Պրիւքսելը Նպատակ Ունի Ջնջել Յաղթանակի Օրը
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
7 Մայիս 2025
Haroutchekijian.wordpress.com
Եւրոյանձնաժողովը կը ծրագրէ թիրախաւորել այն առաջնորդները, որոնք կ՚անտեսեն ոչ պաշտօնական արգելքը եւ ներկայ կ՚ըլլան Մոսկուայի յոբելինական շքերթին:
Այս է խորագիրը եւ ենթախորագիրը Իկոր Լաւլիանսքիյի Igor Iavlianskiy 21 ապրիլ 2025-ի «Ճէօֆօր»-ի GEOFOR Center for geopolitical forecasts կայքէջին մէջի յօդուածին (1), որ ստորեւ կը թարգմանեմ:
Նախ՝ իմ կողմէս 8-9 Մայիսի մասին: Այս տարի 80-ամեակն է Գերմանիոյ սկսած եւ պարտուած Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին, երբ 8 Մայիս 1945-ին, Պերլինի մէջ Գերմանիան դաշնակիցներուն անձնատուր եղաւ՝ մարաջախտ Ուիլհելմ Քէյթելի ստորագրութեամբ: Այս յաղթանակը աւանդաբար մեծ շուքով եւ զինուորական շքերթով 9 մայիսին կը տօնուի Մոսկուայի մէջ, քանի որ Խորհրդային բանակը առաջինն էր որ գրաւեց մայրաքաղաք Պերլինը, շնորհիւ յա՛տկապէս հայկական Թամանեան զօրաբաժինին, վանեցի զօրավար Նուէր Սաֆարեանի հրամանատարութեամբ, որ գրաւեց Պերլինի ամրոցը՝ Համպոլդ Հայնը (2): Սաֆարեանի մասնակցութեամբ հայ զինուորները տհոլ զուռնայով քոչարի պարեցին Պերլինի Ռայխսթակի՝ խորհրդարանին առջեւ. տեսանիւթը այստեղ (3): Տեսնել նաեւ «Սասունցի Դաւիթ» Հայկական Հրասայլային Զօրաբաժինը Բ. Աշխարհամարտին Սփիւռքահայութեան Դրամահաւաքով Իրականացած Էր Եւ Յաղթանակներ Ապահոված (4):


«Եւրոպայի մէջ աղօտ քաղաքական վէճ մը ծաւալեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 80-ամեակին շուրջ: Եւրոմիութեան՝ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու եւ յայտնի հակառուս՝ Քայա Քալասը ազդարարած է եւրոպացի պետական աւագանիին, որոնք կը համարձակին մասնակցիլ Մոսկուայի մէջ կայանալիք զօրահանդէսին։
««Շատ մը նախարարներ ըսած են, որ ԵՄ-ը շատ լուրջ կը վերաբերի մայիսի 9-ին Մոսկուա նման այցերուն եւ կ՚ըլլան լուրջ հետեւանքներ։ Մենք շատ յստակ ազդարարեցինք» ըսաւ էսթոնիացի պատասխանատուն: Անոր խօսքը հիմնականին մէջ ուղղուած էր Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիքոյին եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչին, որոնք յայտարարած են Մոսկուայի շքերթին մասնակցելու իրենց մտադրութիւնը:
«Յստակացաւ, որ վերջերս Լուքսեմպուրկի մէջ կայացած գագաթնաժողովին, ԵՄ-եան անդամակցութեան թեկնածու արեւմտեան Պալքանեան երկիրներու ներկայացուցիչներուն տրուած է «շատ յստակ հրահանգներ»՝ չմասնակցիլ Մայիս 9-ի Մոսկուայի շքերթին, քանի որ ան «չի համապատասխաներ եւրոպական արժէքներուն»:

«Քալաս նաեւ յորդորեց ԵՄ-եան առաջնորդներուն այդ օրը Քիեւ այցելել:
««Տիկ. Քալաս, թոյլ տուէք տեղեկացնել ձեզի, որ ես ինքնիշխան երկրի՝ Սլովաքիոյ օրինական վարչապետն եմ։ Ինծի ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ո՛ւր պէտք է երթամ կամ չերթամ: Ես Մոսկուա կ՚երթամ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Կարմիր բանակի հազարաւոր զինուորներուն, որոնք զոհուեցան Սլովաքիան ազատագրելու ընթացքին։ <…> Սա նախազգուշացնող սպառնալի՞ք է, թէ՝ յայտարարութիւն, որ ես կը պատժուիմ իմ վերադարձէս ետք, չեմ գիտեր։ Բայց ես գիտեմ, որ այժմ 2025-ն է, եւ ոչ թէ՝ 1939-ը»,- իր յայտնի ոճով կը պատասխանէ Ֆիքոն:
Իրականութեան մէջ ԵՄ-ը Պրաթիսլաւայի վրայ ճնշում բանեցնելու պաշտօնական միջոցներ չունի։ «Եւրոմիութեան պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդէպ պատժամիջոցներ կիրառելը Եւրոյանձնաժողովի իրաւասութեան մէջ չէ», – պարզաբանած է Յանձնաժողովի գրասենեակը։
«Վուչիչի պարագան տարբեր է: Ըստ բրիտանական Տէյլի Թելեկրաֆին՝ Սերպիոյ ԵՄ մուտքը կրնան պաշտօնապէս մերժել, եթէ անոր նախագահը խախտէ պոյքոթը։
««Ես չեմ գիտեր, թէ ուրիշները ի՛նչ կ՚որոշեն, բայց միտքս չեմ փոխեր։ Ես պատրաստ եմ, որ երկինքը գլխուս փլի»,- ըսած է Վուչիչը։ Ան աւելցուցած է, որ երեքուկէս տարի դիմացած է առանց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու՝ հակառակ Պրուքսելի պահանջներուն եւ հաստատած է, որ շքերթին պիտի մասնակցի նաեւ սերպիական զօրախումբը։
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան դատապարտած է Վուչիչի հասցէին կատարուած սպառնալիքները՝ իբրեւ նախատալից։
««Եթէ այս ճիշդ է, մենք ականատես կ՚ըլլանք Եւրո-Նացիզմի վերածնունդին։ Ութսուն տարի առաջ ֆաշիստները նաեւ ստիպեցին մարդոց հրաժարիլ իրենց հայրենիքէն, ցեղային պատկանելիութենէն եւ հաւատքէն, անոնց՝ որոնց «երկրորդ դասակարգի մարդիկ կը համարէին», – ըսաւ ան:
«Կ՚ակնկալուի, որ Մոսկուայի տօնակատարութիւններուն ներկայ կ՚ըլլան աշխարհի աւելի քան 20 առաջնորդներ, որոնց մէջ՝ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մօտին եւ Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան:
«Միեւնոյն ատեն, Քիեւի վարչակարգի ղեկավարը կը ծրագրէ մայիսի 9-ին իր ռազմական հանդէսը բեմադրել՝ ցոյց տալու Ուքրանիոյ բանակին «ուժն ու անկոտրում կամքը»։ Ան հրաւիրած է եւրոպացի առաջնորդներուն, թէեւ հիւրերուն ցանկը գաղտնի ը մնայ: Սակայն շահարկումները շատ են:
«Փորձագէտները կ՚ենթադրեն, որ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյեն , որ ծանօթ է իբրեւ «Ֆրաու Ֆոն», եւ անոր հաւատարիմ դաշնակիցը՝ Էսթոնիոյ Քայա Քալասը, կ՚ըլլան առաջիններէն, որոնք կը ժամանեն (գուցէ ցախաւելներով): Այսպէս կոչուած «կամաւորներու դաշինքի» առաջնորդները՝ Ֆրանսան, Բրիտանիան, Պալթեան երկիրները եւ սկանտինաւեան երկիրները, որոնք համաձայնած են զինադադարէն ետք զօրքեր ուղարկել Ուքրանիա, նոյնպէս կրնան միանալ։ Գերմանիոյ Ֆրիտրիխ Մերցը, որ վարչապետ կ՚ընտրուի մայիսի 6-ին, կրնայ հետեւիլ այդ օրինակին։ ԵՄ-եան մնացեալ երկիրները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը ներկայացուին դեսպաններով:
«Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քիեւի մէջ կայանալիք այս հաւաքը արդէն որակեց իբրեւ «անհեթեթի թատրոն»։
«Փորձագէտները նաեւ կը նշեն, որ Եւրոպայի քաղաքական վերնախաւը փոխած է իր դիրքորոշումը։ Գերմանացի քաղաքական վերլուծաբան Ալեքսանտր Ռահրը, օրինակ, կը կարծէ, որ «միակողմանի յարձակում կայ ամեն ինչի վրայ, որ կապ ունի մայիսի 9-ի Յաղթանակի օրուայ տօնակատարութիւններուն հետ»։
««Գերմանական առաջատար լրատուամիջոցները եւ նոյնիսկ դպրոցական եւ համալսարանական դասագիրքերը կը նշեն, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը սկսած են Ստալինը եւ Հիթլերը միասնաբար: <…> Մայիսեան հիմնարար ընկալումը կը փոխուի»,- ըսաւ Ռահրի: Ան չի բացառեր, որ մայիսեան այս արձակուրդը ի վերջոյ կ՚արգիլուի ԵՄ-եան մէջ։
««Եւրոպան այժմ ինքզինք ուղղակի պատերազմի մէջ դրած է Ռուսիոյ դէմ, եւ պատերազմ մը, որ պէտք է յաղթէ: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր ռուսամէտ գաղափարները երթալով աւելի կը ճնշուին ամբողջ ԵՄ-եան մէջ»,- բացատրած է ան:
«Ըստ անոր, Յաղթանակի օրուան հանդէպ բացասական տրամադրութիւնները նախապէս կը սահմանափակուէին Պալթեան երկիրներով եւ Լեհաստանով, սակայն 2022-ի փետրուարէն սկսեալ տարածուած է ամբողջ Եւրոմիութեան մէջ:
«Ապրիլի սկիզբին Մարիա Զախարովան իր թելեկրամի ալիքով մէջբերաւ Պերլինըր Ցայթունկ թերթի զեկոյցը, որ կը բացայայտէր Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթը, որ խորհուրդ կու տար արգիլել (Գերմանիա ապրող*) ռուսերուն եւ պելառուսերուն՝ մասնակցիլ համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտի յիշատակին:
««Յաղթանակի 80-ամեակի տարին, Աննալենա Պաերպոքը եւ անոր խումբը կը վերստեղծեն նացիներուն կողմէ նախապէս գործուած անմարդկային արարքները: Եթէ Գերմանիոյ իշխանութիւնները իսկապէս մտադիր են արգիլել ռուսերուն, պելառուսերուն եւ նախկին խորհրդային քաղաքացիներուն (ներառեալ՝ հրեաներուն) մասնակցելու յիշատակի ձեռնարկներուն, այդ մէկը աւելի պակաս չըլլար, քան նացիզմի վերածնունդէն»,- ըսաւ Զախարովան։
«Պարզապէս մտածեցէք. ժամանակակից, իբրեւ թէ ժողովրդավարական Գերմանիան կը պատրաստուի վտարել մարդոց, որոնք նացի Գերմանիոյ պարտութիւնը կը ցանկան ոգեկոչել»: Վերջ:
Երեւակայել, որ իբրեւ թէ խօսքի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու (չ)պաշտպան Եւրոպան, մարդոց հոգեկան ապրումի՛ն ալ, յաղթանակ տօնելուն ալ արգելք կը հանդիսանայ եւ օր ցերեկով պատմութիւն կը խեղաթիւրէ:
Ի՛նչ բարիք կամ օգուտ ակնկալել այսպիսի Եւրոպայէ մը, որուն հլու հնազանդ կամակատարը պիտի ըլլան անդամ պետութիւնները, որուն կը ձգտի անդամակցիլ նաեւ Հայաստանը առեւանգած այս խունթան՝ անարժան ու ապիկար վարչախումբը: Այստեղ արեւելք-արեւմուտք, Ամերիկա-Ռուսիա-Եւրոմիութիւն, պարզամիտ ու անգրագէտ նախասիրութեան հարց բնաւ չկայ ու պէտք չէ ըլլայ: Քաղաքական կողմնորոշումը՝ ուղղութիւնը երբե՛ք ճաշակի հարց չէ:
Ազգային, պետական շահերը եւ հզօր բանակով երկրին ազատութեան, գերիշխանութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն պահպանումն է, որ կը թելադրէ մեր քաղաքական ուղին:
Փոքրիկ Հայաստանը, 1941-1945-ին, մի՛այն իր մէկ միլիոն 320 հազար, կենցաղային թշուառ բնակչութիւնով եւ Խորհրդային Միութեան հարաւի հեռաւոր ծայրամասէն` անոր պարգեւած է ամենափայլուն յաղթանակները, շնորհիւ մարտունակ, խիզախ ու հնարամիտ հայ զինուորներուն եւ հրամանատարական կազմին:
Համաշխարհային Բ. պատերազմին մասնակցած են 147 հայ մարաջախտներ, զօրավարներ ու ծովակալներ, եւ սփիւռքն ալ հաշուելով` շուրջ 600 հազար հայ զինուորներ, որոնցմէ Հայաստանէն 150 հազարը նահատակուեցաւ, եւ 30 հազար հայաստանի քաղաքացիներ սովի պատճառով մահացան, գումարը` բնակչութեան 13,6 տոկոսն է, մինչ նոյն պատճառներով Ռուսիոյ պարագային աւելի նուազ` 12,7 տոկոսը, իսկ առաւելագոյնը` Պիելոռուսիան էր` 25,3 տոկոս:
Մենք վանեցի Նուէր Սաֆարեաններու ցեղին կը պատկանինք, որ շուրջ 4000 քիլոմեթր ճամբուն վրայ մարտերով ու քաղաքներ ազատագրելով, Երեւանէն առաջինն էր, որ Պերլին հասաւ եւ յաղթեց թշնամիին: Մայիս 9-ին հպարտութեամբ պիտի տօնենք մեր քաջարի զինուորներուն պատմական յաղթանակը:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին կողմէ: