Լրահոս

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ

«Փաստագրելով Յանցագործութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Վաւերագրողները»

ԵՐԵՒԱՆ․- Ապրիլ 23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան: Ան ներկայացուց` ցուցադրութեան նիւթին կարեւորութիւնը, բովանդակութիւնը, նշանակութիւնը եւ առանձնայատկութիւնները:  Գզոյեան Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողներու յուշերէն տպաւորիչ եւ յուզիչ դրուագներ պատմեց:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան, Նետերլանտներու, Չեխիոյ, Լեհաստանի, Ռուսիոյ ներկայացուցիչներ, Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, Հ․Յ․Դ․ Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպէրճեան, թանգարաններու տնօրէններ, հոգեւոր հայրեր եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ թուրք վաւերագրողներ, որոնք իրենց յուշագրութիւններուն, ժամանակի մամուլին մէջ, նաեւ դատական գործընթացներով փաստագրած են հայերու դէմ տեղի ունեցած յանցագործութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողներու ձգած արժէքաւոր եւ հարուստ ժառանգութիւնը, որուն մէջ արձանագրուած են Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները, բացառիկ սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն ունին` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու անհերքելի վկայութիւններ: Նշենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 Ապրիլ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button