Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Պոլսոյ մէջ պատահեցաւ  6,2 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, կեդրոնը կը գտնուէր Սիլիվրի քաղաքին մէջ, 6,92 քիլոմեթր խորութեամբ։

Երկրաշարժը զգացուեցաւ Թուրքիոյ դրացի երկիրներուն մէջ։ Ցնցուեցան նաեւ Պոլսոյ յարակից Պուրսան, Եալովան եւ Թեքիրտաղը։

Առաջին երկրաշարժէն ետք արձանագրուեցան յետ ցնցումներ՝ 3,1էն մինչեւ 4,9  ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ։

*

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան ստորագրեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ բնական կազի մարզին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրը։

Ըստ թրքական լրատու աղբիւրներու, համաձայնագրին նպատակն է ընդարձակել համագործակցութիւնը Ատրպէյճանէն եւ երրորդ երկիրներէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածքներով բնական կազի գնման, վաճառման, մատակարարման, փոխանակման եւ տարանցման աշխատանքները։

Զուգահեռաբար Էրտողան հաստատեց Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի հետ 2021-ին Անգարայի մէջ ստորագրուած ենթակառոյցներու եւ շինարարական նախագիծերու մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը։

Պէտք է նշել, որ Ատրպէյճան ունի 2,6 թրիլիոն խորանարդ մեթր բնական կազի ապացուցուած պաշարներ՝ նոր հանքավայրերու, ինչպէս Ապշերոնի, Ումիտի, Պապէքի, Ասիմանի եւ Ղարաբաղի հետազօտման միջոցով այդ պաշարները աւելցնելու հեռանկարով։

*

Պոլսոյ մէջ ընթացք առաւ անցեալ ամիս Թուրքիոյ մէջ վերջին տասը տարիներու ամէնէն մարդաշատ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած լրագրողներուն եւ ուսանողներուն դատավարութիւնը։

Մեղադրեալներ են 189 անձեր, որոնք մասնակցած են Պոլսոյ ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն կամ լուսաբանած են բողոքի ցոյցերը՝ մամուլին մէջ։ Ձերբակալեալներուն դէմ առաջադրուած են մեղադրանքներ՝ ապօրինի հաւաքներու մասնակցելու եւ ոստիկանութեան նախազգուշացումներուն չենթարկուելու յօդուածներով, որոնք հաստատուելու պարագային մեղադրեալները կրնան մինչեւ 4 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ։

Մարդու իրաւունքներու միջազգային կառոյցներ կոչ ըրած են՝ անյապաղ ազատ արձակելու ձերբակալեալները, պնդելով, որ անոնց հետապնդումը կամայական է։

*

   Անգարայի իշխանութիւնները Եւրոպական Խորհուրդին կոչ ուղղեցին՝ աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենալ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարին մէջ։ Թուրքիոյ այս կեցուածքը Եւրոպական Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի փոխանցուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։

Ֆիտան – Պերսէ հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցաւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Խորհուրդին միջեւ գործակցութեան առնչուող հարցեր։

Պերսեթի Անգարա այցելութիւնը կը կատարուի այն պահուն, երբ եւրոպական պետութիւններ եւ կազմակերպութիւններ բուռն քննադատութիւններու թիրախ կը դարձնեն Անգարայի իշխանութիւնները՝ Պոլսոյ ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալման պատճառով։

Եւրոպացի պաշտօնատարը Ֆիտանի հետ նաեւ քննարկեց այլ ընդդիմադիրներու, ինչպէս  Օսման Քաւալայի, Սելահէտտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեկտաղի ազատ արձակման պահանջը՝ հիմնուելով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանի որոշումներուն վրայ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button