ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30-ին, Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ խմբավար մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեան։
Հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան գլխաւոր յօրինողներէն մէկն էր մեր օրերուն։
Խորէն Մէյխանէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937-ին։ Հայաստան ներգաղթած է 1946-ին: 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը, ուր հետեւած է աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, հոգեբանութեան եւ արուեստներու: Տարի մը երաժշտական անհատական դասընթացքներու հետեւած է Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան հռչակաւոր վարպետ եւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան մասնագէտ Ռոբերտ Աթայեանի քով։
Հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր դասընթացքներու աւարտէն ետք, Խորէն Մէյխանէճեան ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է Թաթուլ Ալթունեանի: 1965 թուականին ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: 1975-1979-ին Մէյխանէճեան վերադարձած է երաժշտանոցը, ուր ստացած է երկրորդ մագիստրոսի աստիճան մը, որպէս օփերայի եւ նուագախումբի ղեկավար:
1961-1975-ին, երկրորդ խմբավարը եղած է Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Ակադեմական երգչախումբին հետ միասին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ համերգներ ունեցած են:
Խորէն Մէյխանէճեան երեք տարի նուիրած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբային եւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման: Մէկ տարուան փորձարկումէ ետք, 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուած է Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուած՝ հայ եկեղեցիներու մէջ:
1990-ական թուականներու սկիզբը, մաէսթրօ Մէյխանէճեան հրաւէր ընդունած է էջմիածնական Արեւելեան Թեմի օրուան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Պարսամեանի, ստանձնելու երաժշտական բաժնի վարիչի եւ Սուրբ Վարդան Մայր Եկեղեցւոյ խմբավարի պաշտօնները։ Յօրինած է այլ գործեր՝ Ամերիկայի Թեմի հարիւրամեակին (1998) եւ Հայաստանի քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակին նուիրուած (2001), ինչպէս եւ Սուրբ Ծննդեան օրաթորիում մը (2000)։ 1997-ին ստացած է Ս. Սահակ- Մեսրոպ շքանշանը Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի կողմէ։
Խորէնեան պատարագը հրատարակուած է 1999 թուականին՝ Հայ Եկեղեցւոյ դպրաց դասերու ընկերակցութեան կողմէ, եւ լոյս տեսած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ: 2007 թուականին լոյս տեսած է Խորէն Մէյխանէճեանի ստեղծագործութիւններու ժողովածոն՝ «Կեանքիս երգերը» խորագրով:
2015-ին, մաէսթրօ Մէյխանէճեան ղեկավարած է հայրապետական Սուրբ Պատարագը Ուաշինկթընի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընթացքին։ 88-ամեայ վարպետը վերջին անգամ Ս. Պատարագը ղեկավարած է 20 Ապրիլ, 2025-ին, Ս. Յարութեան օրը՝ մահէն օրեր առաջ։ Այսպէս իր աւարտին հասած է կեանք մը նուիրուած հաւատքի, երաժշտութեան եւ սերունդները ներշնչելու մեր հոգեւոր մեղեդիներով։