ԽՆԱԾԱԽԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏՈՒՆԸ՝ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻ ԹԻՐԱԽ
Գրեթէ ամիսէ մը ի վեր Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ ամէնօրեայ կրակոցները Սիւնիքի սահմանամերձ գիւղերուն վրայ։ Ապրիլ 14-ին թիրախը՝ Խնածախ գիւղի մշակոյթի տունն էր, որ բաւական վնասներ կրեց:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախաչաչութիւնը կը շարունակէ շեշտել, թէ ատրպէյճանցիներուն կրակոցները վտանգաւոր չեն եւ դէպի Հայաստանի տարածքը չեն ուղղուած։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան յայտնեց, թէ թիրախային կամ ոչ-թիրախային կրակոցներով, Պաքու յստակ նպատակ կը հետապնդէ:
Իսկ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Հայաստան անհիմն եւ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւններ կը տարածէ, աւելցնելով, որ համարժէք միջոցներ առնուած են, միայն ատրպէյճանական դիրքերը ռմբակոծող հայկական զինուած ուժերու սադրանքներուն իբրեւ պատասխան:
«Մենք անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները երբեք կրակ չեն բանար քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական կառոյցներու վրայ», կ՛եզրակացնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: