Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Թրամփի Յայտարարութիւնը՝ Ապրիլ 24-ի Առթիւ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տոնալտ Թրամփը, որ Սպիտակ Տան կողմէ կատարուած Ապրիլ 24-ի ուղերձին, չգործածեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։
Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը յայտնեց․ «Նախագահ Թրամփի նահանջը թրքական սպառնալիքների առաջ տեղի տալու խայտառակ գործողութիւն է, ամօթալի հրաժարում ամերիկեան պատասխանատուութիւնէն` կանխելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շարունակական ցեղասպանական յարձակումները հայերու դէմ: Արցախի բնիկ քրիստոնեայ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած էթնիկ զտումէն, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ շարունակուող բռնութիւններէն, հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումէն եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի գրաւումէն յետոյ` նախագահ Թրամփն ունի պարտաւորութիւն ոչ միայն ազնուօրէն եւ ճշմարտապէս ճանչնալու 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ կանխելու անոր շարունակութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ»:
Ըստ Արամ Համբարեանի, Թրամփի կատարած նահանջը դիտաւորեալ է եւ դիւանագիտական սխալ չէ։ «Առաջին պաշտօնավարման ընթացքին, նախագահ Թրամփ չճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ աննախադէպ ռազմական աջակցութիւն տրամադրեց Ատրպէյճանի, երբ վերջինս իրականացուց իր ցեղասպանական յարձակումը Արցախի հայութեան դէմ: Այսպիսով, ան կը հակասէ Սպիտակ Տան, Քոնկրէսի եւ Ա․Մ․Ն․-ի յիսուն նահանգներու պաշտօնական ճանաչումներուն։ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը նախագահ Թրամփին կրկին կոչ կ՛ընէ յարգել իր նախընտրական խոստումը եւ առաջնորդել Ա․Մ․Ն․-ի քաղաքականութեան արմատական վերանայումը Թուրքիոյի եւ Հարաւային Կովկասի հանդէպ, հաշուետուութիւն պահանջել եւ ապահովել արցախահայութեան վերադարձը», եզրակացուց Արամ Համբարեան։