ԳլխաւորԽմբագրական

Վասն Նահատակաց

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

«Ցեղասպանութիւնը կը սկսի մէկ մարդու սպանութեամբ, ոչ թէ անոր ըրածին, այլ անոր համար, թէ ով է ան»:

Քոֆի Աննան (Մ․Ա․Կ․-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար, 1938-2018)

Դժուար է Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք այս տողերը գրել, պարզապէս այն պատճառով, որ կան հայանուն Բրուտոսներ, որոնք կը գտնուին ղեկավար դիրքերու վրայ, եւ սկսած են հարցականի տակ առնել ծանր ու ահաւոր եղեռնագործութիւնը, լռելեայն կը թելադրեն, որ ազգը զայն դիտէ իբրեւ պարզ պատահար մը։

Վարչապետ Փաշինեան յաճախ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը կ՛արծարծէ եւ անտեղի հարցադրումներով կը փորձէ մոլորեցնել, սակայն անկասկած կը զայրացնէ հայորդին։

Ան քաջատեղեակ է, եթէ մեր պատմութենէն բոլորովին երես չէ դարձուցած ու յարած՝ թրքահնար աղաւաղումներուն, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, 1921 թուականին, յանձին Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսին, 24 Ապրիլը յստակօրէն սահմանած էր իբրեւ Հայոց եղեռնի զոհերու յիշատակի օր: Երեւանի ղեկին նստած անձը, առանց մատնանշում կատարելու, կը յաւակնի մանկամիտ մօտեցումով խեղաթիւրել պատմութիւնը եւ հարցադրել․- «1950-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է։ Ո՞նց է, որ նախապէս այդպէս բան չի եղել»: Դեռ աւելին, ան գիտուն մասնագէտի մը նման, թութակի պէս կը կրկնէ Անգարայի մտայղացումը, թէ պէտք է յատուկ մասնագիտացած յանձնախումբերու միջոցաւ մանրամասնօրէն քննել, թէ ի՞նչ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահած է Ցեղասպանութիւնը։ Անոր մէկ այլ գիւտն ալ այն է, թէ բծախնդրօրէն, յատուկ վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարուին, զոհերու թիւը յստակացնելու․․․: Արդեօք նման վիճակագրական աշխատա՞նք ալ պիտի կատարուի Արցախի 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն մասին իր հաշուարկին տրամաբանութեամբ, երբ ան քողարկուած հեգնական ոճով թիւը ներկայացուած «փլուս-մինուս»-ով…։

Եթէ «ազգընտիր վարչապետ»-ը ուշի ուշով թերթատէ Հայոց Պատմութեան անցեալ դարաշրջանի էջերը, շատ դիւրութեամբ պիտի սորվի, որ 1921-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի սահմանած՝ Հայոց եղեռնի զոհերու յիշատակի օրէն ետք, դժուար էր ազատօրէն գործել Ստալինի բռնատիրական վարչակարգի օրերուն, ուր ազգայնական ամէնադոյզն դրսեւորումն ու արտայայտութիւնը արգիլուած էր եւ կրնար աւարտիլ ոչ թէ միայն բանտարկութեամբ, այլ հեռաւոր սառուցեալ շրջաններ աքսորով կամ պարզ ու մէկին մահապատիժով։

Ստալինի հրաժեշտէն ետք, Խորհրդային Հայաստանի մէջ դանդաղօրէն սկիզբ առաւ ձիւնհալը։ Այս փոփոխութեան ցայտուն օրինակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սարդարապատի յուշահամալիրներուն կառուցումը։

1965-ին Երեւանի մէջ կատարուած յիշատակի հաւաքն ու միաժամանակ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ կազմակերպուած քայլարշաւներն ու պատահած հաւաքները, առանց մոռնալու հակաթուրք ուժական պայքարը բաւական են յիշեցնելու, թէ հայորդին ահաւասիկ աւելի քան 50 տարիէ ի վեր ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏ փոխանձած է իր պահանջատիրութիւնը, շատ լաւ գիտէ, թէ Ցեղասպանութիւնը «ի՞նչ է, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահած է»: Միայն թուրքն (անշուշտ ո՛չ այլախոհը) է ու թրքամիտը՝ որ հարցականներ կը գծէ փաստուած ու ճանչցուած իրականութիւններուն վերեւ:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Փաշինեանի համահունչ կասկածներ արտայայտած էր իր հլու կամակատարներէն՝ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ եւ բարձրաստիճան ՔՊ-ական Անդրանիկ Քոչարեան, որ «հնարած» էր, թէ Ցեղասպանութեան առնչուող շօշափելի եւ իրական հիմքեր պէտք է գտնել՝ զոհուած հայերու ցուցակը կազմել, աւելի առարկայական դարձնելու համար հարցը:

Վարչապետին քարոզած յանկերգին միանալով՝ ան շեշտած էր, թէ անհրաժեշտ է ունենալ Ցեղասպանութեան ենթարկուած բոլոր հայերուն անունները եւ ստուգել, թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ կատարուած են սպանութիւնները։ Եւ, ուշադրութի՜ւն, Անդրանիկ Քոչարեան ինչպէ՜ս ջարդ բառը գործածելէն կը խուսափի։ Եթէ այս իմաստակը նման «գիւտերը» առաջարկէր Լեփսիուսի, Արմին Վակնէրի կամ դեսպան Մուրկընթաուի, Ցեղասպանութեան ականատես բազում վկաներու, անոնք հաւանաբար արձագանգէին՝ «Ե՛կ, Վարդապե՛տ, ու մի…»

Իսկ եթէ Փաշինեան եւ միւս «գիտո՜ւն» ՔՊ-ականները ուզեն քիչ մը եւս խորանալ պատմութեան էջերուն մէջ, թէեւ շատ խորացումի կարիք չկայ, պիտի սորվին, որ Ցեղասպանութիւն բառը չէր կրնար գործածուիլ Ստալինի օրերուն կամ անկէ առաջ, 1921-ին, որովհետեւ մարդկութեան բառարանին մէջ Լեմքին մը զայն չէր աւելցուցած իբրեւ քաղաքական մեծագոյն ոճիր մը լուսաբանող եզր:

Պատմական այս տարրական ճշմարտութիւններուն իմացութիւնը պարզ կը դարձնէ, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը ինչո՞ւ հայերը Ցեղասպանութեան ենթարկեց, Քոֆի Աննանի բառերով՝ «սկսելով մէկ մարդու սպանութենէն», այսինքն՝ հայ մտաւորականներու եւ առաջատար դէմքերու սպանութենէն, ո՛չ թէ «անոնց ըրածին համար», այլ որովհետեւ ՀԱՅ ԷԻՆ եւ խոչընդոտ էին համաթուրանական ծրագիրին, ինչպէս՝ այսօր, ինչպէս… Կարմիր Սուլթանին օրերուն: Հիմա, մեր թրքատիպ «գիտունները» կը պատրաստուին Հայաստանի Սահմանադրուենէն դուրս նետել Անկախութեան հռչակագիրը, որովհետեւ հոն ամրագրուած են Ցեղասպանութեան եւ Արցախի մասին ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ պահանջատիրութիւնը, յանձնառութի՛ւնը, պատմութեան հաւատարմութիւնը, որ քաղաքական կեցուածք է անկասկած:

Թուրքիոյ պետութեան կողմէ յղացուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը կը նշենք, մեր ցասումն ու ընդվզումը արտայայտելով 19 Բաղրամեան պողոտայի ՔՊ-ական վարձակալներու դէմ, որոնք Թուրքիոյ նկատմամբ հայորդիին արդար պահանջները յառաջ տանելու եւ պայքարելու փոխարէն` կը ծառայեն Անգարայի ժխտողականներու դաւադիր գործին…ուրացումի՛ն:

Վասն նահատակաց ազգիս հայոց, եւ վասն մեր արդար ու անվիճելի իրաւունքներուն, հայը, Հայաստանի մէջ ու Սփիւռքի տարածքին, չի կրնար միանալ ՔՊ-ականներու ուղիին, չի կրնալ Թուրքիոյ ոճրագործ պետութեան պէս հարցականի տակ առնել պատմական ճշմարտութիւնը, ընդհակառակը՝ պիտի շարունակէ աննահանջ պայքարը՝ մինչեւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՈՒՄԸ։

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button