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում բոլոր աշակերտներուն հետ, իւրաքանչիւր դասաժամի համաձայն ստեղծելով հարց ու պատասխանի հետաքրքրական պահ մը անոնց հետ։
Այնուհետեւ, աշակերտները հրամցուցին երգերով ու արտասանութիւններով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ամենէն դիպուկ պահը հանդիսացաւ երբ «Մոնթեսորի» բաժնի աշակերտուհի մը Սրբազան Հօր նուիրեց թղթեայ ծաղկեփունջ մը, որւոն իւրաքանչիւր տերեւին վրայ արձանագրուած էր իր դասարանի աշակերտներուն անունները։ Սրբազան Հայրը խորապէս յուզուած իրեն եւ շքախումբին հրամցուած պատիւէն, բարձրօրէն գնահատեց տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին խնամքով պատրաստած յայտագիրը։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծաղկեփունջին համար, ըսելով, թէ ցարդ իր ստացած բոլոր ծաղիկները թոշմած ու թառամած էին, մինչ այս մէկը որպէս անթառամ ծաղիկ պիտի պահէ իր գրասեղանին վրայ։ Ան նաեւ մաղթեց որ աշակերտները դասերուն կողքին նաեւ յարատեւ աճին Շնորհքի մէջ, ինչ որ ցուցանիշ մըն է վարժարանի յատուկ նկարագրին։
Այս առթիւ, Սրբազան հայրը դպրոցին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած սրբանկարը։
Հաւաքական «Հայր մեր»-ի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ յիշատակելի հանդիպումը, որմէ ետք Քոյրերը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ պատուեցին հիւրերը հայկական աւանդական ճաշերով։