Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուածներուն Նուիրուած Ցուցահանդէս
ԵՐԵՒԱՆ․- «Քեմփ Օտտօ, Մարսէյ. պատմութիւն Ցեղասպանութենէն փրկուածներից» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Ապրիլ 25-ին։
Այս ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ Ֆրանսայէն բերուած բացառիկ նիւթեր` անձնագրեր, լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ այլ ուշագրաւ առարկաներ, որոնք կը պատմեն Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ գաղթականներու մասին:
Նիւթերը, որոնք կը վերաբերին Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի «Քեմփ Օտտօ» կացարանին մէջ հիւրընկալուած գաղթականներուն, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին տրամադրած է ֆրանսական «Արամ» հետազօտութեան եւ հայկական յիշողութեան արխիւներու միութիւնը:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի խօսքով, առաջին անգամ Մարսէյէն դուրս բերուած են աւելի քան յիսուն փաստավաւերագրական նիւթեր, որոնք համադրուած են թանգարանի պահոցներու արժէքաւոր ընտրանիին հետ` հագուստներ, զարդեր եւ այլն, իսկ առանցքային նմուշը «Նանսենեան անձնագիր»-ն է, որ օրեր առաջ թանգարանին նուիրած է «Արամ» միութիւնը:
Պօղոսեան ընդգծեց` ցուցադրութիւնը նաեւ շնորհակալութեան տուրք է Ֆրանսային, որ իր գիրկը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած բազմաթիւ հայեր եւ կ՛աջակցի մինչեւ օրս:
Ֆրանսական Օտտօ ճամբարին մէջ, որուն բացումը կատարուած է 1922 թուականին ու գործած է մինչեւ 1927 թուականը, ապաստանած է աւելի քան 5 հազար հայ գաղթական: Գաղթականներուն վերաբերող տուեալները արձանագրուած են, իսկ սերունդներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռեն հեշտութեամբ տեղեկութիւններ գտնել իրենց նախնիներուն մասին: Այդ տուեալներուն համաձայն, գաղթականները եկած են Սվասէն: Օտտօ ճամբարի տնօրէնը հայ եղած է եւ հրաշալի տիրապետած է ֆրանսերէնին: Եղած է նաեւ դպրոց մը, ուր 400 հայ աշակերտ ուսանած է, հետագային բացումը կատարուած են հայրենակցական, եկեղեցական միութիւններու, որոնցմէ մէկուն հիմնադիրը եղած է Գրիգորիս Պալաքեանը, որ եւս փրկուածներէն էր: