Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութիւնը տասը միլիոն ստորագրութիւն հաւաքեց՝ նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար։

Կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզել սեւ ծովեան Սամսոն քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը յաջողած է հաւաքել տասը միլիոն ստորագրութիւններ, որոնց թիւը աւելի պիտի բարձրանայ։

Ստորագրահաւաքը ընթացք առաւ 30  Մարտին Տրապիզոն քաղաքին մէջ, որ Պոլսոյ կալանաւորեալ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ծննդավայրն է։

Թէեւ Թուրքիոյ նախագահական յաջորդ ընտրութիւնները նախատեսուած են 2028-ին, ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ անոնք աւելի կանուխ կազմակերպուին։ Տեղին է նշել, որ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութիւնը առաջադրեց Իմամօղլուի թեկնածութիւնը, որ կը համարուի Էրտողանի լուրջ մրցակից մը։

*

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար Հուլուսի Աքար, որ ներկայիս կը վարէ խորհրդարանական պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբին նախագահութիւնը, յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միացեալ բանակին ստեղծման աշխատանքները ընթացքի մէջ են եւ կը շարունակուին։

Աքար նշեց, որ միացեալ բանակ կազմելու աշխատանքները պէտք է շարունակուին եւ թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պէտք է շարունակեն միասին գործել պաշտպանութեան մարզին մէջ՝ աւելցնելով,որ այդ աշխատանքին յաջողութեան գրաւականներէն մին միացեալ ռազմափորձերն են։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ապպաս Արաքճիի հետ։

Ֆիտան Ռուպիոյի հետ քննարկեց Իրանի ներկայացուցած վտանգը՝ շրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան։Զրուցակիցները կարեւորեցին հակաահաբեկչական համագործակցութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ի ուժեղացումը։

Միւս կողմէ, Ֆիտան Արաքճիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ողջունեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերսկսած բանակցութիւնները։    Արաքճի, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց՝ վերսկսած բանակցութիւններուն կապակցաբար Թուրքիոյ որդեգրած շինիչ կեցուածքին համար։ Հաքան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու՝ խնդիրներու լուծման նպատակով։

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ իրանցիներու առնչուող հիւպատոսական որոշ հարցերու եւ խնդիրներու։ Հաքան խոստացաւ հետապնդել այդ հարցերուն լուծումը։

*

Թրքական ոստիկանութիւնը թմրեցուցիչներու մաքսանենգներու ցանցերու դէմ իրականացուց հետապնդումներու եւ կալանաւորումներու արշաւ մը, որ մեծագոյնն էր երկրին պատմութեան մէջ։

Աւելի քան 4700 ոստիկաններ եւ ոստիկանութեան տարբեր բաժանումներու աշխատակիցներ մասնակցեցան լայնածիր գործողութեան, որուն թիրախ դարձան Անգարայի մէջ 626 վայրեր։ 525 կասկածելիներ ձերբակալուեցան։

Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ կատարուած այս գործողութենէն առաջ, հետապնդումներու եւ ձերբակալութիւններու համակարգուած արշաւ մը միեւնոյն ժամանակ գործադրուեցաւ Թուրքիոյ, Նիտերլանտէրներու, Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Պելճիքայի մէջ։ Ձերբակալուեցան 234 կասկածելիներ։ Այս գործողութիւնը կատարուեցաւ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Աւստրալիոյ, Յունաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակման։

*

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայայի համաձայն, Թուրքիա կ՛ապրին աւելի քան չորս միլիոն օտարահպատակներ, որոնց շարքին են 2.78 միլիոն սուրիահպատակները։

Երլիքայա յայտնեց, որ 9 Դեկտեմբեր 2024-էն ի վեր 175,512  սուրիացիներ կամաւորաբար Սուրիա վերադարձած են։Իսկ 2017 ի վեր 915,515 սուրիացիներ իրենց երկիրը վերադարձած են։

Թրքական պաշտօնական աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ Յունիսին  սուրիացիներու վերադարձի նոր ալիք մը արձանագրուի՝ կրթական տարեշրջանի փակման հետ։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button