Լրահոս

ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ա. ՔՀՆ. ՊԱԼՃԵԱՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Շաբաթ, 3 Մայիսի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Boston Marriot Newton պանդոկի սրահին մէջ, իւ պատիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի՝ պատուակալ հովիւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց), Հայ Եկեղեցւոյ անոր յիսնամեայ ծառայութեան առիթով։ Ներկայ էր նաեւ երէցկին Շերըլ Պալճեան։

Բացման աղօթքէն ետք, հանդիսավար Թամար Քանարեան (Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի), անձնական խոհեր ներկայացուց՝ Տէր Հօր իր աշխատանքին ընդմէջէն։ Խօսք առին նաեւ Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ, Պեքի Մկրտիչեան՝ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի, եւ եկեղեցւոյ կից դպրոցներու տնօրէնուհիները՝ դոկտ. Կարինէ Փալանճեան (Սուրբ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարան), Մայտա Մելքոնեան (Սուրբ Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարան) եւ Նայիրին Պալճեան-Պէլ (Սուրբ Ստեփանոս կիրակնօրեայ վարժարան)։ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ Տէր Հօր որդին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մասաչուսէց) հոգեւոր հովիւ, կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը։

Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան յատուկ յայտարարութիւն մը, ուղղուած՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի, ընթերցեց նահանգային ներկայացուցիչ եւ Տէր Հօր զարմիկը՝ Տէյվիտ Գ. Մուրատեան։ Նշան Պալճեան (դաշնակ)՝ Տէր Հօր թոռը, գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուց, որմէ ետք յոբելեարին ծննդեան 75-րդ տարեդարձը նշուեցաւ յատուկ կարկանդակով։

Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Տէր Անդրանիկին բոլոր ներկաներուն անունով՝ Տէր Հօր յիսնամեայ ծառայութեան համար, ու անոր յանձնեց յատուկ նուէր մը՝ 1956-ին շինուած եկեղեցւոյ բնօրինակ փայտեայ խորանի մէկ սալիկը, որ շրջանակի մէջ անցուած էր։ Սալիկը ճիշդ Տէր Հօր ոտքին տակ եղած է պատարագներու եւ խորհուրդներու ընթացքին։ Հոգաբարձութեան անունով նուէրներ յանձնեցին ատենապետ՝ Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան եւ փոխատենապետուհի՝ Սոնիա Յակոբեան։

Իր փակման խօսքով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ոգեկոչեց Դպրեվանքին մէջ իր անցուցած տարիները Տէր Անդրանիկի հետ եւ իրենց երկարամեայ բարեկամութիւնը։ Այս առիթով, անոր նուիրեց Նարեկի յայտնի ձեռագրի մը ֆաքսիմիլ օրինակը, որ պատրաստուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ։ Երեկոն փակուեցաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։ Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարած էր, թէ ամբողջ եկամուտը պիտի յատկացուէր եկեղեցւոյ։ Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ շնորհիւ հովանաւորներու, նուիրատուներու եւ ներկաներու առատաձեռնութեան, աւելի քան 40 հազար տոլարի գումարը պիտի յատկացուի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրամին ի պատիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի։

*

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button