Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը հրապարակուած յայտարարութեամբ մը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտելը եւ կասկածի տակ առնելը ուղղուած են հայ ժողովուրդին պատմութեան, յիշողութեան, ինքնութեան եւ արժանապատուութեան դէմ, հետեւաբար՝ հայոց պետականութեան դէմ, աւելցնելով, որ նման ժխտում եւ կասկած դատապարտելի են։

«Ապրիլ 24-ին միասնաբար ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, պարտաւոր ենք մեր վճռական ձայնը բարձրացնել յանուն արդարութեան, հանդէս գալով ժխտողականութեան, խեղաթիւրման եւ նսեմացման բոլոր փորձերուն դէմ», ընդգծուեցաւ յայտարարութեան մէջ։

*

Մ.Ա.Կ.-ի վեհաժողովը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Ուքրայինայի դէմ Ռուսիոյ յարձակումը։ Հայաստան կողմ քուէարկեց բանաձեւին։

Կողմ քուէարկեց նաեւ Վրաստան, իսկ Ատրպէյճան չմասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Բանաձեւին դէմ քուէարկող պետութիւններուն շարքին եղան Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Պիելոռուսիա, էրիթրիա, Նիքարակուա եւ Սուտան։ Մ.Ա.Կ.-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ժամանակաւոր ներկայացուցիչ Ճոնաթան Շրէյլըր յայտնեց , որ բանաձեւը կը պարունակէ այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք Միացեալ Նահանգները կը համարեն անօգուտ՝ խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերուն համար։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Կալուզին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։

Կալուզին հաստատեց Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ հասարակ յայտարար մը գտնելու ճիգերուն, որովհետեւ հայեւթուրք յարաբերութիւններուն բարելաւումը կարեւոր գործօն է Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ կայուն զարգացման համար։

Ռուբինեան, իր կարգին, տեղեկացուց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին։

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նաեւ քննարկուեցան հայեւռուսական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադարձ գործակցութեան հարցեր, ներառեալ՝ 3+3 (Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան, Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) համագործակցութեան հարթակի  կապուած հարցեր։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ յայտարարեց, որ Մոսկուա մտահոգուած է Եւրոպական Միութեան միանալու Երեւանի ձգտումներով, պնդելով ,որ Հայաստան կրնայ կորսնցնել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան առաւելութիւնները, եթէ Արեւմուտքը Հայաստանը ներքաշէ աշխարհաքաղաքական իր խաղերուն մէջ։«Հայաստան կրնայ կորսցնել իր առաւելութիւնները, եթէ Եւրոպական ճիգերուն իբրեւ արդիւնք Հայաստան անջատուի Ռուսիայէն եւ իր բնական միւս դաշնակիցներէն», ըսաւ ան։

Տեղին է նշել, որ անցեալ ամիս Հայաստանի Ազգային Ժողովը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթ սկսելու մասին օրինագիծը ընդունեց։

*

Հայաստանի փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուինի հետ։ Քննարկման առարկայ դարձան Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն առանցքային խնդիրները եւ հայեւամերիկեան գործընկերութեան խորացման հնարաւոր ուղիները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային կովկասեան վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար՝  շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման նպատակով առնուող հայաստանեան կողմին քայլերը։ Այս ծիրին մէջ Գրիգորեան ընդգծեց «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրին իրագործման կարեւորութիւնը։

*

Հայաստանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Ճոն Կալակըր այցելութիւն մը տուաւ Սիւնիքի մարզ, ուր ծանօթացաւ մարզին հարուստ մշակոյթին եւ պատմութեան։

Կալակըր ընդունուեցաւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոպէրթ Ղուկասեանի կողմէ, որուն հետ քննարկեց մարզի զարգացման հարցերը։

X հարթակին վրայ կատարած իր գրառման մէջ անգլիացի դեսպանը նկատել տուաւ, որ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը առանցքային են այս շրջանին ներուժը իրացնելու համար՝ նշելով, որ մարզպան Ղուկասեաանի վերահաստատած է Անգլիոյ կառավարութեան շարունակական աջակցութիւնը։

Տեղին է նշել, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին ընթացքին յայտարարեց, որ Պաքու Սիւնիքով անխոչընդոտ անցք կ՛ուզէ դէպի Նախիջեւան։Այս անցքը, ըստ ատրպէյճանցիներուն ենթակայ պէտք չէ ըլլայ փոփոխութեան, անկախ Հայաստանի իշխանութեան փոփոխութենէն։

*

  Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տը Քոտինյի այցելեց Վայոց Ձորի մարզ՝ ծանօթանալու համար սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ տեղւոյն վրայ գնահատելու համար Ֆրանսայի բարեսիրական օժանդակութիւններուն հոլովոյթը։

Ֆրանսացի դեսպանը Իքս հարթակին վրայ կատարուած գրառման մէջ յայտնեց, որ այցելած է հենակէտային եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հատուած, ուր մօտէն քննած է սահմանամերձ շրջաններուն իրավիճակը, Ֆրանսայի օժանդակութիւններուն ընթացքը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դատապարտեց Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ատրպէյճանցիները դարձեալ աղաւաղած են հայկական մշակութային եւ կրօնական հարուստ ժառանգութիւնը։ Ցուցահանդէսը կրած է «Արեւմտեան Ատրպէյճան՝ մեր մշակութային յիշողութեան մէջ» խորագիրը եւ կազմակերպուած է Լեհաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ։

Մայր Աթոռը կոչ ըրաւ միջազգային ընտանիքին եւ կազմակերպութիւններուն, դիւանագիտական շրջանակներուն եւ մշակութային կառոյցներուն, յստակ գնահատականներ տալու պատմութեան եւ մշակոյթին նկատմամբ կատարուող նման կեղծաւորութիւններուն  եւ խստօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուող նմանօրինակ ոտնձգութիւնները։

*

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քլաուտիա Պուշ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան – հիմնարկ, ուր տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ թանգարանին միջեւ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը։

Համագործակցութեան յուշագրով կը նախատեսուի թանգարանի լսատեսողական վկայութիւններու գերմաներէնի թարգմանութիւնը եւ գործարկումը, ինչպէս նաեւ թանգարանի ցուցադրութեան պատկերագիրքին գերմաներէն թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button