Յօդուածներ
Հաղորդագրութիւն․- Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Ոգեկոչման Խօսք
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդ

24 Ապրիլ 2025
Այս հանդիսաւոր առիթով Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը կ’ոգեկոչէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը:
Մենք կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ մեր խորին յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոնց՝ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն, որոնց կեանքը բռնի խլուած է, տուներն ու համայնքները աւերուած, եկեղեցիները, դպրոցները, ուսումնական եւ առողջապահական հաստատութիւնները քանդուած, մշակութային ժառանգութիւնը թալանուած ու հայրենիքը պղծուած: Մենք կը յիշենք մեր ժողովուրդին հասցուած ո՛չ միայն ֆիզիքական աղէտը, այլ նաեւ հոգեւոր, մշակութային, տնտեսական եւ սերնդային անթիւ կորուստները, որոնք կը շարունակեն մինչեւ օրս ազդել մեր ժողովուրդին վրայ:
110 տարի անց մենք կը վերահաստատենք մեր աննկուն յանձնառութիւնը յիշողութեան, արդարութեան, ամոքման եւ զարգացման նկատմամբ: Մենք կտրականապէս կը մերժենք ոճրագործներուն եւ անոնց իրաւայաջորդներուն բոլոր ջանքերը՝ ժխտելու, խեղաթիւրելու կամ վերանայելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ընդհուպ՝ Հայոց պատմութիւնը: Փաստերու ոչնչացումը, զոհերու մեղադրումը, սերունդներու եւ վերապրողներու ձայնը լռեցնելու փորձերը հիմք կը հանդիսանան լուրջ անարդարութիւններու եւ բարոյական ձախողութիւններու, որոնք կը խորացնեն պատմութեան վէրքերը:
Ցաւօք, աշխարհի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակուին: Արցախի հայկական պատմական հողի՝ վերջերս իրականացուած բռնազաւթումը, անոր նախկին ղեկավարութեան ապօրինի ձերբակալութիւնները եւ կեղծ դատավարութիւնները, բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը,– այն ժողովուրդին, որ հազարամեակներ շարունակ հաւատարիմ մնացած է իր հայրենիքին,– կը մատնեն ցեղասպան մտայնութեան նորովի դրսեւորում: Միջազգային հանրութեան ձախողութիւնը՝ բարոյական ազնուութեամբ միջամուխ ըլլալու կամ խօսելու, կ’ընդգծէ լռութեան յարատեւ մեղսակցութիւնը:
Աւելի քան մէկ դար համաշխարհային տէրութիւնները, քաղաքական ուժերը եւ նոյնիսկ կրօնական, ակադեմական եւ իրաւական կառոյցները յաճախ աչք փակած են ճշմարտութեան վրայ՝ առաջնորդուելով աւելի շատ նպատակայարմարութեամբ, քան արդարութեամբ:
Այս լռութիւնը ծանր հետեւանքներ ունեցած է մարդկութեան համար՝ ենթահող նախապատրաստելով հետագայ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար: Ժամանակակից աշխարհին մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը կը շարունակէ մնալ բարոյական քայքայման նենգագոյն դրսեւորումներէն մէկը։ Հայկական պատմական իրողութիւններու, մշակոյթի ու հողի խեղաթիւրման ամէն փորձ անկասկած պէտք է մերժուի քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ։ Ի շարս այլոց՝ վերանայման քաղաքականութեան անընդունելի օրինակ է վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ Հռոմի Փոնթիֆիքալ Կրէկորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած համաժողովը, ինչը վարկաբեկում է պատմագիտութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան։
Միաժամանակ մենք երախտագիտութեամբ կ’ընդունինք ու կը յարգենք բոլոր այն երկիրները, կազմակերպութիւնները, եկեղեցիները եւ այլ կառոյցներ, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակեն նշանակալի դեր խաղալ անոր վէրքերու սպիացման մէջ։ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան անոնց յանձնառութիւնը բարոյական խիզախութեան փարոս է աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը բնութագրուի լռութիւնը, պատեհապաշտութիւնն ու ժխտողականութիւնը:
Այնուամենայնիւ, հակառակ մահուան եւ աւերներու, աքսորի եւ ցանուցիրութեան` հայ ժողովուրդը կը տոկայ: Մենք պատուադիր ենք աստուածապարգեւ տոկունութեան համար, որ թոյլ տուած է մեզի ոչ միայն գոյատեւելու, այլեւ բարգաւաճելու։ Մենք շնորհակալ ենք Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակման միջոցով մեր նախնիներու երազներուն իրականացման համար։ Մենք կը գնահատենք տարբեր մայրցամաքներու վրայ բարգաւաճող հայկական Սփիւռքի կենսունակութիւնը, ինչը մեր ժողովուրդին տոկուն ոգիին կենդանի վկայութիւնն է:
Հիմնուելով մեր քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն վրայ եւ ամրապնդուելով յարուցեալ Տէրոջ յաւերժակեաց ոգիով, մենք կոչ կ’ընենք բոլոր խղճամիտ մարդոց՝ կողմնապահ ըլլալու ճշմարտութեան, իրաւացիութեան եւ արդար խաղաղութեան։
Իրական հաշտեցումը պէտք է սկսի պատմական ճշմարտութեան ընդունումով, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան եւ անոր ժխտման համար զղջում արտայայտելով, ինչպէս նաեւ յիշատակի յարգումով: Ցեղասպանութիւնը երբեք պէտք չէ ենթարկուի քաղաքական շահարկումներու, այլ պետք է դիտարկուի բարոյական բարձրագոյն լրջութեամբ եւ ազնուութեամբ։
Թող 110-ամեակի այս ոգեկոչումը ըլլայ աւելի քան անցեալի յիշատակումը։ Թող ան ծառայէ որպէս արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ կեանքի սրբազնութեան նորովի հաստատում: Թող սա կոչ ըլլայ համայն հայութեան՝ անսասան մնալու հաւատքի եւ տոկունութեան, միասնութեան եւ նուիրումի ոգիին, այլեւ պետականաշինութեան իրենց շարունակական եռանդին մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ միջազգային հանրութեան՝ խղճամտութեամբ մօտենալու պատմութեան եւ ներկայ ժամանակներու շարունակուող ցաւալի ցեղասպանութիւններու իրողութեան:
Թող մնանք մեր նահատակներուն ժառանգութեան հաւատարիմ պահապանները եւ անխոնջ աշխատինք յանուն արդար ու խաղաղ աշխարհի, ուր այլեւս երբեք պէտք չէ թոյլատրուի այդպիսի չարիքներու աճը:
Աղօթարար,
Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Նախագահ Գործադիր Տնօրէն