Լրահոս

ՌուբԷն Սեւակ -140-ամեակ

ԵՐԵՒԱՆ․- Ապրիլ 30-ին, «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական ցերեկոյթ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհուած գրողներու:

Այս տարի կը նշուի եղեռնի զոհ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան 140-ամեակը։ Այս առթիւ, միջոցառումը ամբողջութեամբ նուիրուած էր, անոր գրական վաստակին, կեանքին եւ գործունէութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, որ կարեւորեց Ռուբէն Սեւակ գրողի ստեղծագործական հունձքը, հայոց գրականութեան անդաստանին մէջ:

Գրողի ստեղծագործական կեանքին անդրադարձան գրականագէտներ՝ Քնարիկ Աբրահամեանը եւ Նայիրա Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ` Գիւմրիի «Կենաց ծառ» հիմնարկի նախագահ Լուսինէ Գինոսեանը:

Ելոյթ ունեցան Երեւանի Ռուբէն Սեւակի անուան դպրոցի սաները` երգերով ու թատերական դրուագներով:

Հնչեցին նաեւ հայ մեծ երգահան Կոմիտաս Վարդապետի երգերը, մեկնաբանութեամբ երգչուհի Մարիա Խաչատրեանի, որուն կ՛ընկերակցէր դաշնակահար Ռուզաննա Գրիգորեանը։

Սեւակի ստեղծագործութիւններէն ասմունքեց Գայանէ Սամուելեանը:

Աւարտին խօսք առաւ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, որ նշեց, թէ Սեւակ իր գործունէութեամբ, երբեք անմասն չմնաց ազգի ճակատագրէն եւ միշտ ալ ապրեցաւ ազգային արժէքներով եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button