Յօդուածներ

Հարաւային Կովկասի Պետութիւններուն Ենթակայութիւնը Համաշխարհային Վերիվայրումներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
19 Ապրիլ 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Այս երկրորդ ազերի տեսակէտն է, որ կը ներկայացնեմ, այս անգամ ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին կողմէ 15 Ապրիլ 2025-ին հրատարակած՝ Սենթ Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի դասախօս, յետխորհրդային տարածքի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ՝ ազերի, դոկտ. Նիյազի Նիյազովի վերոնշեալ խորագիրով յօդուածը (1), որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, իմ կողմէս *շեղագիր ճշդումներով: Յատկանշական է, որ ազերին ալ կը խօսի այսպէս կոչուած «Իրական Հայաստան»-ի մասին, երբ պատմական կամ իրական Ատրպէյճան երբեք գոյութիւն ունեցած չէ…
Վալտայի նախաբանը. «Աշխարհի մէջ շատեր կը հետեւին Միացեալ Նահանգներու՝ ՄՆ նոր վարչակազմին եւ ուժային առաջատար կեդրոններուն՝ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Եւրոմիութեան եւ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւններուն առնչուող իրադարձութիւններուն եւ կը վիճին, թէ որքա՞ն շուտ տեղի պիտի ունենայ միջազգային յարաբերութիւններու գործող համակարգին այլափոխումը, եւ դէպի ո՞ր ուղղութիւն կրնայ տանիլ զայն: Մինչ այդ, այս համակարգը, առանց նախամտածուած ծրագիրի, կ՚անցնի մէկ որակական վիճակէն միւսը։
Հարաւային Կովկաս՝ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դրօշակները
«Նկատելիօրէն, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ շարք մը դերակատարներուն դերը փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, թէ՛ համաշխարհային եւ թէ՛ ալ տարածաշրջանային մակարդակներուն մէջ, եւ անոնց ենթակայութեան մակարդակը համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ կը բարձրանայ: Հետեւանքը՝ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական, աշխարհատնտեսական եւ ընկերային-մշակութային որոշ ուղղութիւններու կազմաւորումն է, առանց համաշխարհային քաղաքականութեան մեծերուն կողմէ անոնց արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ անմիջական ազդեցութեան: Թէեւ, համաշխարհային քաղաքականութեան օրակարգի կազմութեան մէջ մեծ խաղացողներուն դերը, տակաւին բաւական բարձր կը մնայ։
«Միջազգային յարաբերութիւններու նման դերակատարներէն են Հարաւային Կովկասի պետութիւնները՝ Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը, որոնց արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը հիմնականին մէջ կառուցուած է միջազգային յարաբերութիւններուն գործող համակարգին սահմանափակող շրջանակին վրայ: Այս երկիրներուն պետականութեան կազմաւորման ընթացքը սերտօրէն կապուած էր զինեալ հակամարտութիւններուն իրենց մասնակցութեան հետ: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ պատճառեց լայնածաւալ պատերազմներ Ղարաբաղի շուրջ, իսկ Վրաստանը փորձեց վերականգնել իր իշխանութիւնը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ վրայ։
«1990-ականներու կէսերուն վերոնշեալ հակամարտութիւններուն բոլոր մասնակիցները փակուղիի մէջ յայտնուեցան։ Տարբեր պատճառներով, անոնք չկրցան ռազմական միջոցով հասնիլ հակամարտութեան վերջնական լուծումին՝ ի շահ իրենց, եւ այդ պատճառով, ստիպուեցան դիմել համաշխարհային խաղացողներու միջնորդական ջանքերուն, որոնք, իրենց կարծիքով, պէտք էր օգնէին անոնց բացայայտ խնդիրները միջազգային օրէնքով լուծելու։ Սակայն, միջնորդները չէին աճապարեր լրջօրէն զբաղիլ կողմերուն հաշտեցումով եւ լուծել հակամարտութիւնները, քանի որ այս տարածաշրջանին մէջ իրենց սեփական շահը կը հետապնդէին։
«Այսպիսով, տարածաշրջանի երկիրները անմիջականօրէն կախեալ դարձան երկակի չափանիշներու քաղաքականութենէն, որ հիմնականին մէջ կը վարէին արեւմտեան երկիրները, որոնք չէին արտօնէր զանոնք, դառնալու միջազգային յարաբերութիւններու լիարժէք անդամներ։ Բանակցութիւններու ձգձգումը եւ աշխարհի առաջատար երկիրներու միջնորդական գործունէութեան արդիւնաւէտ չըլլալը, ստիպեցին Հարաւային Կովկասի պետութիւններու* կառավարութիւններուն ապաւինիլ իրենց կամքին* եւ փաստօրէն հրաժարիլ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ իրենց ենթակայութենէն, կամ քայլեր ձեռնարկել, միջազգային ասպարէզին մէջ իրենց կշիռը բարձրացնելու, գոնէ տարածաշրջանային քաղաքականութեան մակարդակով»։
*Բացի Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան շարժումէն, որ դէմ դրաւ Սումկայիթի, Պաքուի եւ այլ վայրերու պետական ծրագիրով ցեղային մաքրագործումին, դժուար թէ Կովկասի որեւէ պետութիւն, օրին, իր ազատ կամքին ապաւինեցաւ: Վրաստանը մնաց արեւմուտքի ազդեցութեան տակ, Ատրպէյճանը աշխուժօրէն Թուրքիա-ՕԹԱՆ-Իսրայէլ, ուստի՝  ամերիկեան ազդեցութեան տակ անցաւ, մի՛այն Հայաստանն է, որ երեւութապէս մնաց ռուսական ազդեցութեան տակ, սակայն անոր վարչակարգն ալ այս վարչակազմին օրօք գործնապէս ենթարկուեցաւ Արեւմտեան հակահայ նոյն հոսանքին*:
«Պաքուն առաջինն էր, որ այս իրողութեան հետ հաշտուեցաւ: Ան սկսած էր սերտ գործակիցներ եւ դաշինքներ կազմել աշխարհի զանազան երկիրներու եւ աշխուժացուցած յարաբերութիւնը յետխորհրդային երկիրներուն հետ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ռուսիոյ հետ գործակցութեան։ Միաժամանակ, Ատրպէյճանը սկսաւ մշակել եւ իրագործել արեւմտեան երկիրներու հետ գործակցութեան տարբեր ձեւեր ո՛չ միայն քաղաքական եւ տնտեսական*, այլ նաեւ ռազմական*։ Միեւնոյն ժամանակ, կրկին Պաքուն, յետխորհրդային շատ մը երկրներէն աւելի առաջ, կրցաւ «կարմիր գիծերը սահմանել, որոնց հատումը կը սպառնար Ռուսիոյ անվտանգութեան»»։
* Նիյազով բոլորովին անտեսած է Ատրպէյճանի քարիւղի եւ կազի տնտեսական գործօնը, որ միւս երկուքը չունին, եւ այդ է իր յարաբերութիւններուն գլխաւոր հիմքը*:
«Թիֆլիսը անտեսեց այս հանգամանքը եւ երազային վստահութեամբ ընդունեց, որ համաշխարհային քաղաքականութեան հիմնական խաղացողները առաջատար արեւմտեան երկիրներն են եւ յատկապէս ՄՆ-ը, որ պատճառ դարձաւ 2008-ի դէպքերուն (Ռուսիոյ հետ պատերազմ*): Հետեւանքը՝ Վրաստանը ոչ միայն չկրցաւ վերականգնել վերահսկողութիւնը Հարաւային Օսէթիոյ եւ Աբխազիոյ վրայ, այլեւ լրջօրէն աւելցուց իր ենթակայութեան մակարդակը:
«Այժմ Վրաստանը կը շարունակէ դժուարութիւններ ունենալ, միջազգային ասպարէզին մէջ իր ենթակայութեան մակարդակի աճին պատճառով։
«Նախ եւ առաջ, պատճառը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ խնդիրներու լուծուած չըլլալն է, քանի որ այս խնդիրի կայուն քաղաքական լուծումին հասնելու համար, Վրաստանը պէտք է լիովին համակերպէ իր հնարաւորութիւնները թէ՛ արեւմտեան երկիրներուն, եւ թէ՛ ալ Ռուսիոյ դիրքորոշումին հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, ակնյայտ է, որ այս խնդիրի լուծման վերաբերեալ ուժային այս կեդրոններուն տեսակէտները տրամագծօրէն հակադիր են, նշանակելով, որ անոնցմէ կախեալ ըլլալը լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ այս երկրին ենթակայութեան նուազումին, թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ՛ ալ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ։
«Երկրորդ՝ Վրաստանի ենթակայութեան նուազումին կը խոչընդոտեն անոր քաղաքական ներքին կեանքին մէջ տեղի ունեցող պատահարները։ Արդէն ակնյայտ է, որ հակառակ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Վրացական երազանք»-ի յաղթանակին եւ երկրի նախագահի պաշտօնին անոր թեկնածուին յառաջացման, կուսակցութիւնը երբեք չկրցաւ լիովին վերահսկել երկրի քաղաքական դաշտին եւ լրջօրէն նուազեցնել ընդդիմութեան ազդեցութիւնը։
«Իր կարգին, վրացական ընդդիմութիւնը չի փորձեր հակադրուիլ երկրի այժմու իշխանութիւններուն գաղափարներուն կամ քաղաքական տեսակէտին։ Փոխարէնը, կոչ կ՚ընէ արեւմտեան երկիրներուն քաղաքական եւ տնտեսական ճնշում բանեցնել Վրաստանի ղեկավարութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Վրաստանի պաշտօնական իշխանութիւնները, թէեւ կը մերժեն երկրի ներքին գործերուն միջամտելու արեւմտեան երկիրներուն եւ կառոյցներուն փորձը, սակայն չեն հերքեր այն դէզը, որ Վրաստանի ռազմավարական ընտրութիւնն է միանալ արեւմտեան կառոյցներուն, որոնց մէջ՝ անվտանգութեան մարզին, թէկուզ քանի մը տարի ետք։
«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա առաջին հայեացքով, Ռուսիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններու մէջ գտնուելով, երբեք չէ նպատակադրած Մոսկուայի շահերուն սպառնացող իրավիճակ ստեղծել։ Սակայն փաստօրէն, անկախութենէն ի  վեր, լրացուցիչ քաղաքականութեան մէջ, սերտօրէն համագործակցած է արեւմտեան երկիրներու հետ զանազան բնագաւառներու մէջ՝ միաժամանակ իր տնտեսութեան եւ ռազմական անվտանգութեան զարգացման մտահոգութիւնները տեղափոխելով Մոսկուա։
«Այս պատճառով, Երեւանը երկար տարիներ իր ազատ միջոցները տրամադրեց Ղարաբաղի վերահսկողութիւնը պահպանելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, հայկական դիւանագիտութեան ռազմավարական նպատակն էր հետաձգել բանակցային* գործընթացը՝ յոյս ունենալով, որ օր մը, ապագային, համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ այնպիսի իրավիճակ կը ստեղծուի**, որ կ՚արտօնէ Հայաստանին օրինականացնել ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ հաստատուած իրավիճակը։ Ազգային անվտանգութեան ապահովման համար օտար երկիրներէն կախեալ ըլլալն էր, որ արմատապէս աւելցուց Հայաստանի ենթակայութիւնը տարածաշրջանային անվտանգութեան համակարգին, եւ համաշխարհային տնտեսական ծրագիրներուն մէջ»։
*Հայաստանի հիմնական սխալն էր ցեղային մաքրագործումէ փրկած, ազատագրած ու յաղթանակած հայկական բնակավայրերուն մասին բանակցիլը: Ինչո՞ւ պատերազմ սկսած ու պարտուած ջարդարարին հետ պէտք էր բանակցիլ: Յաղթանակը պէտք էր ամրագրէր եւ վերջ*: Ինչ որ Ատրպէյճանը այժմ կը փորձէ ընել: ** Միթէ Ատրպէյճանը այս նոյն ուղղութեան հետեւելով չէ, որ օգտուելով Ուքրանիոյ պատերազմէն, իր քարիւղին ու կազին շնորհիւ բոլոր արեւմուտքը իր կողմը անցաւ ո՛չ թէ Ղարաբաղի կամ Հայաստանի դէմ, այլ Ռուսիան տկարացնելու համար:
«Հայաստանը լիովին ըմբռնեց այս մօտեցումին սխալ ըլլալը, Ղարաբաղեան Երկրորդ պատերազմին ժամանակ, երբ, հակառակ իր դիւանագիտական բոլոր ճիգերուն, չկրցաւ իր կողմը գրաւել Ատրպէյճանի դէմ պայքարին մէջ այն դերակատարները, որոնք, իր կարծիքով, մեծ նշանակութիւն կու տային իր արտաքին քաղաքականութեան: Սակայն, հակառակ հրաժարելով այն պատրանքէն, թէ միջազգային ասպարէզին մէջ պետութեան ենթակայութիւնը կարելի է ապահովել՝ խաղալով համաշխարհային քաղաքականութեան առաջատար երկիրներու հակադիր շահերուն վրայ, Հայաստանը որոշ ժամանակ գնաց նոյն ուղիով, թէեւ երկրի իշխանութիւնները հասկցան, որ փակուղիի մէջ են։
«Ի վերջոյ երբ սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի բանակը* ամբողջ երկրին վրայ լիակատար վերահսկողութիւն սահմանեց, Պաքուն, փաստօրէն, ուժի դիրքէն* սկսաւ պահանջել, որ Երեւանը կատարէ 10 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրի պայմանները, յատկապէս 9-րդ կէտը, որ կը նախատեսէ Ատրպէյճանի ազատ մուտքը Նախիջեւան**»։
*Ատրպէյճանի բանակը առանձին չպատերազմեցաւ, այլ Թուրքիան (օդուժը եւ մասնագէտներ), Իսրայէլը եւ թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ գործող ահաբեկիչներ (տես՝ գերմանական եւ իտալական այս աղբիւրները (2), (3) եւ շատ ուրիշներ) ուղղակի մասնակից էին պատերազմին*: Իսրայէլը, քանի որ Իրանի թշնամի է, եւ Իրան-Արցախ սահմանը, որ 138 քմ էր, գոնէ այդ մասը ապահով էր Իրանի համար: Այժմ իսրայէլեան ուժեր եւ լրտեսական միջոցներ հաստատուած են Արցախի մէջ:**Նախիջեւանը Ղարաբաղի նման հայկական նահանգ է, որ 1921-ին Խորհրդային վարչակարգը, 1918-ին նոր ստեղծուած Ատրպէյճան կոչուող հանրապետութեան հոգատարութեան տակ դրաւ: Հայաստանն ու Ռուսիան կը հերքեն «ազատ մուտք Նախիջեւան» այդպիսի յօդուած չկայ**:
«Նոր իրողութիւններուն գիտակցութիւնը մղեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը սկսիլ իր երկրի դերին արմատական վերանայումին, ժամանակակից միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ, որուն պատճառով հնչեց «Իրական Հայաստան»* գաղափարախօսութիւնը, որ իր բովանդակային իմաստով կոչ մըն է Հայաստանի քաղաքացիներուն հրաժարիլ հարեւաններէն տարածքային պահանջներէն եւ կեդրոնանալ այժմու տարածքներու զարգացման վրայ,՝ ամրապնդելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան պահպանումը։
*Միթէ 1918-ին նոր ստեղծուած պատմական անցեալ չունեցող «Իրական Ատրպէյճան» մը գոյութիւն ունեցա՞ծ է, որ այժմ հողային պահանջներ ունի հարեւաններէն՝  Հայաստանէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն…*
«Միաժամանակ կը նշուի, որ «Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը հայրենիքը կը նոյնացնէ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ»։ Սակայն այս մօտեցումը բացասաբար ընկալուեցաւ թէ՛ երկրին, եւ թէ՛ ալ հայկական սփիւռքին մէջ (յատկապէս Ֆրանսա եւ ՄՆ), որոնք երկար տարիներ զբաղած են «Ծովէ ծով Մեծ Հայաստանի» գաղափարով եւ քարոզչութեամբ։
«Մէկ այլ նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն էր բարձրացնել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ, Երեւանի փափաքն էր իրականացնել «Աշխարհի խաչմերուկ» նախագիծը՝ ապահովելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի երկիրները, Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը կապող առեւտրային եւ չուագիտական ուղիներ, որոնք կ՚անցնին Հայաստանով։
«Սակայն այս ծրագիրը կը բախի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ նոյնիսկ Իրանի՝ «3+3» հարթակի գաղափարը կեանքի կոչելու փափաքին, որուն բաղկացուցիչ մասը պէտք է ըլլայ (այսպէս կոչուած*) «Զանգեզուրի միջանցքը»: Հայաստանը չուզեր անարգել տեղաշարժ շնորհել այս ուղիով՝ հաւատալով, որ այդ մէկը կը նուազեցնէ իր ինքնիշխանութիւնը, տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի մը բացակայութեան։ Բացի այդ, Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը բացայայտօրէն ըսած է, որ «առանց Ատրպէյճանի այս «ծրագիրը» որեւէ արժէք չունի, եւ մենք բազմիցս յայտնած ենք հայկական կողմին։ Եթէ իսկապէս կ՚ուզեն այս ծրագիրը գործադրել, պէտք է դիմեն Ատրպէյճանին»:
«Իր հերթին, Հայաստանի ղեկավարութիւնը, իր երկրին վարկը բարձրացնելու նպատակով, կը փորձէ իր հարեւաններուն եւ մասամբ համաշխարհային հանրութեան ապացուցել, որ վճռական է թէ՛ խաղաղութեան նախաձեռնութիւններ իրականացնելու, եւ թէ՛ ալ ինքնուրոյն ապահովելու չուագիտական ուղիներուն անվտանգութիւնը։ Իրենց խօսքերը ապացուցելու համար Հայաստանի իշխանութիւնները դադրեցուցած են ռուս սահմանապահներու ծառայութիւնները, սակայն ԵՄ դիտորդներ հրաւիրած են հայ-ատրպէյճանական սահման, որ զայրացուցած է Պաքուն (եւ Իրանը*)։
«Յստակ է, որ համաշխարհային քաղաքականութեան այժմու վերիվայրումները անմիջական ազդեցութիւն կ՚ունենան Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն ինքնիշխանութեան վրայ, մինչ՝ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, թէ՛ տարածաշրջանին, եւ թէ՛ սահմաններէն դուրս, կ՚ամրապնդեն անոնց դիրքերը: Սակայն դրացիին դէմ մեծ պետութիւններուն միջոցները օգտագործելու վրայ կեդրոնանալը ձախողութեան կը դատապարտէ զանոնք»: Վերջ:
Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն ենթակայութիւնը համաշխարհային վերիվայրումներուն պիտի շարունակէ յարատեւել, որուն վատ հետեւանքներէն, ո՞վ կը վստահեցնէ, որ մանաւա՛նդ բռնատիրական Ատրպէյճանը զերծ պիտի մնայ եւ կացութիւնը պիտի չի շրջուի: Մնացեալ ճշդումներս արդէն տեղւոյն վրայ կատարեցի:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները յօդուածագրին կողմէ
1. https://valdaiclub.com/a/highlights/subjectivity-of-the-south-caucasus-states-amid/?utm_source=newsletter&utm_campaign=476&utm_medium=email
2. https://www.dw.com/en/turkey-syrian-mercenaries-foreign-policy/a-55098604
3. https://www.ispionline.it/en/publication/role-foreign-fighters-nagorno-karabakh-conflict-27764
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button