Ձկնկիթի Եւ Քարիւղի Բոյրը Հասած Է Վատիկան
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Անթալիոյ մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 11-13 Ապրիլին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած դիւանագիտական գիտաժողովին եւ կատարեց անձնատուական յայտարարութիւններ: Քանի մը օր ետք, Ապրիլ 15-ին, Երեւանի սրտին մէջ, ազգային ժողովի բեմէն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըրաւ նոյնիմաստ հաստատումներ, թէ՝ պատրաստ է ամէն գնով լուծարքի ենթարկելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը եւ միաժամանակ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը: Հայութեան ու մասնաւորաբար Արցախի իրաւունքներուն դիմաց նոր ահազանգ հնչեցնող այս յայտարարութիւնները շուքի մէջ ձգեցին կամ լուսանցք քշեցին այլ ահաւոր «գոյժ» մը։
Հայրենի քաղաքական միտքը, մասնաւորաբար ընդդիմադիր շրջանակներ սպասուած հակազդեցութիւնը չցուցաբերեցին (իշխանականներէն ո՞վ ի՜նչ սպասում ունի որ), թէ ի՞նչ պայմաններու տակ, Վատիկանի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Հռոմի հանրահռչակ եւ հեղինակաւոր Pontificia Universitոյ Gregoriana համալսարանին մէջ, Վատիկանի Ատրպէյճանի դեսպանութեան եւ ատրպէյճանական քանի մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է գիտաժողով մը, որ կը կրէ «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականացում» խորագիրը։ Այսպէս կոչուած՝ «գիտաժողով»-ը կասկածելի բեմ մըն էր, եւ լուսաբանութիւններէ աւելի՝ ստաբանութիւններով հարցականներ ստեղծեց:
Աղաղակող էր, որ ձկնկիթի հրապուրիչ քաղաքականութեան կողքին, քարիւղատար խողովակներու բոյրը հասած էր Սուրբ Աթոռ: «Հայտար Ալիեւ» բարեգործական հիմնարկի եւ անոր հովանիին տակ գտնուող այլ կեղծ՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցաւ կարելի եղած է կազմակերպել այս յերիւրանքներու գիտաժողովը, որուն հիմնական ուղերձը այն էր, թէ Ատրպէյճան իբրեւ թէ բաց քաղաքականութիւն ու բարեացակամ վարուելակերպ որդեգրած է տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու նկատմամբ։
Բնական է, որ երբ քարիւղով օծուն գումարներով ֆինանսաւորուած «մասնագէտ»-ներ, իրականութիւնները գիտնալով հանդերձ, կը ստեն ու կը խեղաթիւրեն՝ բազմաթիւ յուշարձաններ, եկեղեցիներ եւ վանքեր կը ներկայացուին իբրեւ ոչ հայկական, այլ՝ աղուանական կառոյցներ։ Հարց տուող եղա՞ծ է արդեօք, թէ ազերիական ձեռքեր ինչո՞ւ լծուած են «աղուանական» եկեղեցիներու, կոթողներու, գերեզմաններու եւ գիւղերու քանդումին, հետքերու ոչնչացման…
Բազմաթիւ մասնագէտներ, հետազօտողներ եւ փորձագէտներ հրաւիրուած էին զանազան երկիրներէ, որոնց կարգին էին Թուրքիա (բնականաբար), Ուզպեքիստան, Ղազախստան, Վրաստան, Ռուսիա, Գերմանիա, Իտալիա, Ֆրանսա, Լեհաստան, Լիթուանիա, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ նոյնիսկ հեռաւոր Հարաւային Քորէա: Զարմանալի է, որ Հայաստանի ներկայ ՔՊ-ական ղեկավարութիւնը այս կալուածին մէջ յատուկ հլու կամակատար փորձագետներ չէ թրծած, կամ՝ հայր Ալիեւի անուան հիմնարկը կարեւորութիւն չէ տուած որդի Ալիեւի գործակիցներուն։
Դադիվանք, Ամարաս, Գանձասար, Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցի եւ դեռ շա՜տ ու շատ սրբատեղիներ ներկայացուած են իբրեւ կովկասեան աղուանական կառոյցներ։
Հետեւողական աշխատանք կը տանի Պաքուն, յատկապէս տեղւոյն պապական նուիրակին ճամբով, որ յայտնապէս դարձած է տեղացիներուն նուիրակը։
Ստեղծուած վիճակը աչքի առջեւ ունենալ, յիշեցինք հանրածանօթ ժապաւէն մը, որուն խորագիրին մէկ բառը՝ western-ը փոխելով՝ կ’ունենանք «All quiet on the Armenian front»: ՔՊ-ական թերամիտ ղեկավարներուն մարմաջն է իբր թէ մէկ քարով երկու թռչուն զարնել, այսինքն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծարքի ենթարկել եւ միաժամանակ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել: Անոնք քաղաքական նուազագոյն հասունութիւնը եւ գիտակցութիւնը չունին, որ քարը նետողը իրենք չեն, այլ անտեղիօրէն ծլվլացող թռչունները, իսկ անդին, Ատրպէյճան հետաքրքրուած է միայն մէկ բանով՝ Մինսքի խումբին լուծարումով, որ կը նշանակէ Արցախի հարցը տասնամեակներ շարունակ հետապնդող միջազգային միաւորի մը բեմէն վերջնական հեռացումը։ Աւելորդ է նաեւ ակնկալել, որ ՔՊ-ականները ձայն բարձրացնեն հայկական հետքերու ոչնչացման դէմ, որովհետեւ կը մտածեն՝ մեզի ի՞նչ, ազերիները իրենց ուզածը կրնան ընել իրենց սահմաններէն ներս, մենք Արցախը ճանչցած են իբրեւ ազերիապատկան, եւ այնքա՜ն քրիստոնեայ ենք, որ փոխարէնը ոչինչ կ’ակնկալենք, կը ստանանք, մեր մէկ երեսին ապտակ տուողին՝ միւս երեսը կը դարձնենք…
Ազերիական խարդաւանանքը աննկատ չանցաւ: Կրօնական միջավայրի՝ Հռոմի համալսարանին մէջ կազմակերպուած հակահայ ձեռնարկը կրօնական պատասխանատուներու՝ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներու կողմէ դատապարտուեցաւ բողոքի արդար նամակով մը: Անշուշտ ողջունելի էր նաեւ ազդեցիկ՝ «Monument Watch»-ի յղած բողոքագիրը, բայց վնասարար հարուածը հասած է ու նոր մարտահրաւէր մը նետուած՝ հայ քաղաքական, դիւանագիտական եւ պատմագիտութեան միտքին: