Յօդուածներ

Ի Խնդիր Հայրենիքի Եւ Ազգի Ազատագրութեան՝ Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութիւնը Եւ Խաչատուր Մալումեան՝ Էտկար Ակնունի

Հ․Յ․Դ․ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» թերթի խմբագրատունը՝
avenue de la Roseraie 29, 1205 Genève

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Առկայ յօդուածը  կ’անդրա­դառնայ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին քա­ռորդին Եւրոպայի տարբեր համալսարաններու մէջ հայ ուսանողներու ներկայու­թեան՝ Օսմանեան կայսրու­թեան եւ Ցարական Ռուսիոյ փլուզման ժամանակահատ­ուածի նախօրեակին։ Խիստ հետաքրքրական է տեսնել ու հպարտանալ այն փաստով, թէ որքան ուսումնատենչ եղած է հայը, թէկուզ դժնդակ եւ զրկանքներու դարերուն, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Օս­մանեան կայսրութեան տար­բեր քաղաքներէն դիմելով դէպի Եւրոպա՝ առաջատար համալսարաններու մէջ ստանալու համար բարձրա­գոյն կրթութիւն. առաջնա­հերթ նպատակ ունենալով ոչ միայն ուսմամբ եւ մասնագիտութեան մը ձեռքբերումով ապահովելու համար անձնական կեանքը, այլեւ ծառայելու օտար պետութիւններու իշ­խանութեան տակ հեծող բազմաչարչար հայ ժողովուրդին, Հայաստանի ազատագրու­թեան իրականացման, այլեւ անոնց շօշափելի ցուցանիշ՝ հայոց անկախ պետականու­թիւնը վերակերտելու վառ գաղափարին։

Առկայ համաթեքսթին մէջ հետաքրքրական է դիտարկել, թէ ինչպէ՛ս հայ ուսանողները Եւրոպայի տարբեր համալսարաններու մէջ կը շփուին ժամանակակից գաղափարնե­րու եւ քաղաքական հոսաքներու հետ, կ’իւրացնեն ու կը փոխակերպեն զանոնք նախ իրենց անձնական կեանքին, ապա իրենց կազմակերպութիւններուն եւ համապատաս­խան ցանցերուն մէջ։ Այսպէս, պատմութեան այս հանգրուանին, անոնց ունեցած հա­սարակական, քաղաքական եւ մշակութային որոշակի ազդեցութիւնները, անոնց ձեռք բերած փորձառութիւնը, մտային ու գաղափարական փոխանակումները հետզհետէ կը յառաջացնեն միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հայ քաղաքական կուսակցու­թիւններ, որոնք իրենց հերթին կը դառնան հայ ժողովուրդի պատմութեան արժանաւոր դերակատարները։

Ուսանողներու այս միջավայրէն էր, որ Ժընեւի մէջ 1887 թուականին կազմաւորուեցաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը։ Եւրոպայի տարբեր համալսարաններու մէջ գտնուող հայ ուսանողութիւնը մէկ դրօշի տակ համախմբելու նպատակով Աւետիս Նազարբէկեան եւ Մարօ Վարդանեան, հաւանաբար դեկտեմբեր 1886 թուականին, կը հրապարակեն «Քոյրերի՛ն եւ եղբայրների՛ն» խորագրով կոչ մը ու զայն կ’առաքեն Եւրոպայի հայ ու­սանողական շրջանակներուն, որպէսզի անոնք անդամակցին արդէն հոկտեմբեր 1886 թուականին Ժընեւի մէջ կազմաւորուած «յեղափոխական ընկերութեան»։ Այդպէս ալ այս կոչը անարձագանգ կը մնայ եւ չի դառնար այն առանցքային ազդակը, որուն շուրջ պիտի համախմբուէր Եւրոպայի հայ ուսանողութիւնը։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Ա. համագումարը

Սակայն հակառակ այս փաստին, շնորհիւ Եւրոպայի տարբեր համալսարաններու մէջ հայ ուսանողներու աճող թիւերուն, կարիքը հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ ի վեր­ջոյ ստեղծելու կազմակերպութիւն մը, որուն հովանիին ներքոյ կարելի պիտի ըլլար հա­մա­խմբել ուսումնատենչ երիտասարդութիւնը։ Սոյն նպատակի իրականացման առա­ջին նախաձեռնողները կը հանդիսանան 1860 թուականին Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղա­քին մէջ կազմաւորուած «Հայ ակադիմիականներու միութեան» (Armenisch-Akade­mischer Verein) անդամները, որոնք արդէն ունէին որոշակի փորձառութիւն։ Անոնք ի­րենց շարքերէն կ’ընտրեն չորս անդամէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ նախատեսուած միութեան համար ծրագիր մը մշակելու եւ Եւրոպայի հայ ուսանողներու ընդհանուր համագումար մը իրականացնելու նպատակով։ Սոյն առաջադրանքը կ’իրականանայ 12–15 ապրիլ 1897 թուականին՝ Հայտելպերկի մէջ, ուր միաժամանակ կը հիմնադրուի «Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւն»-ը։

Որքա՜ն բարեբաստիկ երեւոյթ է, որ սոյն միութիւնը 1899 թուականին Վիեննայի Մխի­թարեան միաբանութեան տպարանէն կը հրատարակէ «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ու­սանողական միութեան» խորագրով տետրակ մը, ուր համապարփակ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Ա. եւ Բ. համագումարներուն մա­սին։

Ինչպէս վերոգրեալ ակնարկուեցաւ, Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան առաջին նիստը կը գումարուի 12 ապրիլին Հայտելպերկի մէջ՝ մասնակցութեամբ 22 ուսանողնե­րու։ Նոյն օրը երեկոյեան եւ յառաջիկայ նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 24 ուսանողներ, սակայն մինչեւ համագումարին աւարտը՝ 15 ապրիլին, անոնց թիւը կը նուազի 14-ի։

Այսպէս, Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Ա. համագումարը կ’ունենայ ութ նիստ, որոնց ընթացքին կը ներկայացուի դասախօսութիւններու շարք մը հետեւեալ նիւթերով.

ա. «Ազգայնութեան մասին ընդհանրապէս եւ ազգայնութիւնը մեր մէջ մասնա­ւորապէս»։

բ. «Հայերէնի նուագայնութեան եւ կոկկութեան մասին»։

գ. «Գոյութեան կռիւը եւ բարոյականութիւն»։

դ. «Հասարակական պատասխանատւութիւնը անհատական հիւանդութիւննե­րի դէպքում»[1]։

5-րդ դասախօսութիւնը, որ պիտի ներկայացուէր 8-րդ եւ վերջին նիստին ընթացքին, կը ջնջուի ժամանակի սղութեան պատճառով։ Ափսոս, որ ընդհանրապէս կարելի չեղաւ ճշդել նշուած դասախօսութեանց հեղինակները, քանի «Տեղեկագիր»-ը կը հաղորդէ դասախօսներուն անուան միայն առաջին տառը եւ ոչ՝ ամբողջական անունն ու մակա­նունը։ Անշուշտ իւրաքանչիւր դասախօսութիւն առիթ կու տայ հարցադրումներու եւ աշխուժ քննարկումներու։

Այսպէս համագումարին առաջնահերթ նպատակներէն մին էր քննարկել Լայփցիկի ու­սանողներուն կողմէ առաջադրուած «կանոնագրութիւնը», որպէսզի Եւրոպայի հայ ու­սանողական միութիւնը դառնայ իրաւական մարմին մը ու օտժուիլ կարենայ գործող համակարգով մը։ Փոփոխութեան քանի մը փոքր առաջարկներ որդեգրելէ ետք, համա­գումարը կը վաւերացնէ առկայ կանոնագրութիւնը։ Անոր յօդուածները վերատեսելու կամ աւելցնելու իրաւունքը կը վերապահուի յաջորդ համագումարներու ձայներու 3/4 մեծամասնութեամբ առնուելիք որոշումներուն։ Բաց աստի, հարկ կը նկատուի Եւրո­պայի մէջ տարեկան մէկ կամ երկու համագումար իրականացնել, որոնց կազմակերպ­չական աշխատանքը պիտի նախապատրաստէր չորս հոգիէ բաղկացած ընտրեալ աշ­խատանքային յանձնախումբ մը, որուն անդամները պէտք էր ըլլային որոշակի համա­լսարանի մը ուսանողներէն։

Այս առնչութեամբ հետաքրքրական է այն հարցադրումը, թէ որո՞նք անդամ կրնան նկատուիլ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան. համալսարաններու մէջ պաշտօ­նապէս արձանագրուած ուսանողնե՞րը միայն, թէ՞ նաեւ անոնք, որոնք ուսանելու նպա­տակով կը գտնուին եւրոպական ցամաքամասի վրայ։ Համագումարը այս ուղղու­թեամբ կը կայացնէ դրական որոշում մը՝ միաժամանակ անդամ նկատելով նշուած երկրորդ պարագան։ Ոչ միայն ուսանողներ, այլեւ, ըստ կանոնագրին, ուսանողական տարբեր միութիւններու նմանապէս կարելիութիւն կը տրուի անդամակցելու համագու­մարին։

Համագումարին ընթացքին, անշուշտ, քննարկում մըն ալ կը կատարուի ճշդելու համար համագումարին անունը, բայց վերջաւորութեան համաձայնութիւն կը գոյանայ պահել Լայփցիկի նախագիծին մէջ առաջադրուած «Եւրոպայի հայ ուսանողական միու­թիւն» անունը։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան սոյն համագումարի կարեւորագոյն առաջա­դրանքներէն մին էր նպատակներու ձեւաւորումը, որ գոյութեան պատճառը (Raison d’être) պիտի հանդիսանար այս համաժողովին.

  1. «Բարոյական եւ մտաւոր շփում առաջացնել հայ ուսանողական խմբերի եւ ուսանողների մէջ»։
  2. «Անձնական ծանօթութիւն մէկզմէկու հետ»։
  3. «Ընդհանուր իդէալներ զարթեցնել ուսանողութեան մէջ»[2]։

Այսինքն՝ համագումարին գործունէութիւնը նպատակաուղղուած է նպաստելու Եւրո­պայի հայ ուսանողներու մտաւոր եւ բարոյական փոխանակման, ուսանողներու եւ ու­սանողական կազմակերպութիւններու հետ անձնական եւ մասնագիտական ​​սերտ կա­պերու հաստատման եւ ընդհանուր իտէալներու ձեւաւորման։

Համագումարին անդամակցելու համար նաեւ կը սահմանուի 1 ֆրանքի անդամավճար մը։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Բ. համագումարը

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Բ. համագումարը իրականացնելու համար արդէն Հայտելպերկի մէջ կ’որոշուի կազմակերպչական աշխատանքը վստահիլ Փա­րիզի ուսանողներուն։ Սակայն ներքին անհամաձայնութիւններու պատճառով անոնք միանգամայն կը ձախողին, ուստի գործը կը ստանձնէ Պեռլինի ուսանողներուն խում­բը։ Արդարեւ, 26 մարտ 1899 թուականի երեկոյեան աշխատանքային-կարգադիր յանձ­նախումբի կազմած օրակարգին համաձայն տեղի կ’ունենայ մասնակցող անդամնե­րուն ողջունումը՝ կրկին Հայտելպերկի մէջ, նկատի ունենալով շատ մը մասնակցողնե­րու համար այդ քաղաքին դիւրամատչելիութիւնը։ Յաջորդ օր կը գումարուի համագու­մարի առաջին նիստը, փաստօրէն ընդամէնը 8 նիստ, որ կը տեւէ 27–31 մարտ, սկիզբը 15, ապա մէջընդմէջ աւելնալով մինչեւ 21 ուսանողներու մասնակցութեան։

Առաջին նիստին համագումարը իսկոյն կ’ընտրէ նախագահ եւ փոխնախագահ մը, նաեւ երեք քարտուղարներ։

Նախորդ համագումարին նման նկատի կ’առնուի դասախօսութիւններու շարք մը, ո­րոնք կը ներկայացուին հետեւեալ խորագրերով.

  1. «Պատմութիւնն ու պատմական ուղղութիւնները նոր ժամանակներում եւ մի համառօտ տեսութիւն հայկական պատմագրութեան մասին»։
  2. «Հայ համալսարանականի կոչումը»։
  3. «Տաճկահայաստանի հայ երիտասարդութիւնը»[3]։

Բնականաբար ներկայացուած նիւթերը կ’ունենան հետաքրքրաշարժ հարցադրումներ եւ շահեկան քննարկումներ։ Այս առթիւ կարեւոր կը նկատուի ուսանողական պարբե­րաթերթի մը հրատարակութիւնը, որպէսզի վիճակագրական կարեւոր նիւթեր եւ հա­մապատասխան տեղեկութիւններ հաղորդէ եւրոպահայ ուսանողութեան մասին, ինչ­պէս նաեւ իր էջերուն մէջ ամփոփէ կայացած համագումարներուն տեղեկագրութիւն­ները։ Առ այս կը նշանակուի մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ մինչեւ համագումարին վերջը պատրաստէ պարբերաթերթ հրատարակելու նախագիծը։ Համաձայն ներկա­յացուած սոյն նախագիծին՝ համապատասխան աշխատանքային-կարգադիր յանձնա­խումբը պիտի ստանձնէ պարբերաթերթը պատրաստելու եւ խմբագրելու աշխատանք­ները, տեղեկատուական մամուլ մը, որ պիտի կրէ «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանո­ղական միութեան» անունը։

Համագումարին մասնակցող Ժընեւի ուսանողները կը ներկայացնեն կարեւոր առա­ջարկ մը՝ հարկ նկատելով գիտական աշխատանքներու թարգմանութեան, նաեւ գրքոյկներ հրատարակելու գործունէութեան, Եւրոպայի հասարակական կարծիքին վրայ ազդելու եւ հայ ժողովուրդին վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծանօթաց­նելու իմաստով։ Չի բացառուիր միաժամանակ օտար լեզուներով հրատարակել յօդ­ուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հայոց պատմութեան, լեզուի, մշակոյթի, Հայաս­տան աշխարհի եւ անոր դիմագրաւած արդի մարտահրաւէրներուն մասին։ Բոլորովին աւելորդ է կասկածիլ, որ համագումարին ներկայացուած այս առաջարկը ուղղակի դաշ­նակցական կամ անոր համակիր ուսանողներու առաջնահերթ խնդիրներէն մին եղած է, փաստ մը, որ հետագային պիտի որդեգրուի համագումարին կողմէ եւ Հայկական հարցին առնչութեամբ պիտի տայ իր դրական ազդեցութիւնը։

Նկատի ունենալով, որ տակաւին այդ ժամանակ համագումարին հիմնական ծրագիրը միայն ուսանողական եւ ուսումնական հետաքրքրութիւններու գոհացում տալն էր, Ժընեւի ներկայացուցիչներուն կը յանձնարարուի մշակել սոյն առաջարկը եւ պատրաս­տել համապատասխան նախագիծ մը՝ զայն ներկայացնելով աշխատանքային-կարգա­դիր յանձնախումբին, որ միաժամանակ պիտի հանդիսանար Եւրոպայի հայ ուսանո­ղական միութեան յաջորդ համագումարը նախապատրաստող մարմինը։

Արդարեւ, այս համագումարն ալ նախորդին նման իր կանոնադրութեան նպա­տակին մէջ գլխաւորաբար կը հետապնդէ.

«Բարոյական եւ մտաւոր հաղորդակցութեան մէջ դնել հայ ուսանողական խմբերը եւ ուսանողները, սոցա՝ իրար հետ անձնական ծանօթութիւններ անե­լուն նպաստել եւ ընդհանուր իդէալնել զարթեցնել ուսանողութեան մէջ»[4]։

Համագումարին մասնակցող ուսանողները, մասնաւորաբար Գերմանիոյ ներկայացու­ցիչները, տակաւին կը զգուշանային համագումարին կուսակցական-քաղաքական, յատկապէս այդ ժամանակ աճող սոցիալ-դեմոկրատական երանգաւորում մը տալէ՝ աշխատելով առ այժմ զայն պահել զուտ ուսանողական, գիտաուսումնասիրական եւ ապակուսակցական բնոյթ ունեցող կառոյց մը։

 

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Գ. համագումարը

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Գ. համագումարը կը կայանայ 12–15 հոկտեմ­բեր 1900 թուականին։ Հակառակ անոր, որ այս համագումարը նախապատրաստելու աշխատանքը պիտի յանձնուէր Լայփցիկի կամ Պեռլինի հայ ուսանողութեան, զայն կը ստանձնէ Ժընեւի ուսանողութիւնը, ըստ որում կ’որոշէ նաեւ Գ. համագումարին կա­յացման վայրը՝ Ցիւրիխ, Զուիցերիա։

Համագումարին մասնակցողները մեծաւ մասամբ գերմանական համալսարաններէ ու­սանողներ են, իսկ Զուիցերիայէն՝ միայն երկու ներկայացուցիչ՝ Աւետիս Ահարոնեան, Լոզանի համալսարանէն, եւ Խաչատուր Մալումեան՝ ծանօթ Էտկար Ակնունի ծածկա­նունով, Ժընեւի համալսարանէն։

Այս ընթացքին կը ներկայացուի միայն երեք դասախօսութիւն՝ հետեւեալ նիւթերով.

  1. «Հայ ընտանիքը», Աւետիս Ահարոնեան։
  2. «Միութեան բռնած ուղղութիւնը», Ք. Սարգսեան։
  3. «Քաղաքական գրականութիւնը հայերի մէջ», Խաչատուր Մալումեան[5]։

Ստոյգ, վերոգրեալ նիւթերը նոյնպէս կ’արժանանան աշխուժ քննարկումներու եւ լու­սաբանութիւններու, սակայն առաւել եւս հետաքրքրական է դիտարկել այն կարեւո­րա­գոյն փոփոխութիւնները, որոնք կը ներառուին համագումարի կանոնադրութեան նպա­տակին մէջ.

  1. «Բարոյական կապ հաստատել Եւրոպայի հայ ուսանողների եւ ուսա­նողա­կան խմբերի մէջ»։
  2. «Նպաստել նրանց ծանօթութեանը հայոց կեանքի եւ մասնաւորապէս հայերի քաղաքական կացութեան հետ»։
  3. «Ձգտել հայերը ծանօթացնել եւրոպացիներին»։
  4. «Հրատարակել հայոց հարցին վերաբերեալ եւ նոյն հարցին նպաստող՝ ինք­նուրոյն եւ թարգմանական գրքեր հայերէն լեզուով։ Նոյնպէս եւ օտար լեզու­ներով […]»[6]։

Ահաւասիկ նկատելի է կանոնագրային հսկայ փոփոխութիւն մը շնորհիւ առաւելապէս Ժընեւի հայ ուսանողներու թափած ջանքերուն, որոնց հեղինակաւոր գաղափա­րա­խօսն ու առաջնորդն էր ծանօթ ազգային-հասարակական գործիչ, տաղանդաւոր հրա­պարակախօս, բեմբասաց եւ ոգեշնչող հռետոր Խաչատուր Մալումեան՝ Է. Ակնունի։

Անդրադառնալով Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Գ. համագումարին եւ կա­նոնագրային փոփոխութիւններուն, պէտք է նշել, որ անոնք համագումարի աւարտին կը տպագրուին եւ առանձին շրջաբերականով մը կ’ուղարկուին Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ ծանօթ հայ ուսանողական շրջանակներու եւ համալսարանական ու­սանողներու 25 նոյեմբեր 1900 թուականին։ Սոյնը մինչեւ յունուար 1901 թուականը ու­սանողներու կողմէ գտնելով ընդհանուր համաձայնութիւն մը՝ արդէն վաւերացուած կը նկատուի։ Միայն Մարսիլիոյ եւ Փարիզի թրքահայ ուսանողներն են, որոնք մերժողա­կան դիրք կը ցուցաբերեն կանոնագրային այս փոփոխութիւններուն հանդէպ՝ մեկնելով այն դժուարութիւններէն, որոնք պիտի ծառանային իրենց առջեւ՝ ուսումը աւարտելէ ետք Թուրքիա վերադառնալու պարագային։ Այս մասին անդրադարձ պիտի ըլլայ Եւ­րոպայի հայ ուսանողական միութեան Դ. համագումարին անդրադառնալու առթիւ։

Վերադառնալով Գ. համագումարին՝ պէտք է ընդգծել, որ ան այսուհետեւ դուրս կու գայ նախորդ ուսանողական միանգամայն չէզոք, զուտ ուսումնական եւ սահմանափակ նպատակ մը հետապնդելէ՝ ստանձնելով ազգային շահերուն եւ Հայկական հարցի դրա­կան լուծման նպաստելու գործունէութիւն։ Ինչպէ՞ս կարելի էր անտարբեր ըլլալ ի տես սուլթանական զանգուածային կոտորածներուն, որոնց զոհ դարձաւ աւելի քան 300.000 արեւմտահայութիւն մը, եւ մնալ սառնարիւն հանդէպ այն բռնաճնշումներուն, որոնց կ’ենթարկուէր կովկասահայութիւնը՝ Ցարական Ռուսիոյ տիրակալութեան տակ։

Արդարեւ, համագումարը կը նշանակէ հինգ ուսանողներէ կազմուած «լիազօր կոմիտէ» մը, որ պիտի կարգաւորէր առաջադրուած լուրջ աշխատանքը՝ հայ եւ օտար լեզուներով հրատարակել հայանպաստ գրականութիւն, նաեւ՝ եւրոպական մամուլին մէջ յօդուած­ներ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպել դասախօսութիւններ Եւրոպայի հասա­րակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել կարենալու համար Օսմանեան կայսրութեան եւ Ցարական Ռուսիոյ տիրակալութեանց տակ հեծող հայ ժողովուրդի դառն ճակատա­գրին վրայ՝ ձեւաւորել ջանալով հանրային կարծիքին վրայ դրական եւ ազդեցիկ տպա­ւորութիւն մը։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Դ. համագումարի մասին խօսելէ առաջ, այս­տեղ աւելորդ պիտի չըլլայ թոյլ տալ նիւթէն որոշակի տարաշեղում մը՝ անդրադառնալով Ակնունիի անձին եւ գործին, մասնաւորաբար նկատի ունենալով անոր ազդու դերակա­տարութիւնը Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան գործունէութեան զարգացման մէջ։

Գրողը, ստեղծագործը եւ նահատակը՝ Է. Ակնունի

Խաչատուր Մալումեան՝
Է. Ակնունի
(1863–1915)

Ակնունի (1863–1915) Ժընեւ կը ժամանէ 1898 թուականի աշնանային ամիսներուն եւ կը բնակի rue de l’Ecole de Chimie 2 հասցէն, ոչ-հեռու «Դրօշակ»[7]-ի խմբագրատու­նէն, որ կը գտնուէր avenue de la Roseraie 29 թաղին մէջ։ Այնուհետեւ Ակնունիի Ժընեւի նշեալ հասցէն տարիներ կը դառնայ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան թղթակցութիւններու պաշտօնական հասցէն։

Ակնունի 1899 թուականի ամառնային կիսամեակին իբրեւ ուսանող կ’արձանագրուի Ժընեւի համալսարանի գրականութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժինը, ուր կը շարունակէ ուսումը մինչեւ 1904-5 թուա­կանի ձմեռնային կիսամեակը։

Իսկութեան մէջ ինք Ժընեւ կու գայ հիւանդութենէ մը ետք կազդուրուելու նպատակով, ուր վերստին կը հան­դիպի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եռամեծ հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանին ու անկէ ամբողջ էութեամբ կը տոգորուի Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ։ Մինչեւ Ժընեւ ժամանելը ան դաշնակցական շարքային մը չէր՝ հակառակ անոր, որ կը վկայուի, թէ ինք Թիֆլիսի մէջ մասնակցած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն։

Ինչպէս յայտնի է, Ակնունի, Թիֆլիս եղած շրջանին, արդէն ուշագրաւ յօդուածներ կը ստորագրէր «Մշակ» թերթին մէջ։ Հրապարագրական տաղանդ մը, որ յիրաւի ան ունէր եւ այժմ Ժընեւի մէջ կը ներգրաւուի «Դրօշակ»-ի աշխատանքներուն մէջ, ուր կը հրա­պա­րակէ «Կովկասեան խաբրիկներ» յօդուածաշարքը, նաեւ ուրիշներ՝ Է. Ակնունի գրչանունով։

Բոլորովին անժամանակ եւ անփոխարինելի կորուստ մը կ’ըլլայ արկածի մը հետե­ւանքով Քրիստափոր Միքայէլեանի եղերական մահը, որ կը պատահի 17 մարտ 1905 թուականին Սոֆիայի մօտ՝ Վիտոշ լեռան բարձունքին։ Ակնունիին կ’իյնայ ցաւալի պարտականութիւնը անոր յուղարկաւորութեան խօսելու դամբանականը, արդարեւ, իր ամենայուզիչ ճառերէն մին, որու առթիւ ան գաղափարի իր մեծ եւ անմահ վարպետը կ’անուանէ «մարդակերտ»։

Շէնքը, ուր բնակած է Ակնունի 1898–1908 թուականներուն՝
rue de l’Ecole de Chimie 2, 1205 Genève

Ակնունի տակաւին 1902 թուականէն սկսեալ Ժընեւի եւ Փարիզի մէջ ջերմ կապեր կը մշակէ Եւրոպա գտնուող բոլոր հակասուլթանական ուժերու, յատկապէս, այսպէս կո­չուած, վտարանդի երիտթուրք ներկայացուցիչներու հետ։ Ան կը նպաստէ երիտթուրք ընդդիմադիրներու համագումարի կազմակերպման գործին, որ տեղի կ’ունենայ Փա­րիզի մէջ նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր 1907 թուականին։ Հոն կը բանակցի երիտթուրք ղե­կավարներու հետ՝ ստանալով լոկ այն հաւաստիքը, թէ Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք հայ բնակչութիւնը, ազգային այլ փոքրամասնութիւններու հետ, պիտի ստանայ ինքնավարութեան համահաւասար որոշ իրաւունքներ՝ մնալով Օսմանեան պետութեան կազմին մէջ, սակայն հայ յեղափոխականներու հայկական անկախ պետութիւն մը ստեղծելու երազը կը մնայ անիրագործելի։

Երիտթուրքերու 1908 թուա­կանի, այսպէս կոչուած, «յե­ղափոխութենէն» եւ Օսման­եան սահմանադրութեան վե­րահաստատումէն ետք, նոյն թուականի օգոստոսին, ինչ­պէս հայ եւ օտար շատ մը հասարակական-քաղաքական գործիչներ ու մտաւորական­ներ, նաեւ Ակնունի կը մեկնի Կ.Պոլիս, ուր կը դառնայ ամե­նահեղինակաւոր գործիչներէն մին ՀՅԴ եւ երիտթուրք պե­տական այրերուն միջեւ քա­ղաքական գործակցութիւն ա­պահովելու ուղղութեամբ։ 1901–1915 թուականներուն ան կ’ընտրուի ՀՅԴ Արեւմտեան բիւրոյի անդամ։

Սակայն Կիլիկիոյ եւ յատկապէս 1909 թուականի Ատանայի ջարդերէն ետք, ՀՅԴ ղե­կավարութեան, ընդ որում Ակնունիի ունեցած սկզբնական խանդավառութիւնը կը վե­րածուի ծանր յուսախաբութեան։ Մեծ աղէտի մը կանխանշանները կը սկսին ուղղակի  բացորոշ դառնալ։

1910–1911 թուականներուն Ակնունի կը մեկնի Հիւսիսային Ամերիկա, հանդիպումներ կ’ունենայ քաղաքական բարձրաստիճան գործիչներու հետ, կ’աշխատի ապահովել անոնց միջամտութիւնը Ռուսիոյ մէջ հայ քաղաքական 260 բանտարկեալներու ազատ արձակման համար, միաժամանակ ի նպաստ անոնց կը կազմակերպէ դրամահաւաք։

ԱՄՆ այցելութեան իր կարեւորագոյն գործերէն մին կը հանդիսանայ Նիւ Եորքի մէջ հայ կանանց միութենէ կազմուած «Դաշնակցութեան Կարմիր խաչի» հիմնադրութիւնը 1910 թուականին, որ հետագային հայ սփիւռքի տարածքին, այսօր նաեւ հայրենիքի մէջ պիտի ճանչցուէր «Հայ օգնութեան միութիւն» կամ ՀՕՄ անունով։

1913 թուականին Ակնունի կ’այցելէ Եգիպտոս։ Յատկանշական է հանդիպումը, որ կը կազմակերպուի Գահիրէի Բրիտանիա թատրոնին մէջ։ Այս առթիւ Տիգրան Կամսարա­կան կը նշէ.

«Պարոն Ակնունիին համբաւը կանխած էր իր գալուստը: Չեմ գիտեր որ մեծ բեմբասա՞ց մը անուանեմ զինք թէ զմայլելի քարոզիչ մը, որովհետեւ կը հա­ւա­տամ թէ այսօրուան մեծ հաւաքոյթը մեզի բերած իր հզօր շունչին կը պարտինք: Նախկին մեծ զօրականի մը նման որ ըսած էր, «Եկայ, տեսայ ու յաղթեցի», պրն. Ակնունի կրնայ ըսել «Եկայ, խօսեցայ ու հմայեցի». կ’ըսեն թէ խօսքով գործ չըլլար, բայց ահա պրն. Ակնունի խօսելով կը կատարէ այս ազգաշէն գործը»[8]։

Սակայն Նոյն տարին տենդագին լարուածութիւն մը կ’աճի երիտթուրք ղեկավարու­թեան վրայ, երբ մայիս 1913 թուականին Ցարական Ռուսիա եւ Կայսերական Գերմա­նիա ճնշում կը բանեցնեն երիտթուրքերու՝ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ եռապետութեան վրայ՝ հայաբնակ գաւառներուն մէջ իրականացնելու համար առաջադրուած բարենորո­գումներու նախագիծը։ 8 փետրուար 1914 թուականին երիտթուրքերու իշխանութիւնը ի վերջոյ կը ստիպուի ընդունիլ այս նախագիծը, սակայն անոր ներսիդին հայ ժողովուր­դին հանդէպ ատելութեան զգացումները կը դառնան ուղղակի սպառնալի եւ հետզհետէ մահահոտ։ Բայց թող ներուի ըսել՝ ծայրայեղ նենգութիւնը եւս գաղտնի պահել կարե­նալը եւ զայն բարեհամբոյր ժպիտներու ետին զոհին առջեւ թաքցնելն ալ յատուկ «արուեստ» մըն է, գռեհկութեան ուղղակի բարձրագոյն մակարդակ մը. ահա այսպէս էր դահիճը, իսկ այսպէս անձնատուր՝ զոհը։

1915 թուականին հայոց դէմ ցեղասպանութեան ծրագիրը սկիզբ կ’առնէ ուղղակի Կ.Պոլսոյ մէջ՝ հայ մտաւորականութեան եւ քաղաքական ընտրանիի չէզոքացումով։ Այս ոլորտին կը պատկանէր նաեւ Ակնունի, որ կը ձերբակալուի ապրիլ 24-ի լոյս 25-ի գիշերը եւ կ’աքսորուի Այաշ։ Հուսկ, 2 յունիս 1915 թուականին, Տիգրանակերտի մէջ ռազմական ատեանի մը ներկայանալու պատրուակով ճամբայ կը հանուի հինգ այլ ըն­կերներու հետ՝  Ռուբէն Զարդարեան, Խաժակ, Սարգիս Մինասեան, տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան եւ Յարութիւն Ճանկիւլեան, ու կը սպաննուի Սեւերեկի մէջ տեղակա­յուած «Teşkilat-ı Mahsusa»  կոչուած ջարդադար յատուկ ջոկատի մը կողմէ՝ Սեւերեկի եւ Ուրֆայի միջեւ ինկած ճանապարհին։

Բայց արի՛ ու տե՛ս ճակատագրին հեգնանքը. երբ 1909 թուականին սուլթանամէտ ու­ժեր փորձեցին յեղաշրջում մը կատարել երիտթուրքերու իշխանութեան դէմ, Թալէաթ Ակնունիին բնակարանը կ’ապաստանի՝ ազատելու համար իր կեանքը թուրք մոլեգնած հակայեղափոխականներու վրէժխնդրութենէն։ Դէպի Այաշ աքսորի ճամբուն Ակնունի տակաւին համոզուած էր, թէ Թալէաթ «ազնիւ մարդ» էր, քանի որ ձերբա­կալուելէ եւ դէպի Այաշ աքսորուելէ ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ, ան ապաքինման այցելութիւն մը տուած էր իրեն, երբ Ակնունի հիւանդ էր։

Բազմաթիւ յօդուածներէ բացի, որոնք լոյս տեսած են ժամանակի հայ մամուլի զանա­զան թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ, Ակնունի մեզի ժառանգ ձգած է գրական հա­րուստ թողօն մը, որոնցմէ կարելի է նշել ընտրանի մը.

  1. «Մտքի մշակը, Գրիգոր Արծրունու գրական գործունէութեան 25-ամեակի ա­ռիթով», տպ. «Արօր» Մ. Նազարեանի, Թիֆլիս, 1890։
  2. «Խրիմեան, կենսագրական տեսութիւն», Կովկասեան գլխաւոր կառա­վարչա­պետի տպարան, Թիֆլիս, 1892։
  3. «Բողոքի Ձայն, կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալները», հրտ. «Հայ­րենիք»-ի, Պոսթըն, 1911։
  4. «Դէպի երկիր», հրտ. «Հայրենիք»-ի, Պոսթըն, 1911։
  5. «Մեծ իտէալիստը», տպ. «Ազատամարտ, Կ.Պոլիս, 1914։
  6. «Դէպի կռիւ», տպ. «Դրօշակ»-ի, Ժընեւ, 1904։
  7. «Կովկասեան վէրքեր», տպ. Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Ժընեւ, 1903։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Դ. համագումարը

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Դ. համագումարը կը կայանայ 4 ապրիլ 1901 թուականին Գերմանիա՝ Միւնիխ, Métropole պանդոկի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ՝ մասնակցութեամբ 48 ուսանողներու, եւ կ’ունենայ 16 նիստ։ Սոյն համագումարը թէ՛ իր թուային ներկայութեամբ, թէ՛ ներկայացուած դասախօսութիւններով եւ թէ՛ առ­նուած որոշումներու արդիւնաւէտութեամբ կը պսակուի աննախընթաց յաջողու­թեամբ։ Համագումարը նախապատրաստուած էր Ժընեւի ուսանողական աշխատան­քային-կարգադիր յանձնախումբին կողմէ՝ ներկայացնելով խիտ եւ միանգամայն հա­յա­շունչ օրակարգ մը, որուն շահեկանութիւնը արժանի է մեր ուշադրութեան՝ թէկուզ ամ­փոփ գիծերու մէջ։ Նախ՝ համագումարին ներկայացուած դասախօսութեանց նիւթերն ու հեղինակները.

  1. «Խորհրդածութիւններ հայ ժողովրդի ներկայի եւ ապագայի մասին» կը կարդայ Լ. Աթաբէկեան, Ցիւրիխի համալսարանի ուսանող։
  2. «Հայոց լեզուի խնդիրը» կը ներկայացնէ Աւետիս Ահարոնեան, Լոզանի հա­մալսարանի ուսանող։
  3. «Հայ մօր կոչումը», դասախօս՝ օրդ. Ն Յակոբեան, Ժընեւի համալսարանի ուսանողուհի։
  4. «Հայ վրացական յարաբերութիւնները», կը դասախօսէ Խաչատուր Մալում­եան՝ Ակնունի, Ժընեւի համալսարանի ուսանող։
  5. «Ակնարկներ մեր պատմական դերի առիթով», կը բանախօսէ Տ. Իսախան­եան, Պեռլինի համալսարանի ուսանող։
  6. «Հայկական յեղափոխական ֆակտորները եւ պրօպականտ», կը կարդայ Յ. Իւզպաշեան, Ժընեւի համալսարանի ուսանող։
  7. «Միութեան վերաբերումը դէպի հայ յեղափոխական գործը» նիւթով ելոյթ կ’ունենայ Ղ. Տէր-Ղազարեան, Ժընեւի համալսարանի ուսանող։
  8. «Բանաստեղծ Դուրեան», կը դասախօսէ Վ. Նալբանդեան, Լայփցիկի հա­մալսարանի ուսանող։
  9. «Թիւրքահայերի արդի գրականութիւնը» նիւթով կը դասախօսէ Մ. Բրու­սայեան, Ժընեւի համալսարանի ուսանող։
  10. «Հայ կնոջ դերը ընտանիքի եւ հասարակութեան մէջ», դասախօս՝ օրդ. Հ. Զոհրաբեան, Ժընեւի համալսարանի ուսանողուհի։
  11. «Երիտասարդ Հայաստան», դասախօս՝ Վ. Վարանդեան, «Դրօշակ»-ի ներ­կայացուցիչ Ժընեւէն[9]։
Համագումար Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Ժընեւ 1902։

Համագումարին ներկայացուած նիւթերուն բերումով միանշանակ ակնյայտ է Ժը­նեւի ուսանողական շրջանակներուն եւ մանաւանդ ՀՅԴ ազգային գաղափարա­խօսութեամբ տոգորուած երիտասարդութեան ներդրումն ու գերակշռող ազդեցու­թիւնը համագումարի նախապատրաստական աշխատանքներուն, նաեւ անոր տե­ւողութեան ողջ ընթացքին։

Նիստերուն մէջընդմէջ կը ներկայացուին առաջարկներ, որոնք նոյնքան արժանի են յիշատակութեան՝ պարզապէս պատկերացնելու համար ժամանակի հայ երիտա­սարդութիւնը յուզող հարցերը.

  1. «Հայերի վիճակը Կովկասում», առաջարկ՝ Ժընեւի համալսարանի ուսանող­ներու։
  2. «Համակրութիւն «Pro Armenia»[10]-ին», առաջարկ՝ Տարմշթատի, Լոզանի եւ Ժընեւի համալսարաններու ուսանողներու։
  3. «Կապ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի հայ ուսանողների հետ», առաջարկ՝ Լո­զանի համալսարանի ուսանողներու։
  4. «Համակրութիւն Մակեդօնական Կօմիտէին», առաջարկ՝ Ժընեւի համալսա­րանի ուսանողներու։
  5. «Թիւրքահայ օրիորդները եւ բարձրագոյն ուսում», առաջարկ՝ Ժընեւի հա­մալսարանի ուսանողուհիներու։
  6. «Միութեան գործունէութեան ծրագիրը առաջիկայ տարուայ համար», առա­ջարկ՝ համագումարի կարգադիր յանձնախումբի[11]։

Համագումարին ներկայացուած սոյն առաջարկները աշխուժ կը քննարկուին եւ տրուած քուէներու մեծամասնութեան համաձայն կ’որդեգրուին համապատասխան ո­րոշումներ կամ գործունէութեան ուղեգիծ։

Վերոգրեալ առաջարկներուն մէջ կ’արժէ անդրադառնալ «Համակրութիւն Մակե­դօնա­կան Կօմիտէին» նիւթին, որ բերած էին Ժընեւի ուսանողները։

Ազատագրական պայքարին եւ յեղափոխական գործին մէջ հետզհետէ ընդելուզուած Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան անդամները ընթացքին, բնականաբար, սերտ կապեր ստեղծած էին Եւրոպայի ուսանողական օտար այն բոլոր շրջանակներուն հետ, որոնք նոյն պայքարը կը մղէին ցարական եւ սուլթանական իշխանութեանց դէմ։ Անոնց շարքին էին ահագին թիւով թուրք եւ մակեդոնացի ուսանողներ։ Մակեդոնացիք յատ­կապէս, որոնք ոչ-պակաս քան հայերն ու Օսմանեան կայսրութեան այլ փոքրամասնու­թիւնները, կը հեծէին սուլթանական իշխանութեան ներքոյ, հերոսական պայքար կը մղէին թօթափել կարենալու համար թրքական լուծը։ Այս խորապատկերին վրայ պէտք է դիտել համագումարին ներկայացուած համակրութեան առաջարկը։ Արդարեւ համա­գումարը կ’որոշէ իսկոյն զօրակցութեան հեռագիր մը յղել Փարիզ՝ «Pro Armenia» թեր­թին, եւ Սոֆիա՝ Մակեդոնական բարձր կոմիտէին՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան համագումարը՝ կայացած Միւնխէ­նում, արտայայտում է ձեզ իւր խորին համակրանքը։ Թիւրքական բռնութեան զոհ Հայաստանի զաւակները, կանգնած արիւնլուայ հայրենիքի առջեւ, անկա­րող են չյիշել արեան, կռուի եւ յոյսերի երկրորդ հայրենիքը՝ Մակեդոնիան։ Դժբախտութիւնը մեզ միացրեց։ Թող այդ միութիւնը լինի աւելի ամուր ընդ­հա­նուր կռուի մէջ։ Ողջո՜յն ազատ Մակեդոնիային»[12]։

Մակեդոնական բարձր կոմիտէն չի զլանար Սոֆիայէն իսկոյն յղելու պատասխան հե­ռագիր մը.

«Խորապէս յուզուած ուղարկում ենք մեր անկեղծ շնորհաւորութիւնները մեր դժբախտակից եղբայրներին։ Չենք զիջանի ոչ մի ճնշման եւ ոչ մի ուժի առաջ եւ կը շարունակենք մեր ազնիւ պայքարը ազատութեան համար, հպարտ՝ կռուելու մօտիկ ապագայում ընդհանուր թշնամու դէմ՝ քաջարի հայերի հետ։ Կեցցէ՛ ա­զատ Հայաստան»[13]։

Երիտասարդ Հայաստան

Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ Ակնունի նախագահ ընտրուած էր Դ. համագումարի, հետե­ւաբար ինք է, որ կը կատարէ համագումարին բացումը՝ յայտարարելով վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել հայ ազատագրական շարժումի 10-ամեակին եւ ազատագրութեան արիւնաներկ դրօշին տակ ինկած հայ հերոսներու յիշատակին։ Այ­նուհետեւ ան կը ներկայացնէ ընդարձակ համարատւութիւն մը՝ անդրադառնալով նա­խապէս տեղի ունեցած համագումարներուն եւ ներկային հետ կապուած նախապատ­րաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Ան բարձր կը գնահատէ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան ազգային գործին մղուելու նոր արեւելումը՝ վեր հանելով նաեւ կանոնագրութեան նախագիծին մէջ նկատի առնուած փոփոխութիւնը. «Հայերի քաղաքական կացութեամբ հետաքրքրուելու պահանջը»։ Սոյնը, ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, հաւանութիւն գտաւ ուսանողական լայն շրջանակներու մէջ եւ վաւերա­ցուած նկատուեցաւ 1901 թուականի յունուարին։ Յիշած էի նաեւ, որ համագումարին ազգային-քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելուն դէմ արտայայտուած էին Մար­սի­լիոյ եւ Փարիզի թրքահայ ուսանողները` իրենց 28 դեկտեմբեր 1900 թուականին ստո­րագրած նամակով։ Առ այս, Ակնունի իր զեկոյցին մէջ ամփոփելով կը մէջբերէ անոնց համապատասխան փաստարկները.

«Մեծ մասամբ թրքահայ ուսանողներ ենք եւ ապագային Տաճկաստան վերա­դարձնուս շատ սուղի կը նստի, եթէ հայ ուսանողական «Միութիւն»-ը քաղաքա­կանութեամբ զբաղի։ Արդէն ուսանողութիւն եւ քաղաքականութիւն իրարմէ շատ հեռու են։ Եւրոպական հայ ուսանողական Միութիւնը գտնուած հայ կու­սակցութիւններու թիւը հատ մ’ալ աւելցնելէ զատ, ուրիշ արդիւնք չը պիտի ունե­նայ, եթէ քաղաքական խնդիրներով զբաղի»[14]։

Անշուշտ թրքահայ ուսանողութեան իրավիճակը եւ մտավախութիւնը միանգամայն հասկնալի է եւ Ակնունի սոյնը իր զեկոյցին մէջ կը նշէ ոչ թէ պարագան պախարակելու, այլ հայ ազատագրական պայքարի դժուար ուղին նաեւ այս խորապատկերին վրայ գնահատելու իմաստով։

Այսուհանդերձ Դ. համագումարի մեծագոյն նուաճումը կ’ըլլայ Եւրոպայի հայ ուսանո­ղական միութեան ներգրաւումը ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ եւ այս ուղ­ղութեամբ հրատարակչական, թարգմանական, դասախօսական եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ հայանպաստ շարժումին թափ տալու գործունէութեան լծուիլը, որուն համար համագումարը հարկաւոր կը նկատէ դրամահաւաքներու դիմելով եւ տարբեր նուիրատւութիւններու միջոցով 12–15 հազար ֆրանքի պիւտճէի մը գոյացումը։

Միւնիխի համագումարը միաժամանակ կ’որոշէ ուսանողական յաջորդ համագումա­րին վայրն ու թուականը, որ պիտի կայանայ Ժընեւի մէջ՝ ուսանողներու զատկական արձակուրդի ընթացքին։

 

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Ե. համագումարը

Արդարեւ, սոյն համագումարը կ’իրականանայ շնորհիւ Ժընեւի, Լոզանի, Ցիւրիխի եւ Միւնիխի համալսարանական խումբ մը ուսանողներու ժրաջան աշխատանքին՝ երկու­շաբթի 31 մարտէն մինչեւ կիրակի 6 ապրիլ 1902 թուականին, Hôtel des Alpes պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ։

Ի դէպ պէտք է ըսել, որ նախորդ համագումարներու մասին մեր տեղեկութիւնները մե­ծաւ մասամբ քաղուած էին Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան հրատարակած «Տեղեկագիր»-երէն, որուն առաջինը տպագրուած էր, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, Վիեննայի Մխիթարեան տպարանին մէջ 1899 թուականին, իսկ երկրորդը՝ Մխիթար­եան տպարանին մէջ, Ս. Ղազար, Վենետիկ, 1902 թուականին։ Ափսոս, որ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան այս «Տեղեկագիր» պարբերաթերթէն լոյս կը տեսնէ միայն երկու համար, գլխաւոր պատճառներէն մին ըլլալու էր հաւանաբար տպա­գրա­կան եւ յարակից ծախսերը հայթայթելու դժուարութիւնը։

Բարեբախտաբար, Եւ­րոպայի հայ ուսանողա­կան միութեան Ե. հա­մագումարին յօդուածով մը անդրադարձած է Ժը­նեւի մէջ հրատարակ­ուող ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթը՝ լայն տեղ տրամադրելով եղե­լութեան[15]։

Յօդուածը կը հաղորդէ, որ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թիւով շուրջ 90 ուսանողներ, որոնք ժա­մանած էին Եւրոպայի համալսարանական գլխաւոր քաղաքներէն։ Ի տարբերութիւն նախորդ համագու­մարներուն, այս մէկը ազգային տօնախմբութեան մը գունեղ պատկերը կու տայ եւ «Դրօշակ»-ի հաղորդած տեղեկութիւններն ալ նոյնքան յուզիչ ազդեցութիւն կը ներ­գործեն ընթերցողին վրայ, թէկուզ 123 երկարաձիգ տարիներ ետք.

«Հայկական եռագոյն դրօշակը՝ կարմիր, ճերմակ եւ կանաչ կը ծածանէր պանդո­կին ճակատը։ Մէջտեղը, ճերմակ գօտիին վրայ, լայնքէն երկու հորիզոնական սեւ շերտեր, իբր սուգի նշան, կը կրէին վեց աստղեր, խորհրդանիշ՝ այն վեց մար­տիրոս վիլայէթներուն, ուր ազատութեան համար ահաւոր եւ անյուսահատ պա­տերազմը կը շարունակուի եւ ուր Պերլինի դաշնագրով սուլթանը կը խոստա­նար ‛անհրա­ժեշտ’ բարենորոգումներ մտցնել։

Սրահը գալարներով, կանաչ ճիւղերով, պատկերներով եւ նշանաւոր հայ դէմքե­րու կենդանագիրներով վայելչօրէն զարդարուած էր։ Մէկ կողմը կը տեսնւէր հայ­կական վերածնութեան ռահւիրանները՝ Ալիշան, Աբովեան, Պատկանեան, Արծ­րունի, Րաֆֆի. միւս կողմը նոր ու զինւորեալ Հայաստանի հերոսական դէմ­քերն ու ստւերները՝ Սերոբ, Պետօ, Բաբգէն Սիւնի եւ ուրիշներ, մէջտեղը խորհր­դա­նկար մը՝ ‛քաջամարտիկ Հայաստանը’ ներկայացնող, ներշնչւած ‛մեր Հայրե­նիք’, ‛ահա եղբայր քեզ մի դրօշ’-էն»[16]։

Սրտառուչ է պահը, երբ ուսանող-ուսանողուհիներէ կազմուած երգչախումբ մը հոգե­ւին կ’երգէ «Մեր հայրենիք» ազգային փառերգը՝ ոգեւորութեան ալիք մը եւ գնահա­տանքի բուռն ծափահարութիւններ յառաջացնելով սրահին մէջ։

Ապա խօսք կ’առնէ Խաչատուր Մալումեան՝ Ակնունի, որ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Լիազօր յանձնաժողովի նախագահ ընտ­րուած էր արդէն նախորդ համագումարին սկիզբը։ Ան իր ելոյթին մէջ կը նշէ.

«Անցնող տարին հայ ազգը երկու ցաւագին կորուստ ունեցաւ. Ալիշան, որ 50 տարի Հայաստանի վերածնութեան երգը երգեց, եւ Սէմէրճեան ու Թորոսեան, որոնք Էտիրնէի մէջ երկու մակեդօնացի ընկերներու հետ կախաղան ելան, իբ­րեւ գաղափարի մարմնացնողներ»[17]։

Համագումարին մասնակցողները յոտնկայս լռութեամբ պահ մը կը յարգեն այդ հայրե­նասէրներուն յիշատակը։

Ժընեւի համագումարը նա­խապատրաստելու ընթաց­քին, աշխատանքային-կար­գադիր յանձնախումբը յա­տուկ հրաւէրներով կը դիմէ հասարակական անուանի գործիչներու՝ դասախօսու­թիւններով իրենց ներդրումը բերելու համար համագումա­րին։ Ակնունի մի առ մի կը յիշէ զանոնք՝ պատկերացում մը տալու համար այն դժուարու­թիւններուն մասին, որոնք դի­մագրաւած է յանձնախումբը։ Այս առնչութեամբ, զորօրի­նակ, «Դրօշակ»-ի խմբա­գրութիւնը կը յայտնէ, թէ ներ­կայացուցիչ մը կ’ունենայ համագումարին։ Փարիզէն «l’Arménie» թերթի խմբագիր Մինաս Չերազ, որ հրաւիրուած էր խօսելու «Հայկական հարցը Պեռլինի վեհաժողովին մէջ» նիւթով, կը պատասխանէ, որ սիրով պիտի ընդունէր առաջարկը, եթէ համագու­մարը կայանար Փարիզի մէջ։ Դիմումներ ուղղուած Հնչակեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեան կեդրոններուն՝ կը մնան անպատասխան։ «Արմէնիա» թերթի խմբագիր Մկրտիչ Փորթուգալեան, որուն կ’առաջարկուի խօսիլ Վասպուրականի մասին, կը պատասխանէ, թէ գործերու պատճառով անկարող պիտի ըլլայ հեռանալ Մարսիլիայէն։ Յայտնի գրականագէտ Նորայր Բիւզանդացի կը հաղորդէ, որ նիւթական միջոցներ չունի ապահովել կարենալու համար Սթոքհոլմէն Ժընեւ իր ճանապարհածախսը։ Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնները՝ մին դիմումին ընդհանրա­պէս չ’արձագանգեր, իսկ միւսը կամքէ անկախ պատճառներով անկարող պիտի ըլլայ դասախօսելու հրաւէրին ընդառաջելու[18]։

Հակառակ այս բոլորին, Ժընեւի մէջ գումարուած Եւրոպայի հայ ուսանողական միու­թեան Ե. համագումարը կը համարուի միութեան ձեռք բերած մեծագոյն յաջողութիւնը։

Ակնունիէն ետք ֆրանսերէն լեզուով ելոյթ կ’ունենայ «Դրօշակ»-ի ներկայացուցիչ Մի­քայէլ Յովհաննիսեան (Վարդանեան), որ կ’ողջունէ համագումարին հրաւիրուած օ­տար ներկայացուցիչները, ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝ ներբողելով Զուիցերիոյ եւ Ժընեւի հիւրընկալ վերաբերմունքը հայ ուսանողներու նկատմամբ՝ ուսանելու, նաեւ իրենց ազգային ազատագրութեան զօրակցելու ազատ ասպարէզ տրամադրելնուն հա­մար։ Ան մասնաւորապէս կ’ողջունէ նաեւ համագումարին նեկայացած մակեդոնացի ուսանողները՝ յայտարարելով, թէ անոնք

«Եկած էին անգամ մը եւս շեշտելու հայ-մակեդօնական եղբայրութիւնը, որ շատ չ’ըներ, երեւան եկաւ Էտիրնէի կռւին մէջ եւ կախաղաններուն վրայ […] Բռնա­կալութեան խարազանը միջազգային է, դահիճներուն մէջ համերաշխութիւն կայ, պէտք է որ զոհերուն մէջ եւս համերաշխութիւն ըլլայ»[19]։

Ելոյթ կ’ունենայ նաեւ գերմանացի հայասէր գրագիտուհի Իլզէ Ֆրափանը, որ իր հիա­ցումը կը դրսեւորէ երիտասարդ Հայաստանի հանդէպ եւ միաժամանակ կ’արտայայտէ իր խոր ցասումը Օսմանեան իշխանութիւններուն հետ Կայսերական Գերմանիոյ ցու­ցաբերած ռազմական-քաղաքական զօրակցութեան եւ արեւմտահայութեան դէմ իրա­գործուող սուլթանական զանգուածային կոտորածներուն մէջ մեղսակցութեան համար։

Խօսք կ’առնէ նաեւ Ժընեւի համալսարանի հասարակական գիտութիւններու ուսուց­չապետ Louis Vare-ը, որ իր համակրութեան հաւաստիքը կը յայտնէ հայ ուսանողու­թեան, կը գովէ անոնց եռանդն ու աշխատասիրութիւնը, սակայն անդրադառնալով Հայ­կական հարցին՝ կ’ընդգծէ ցաւագին հակասութիւն մը արդարութեան եւ անոր օգնու­թեան հասնելու Եւրոպայի ընդհանուր անկարողութեան միջեւ։

Փարիզ հրատարակուող «Le Mouvement Macedonien» ամսագրի խմբագիր Simeon Radew իր ճառին մէջ կ’անդրադառնայ մակեդոնացիներու եւ հայերու մղած նոյնա­նպատակ պայքարին, միաժամանակ կը շեշտէ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան եւ մակե­դոնացիներու միջեւ կայացած կառուցողական յարաբերութիւնները։ Ան կը գովաբանէ հայ ժողովուրդն ու անոր հերոսները՝ բացագանչելով «Կեցցէ՛ ազատ Հայաստան» կար­գախօսը[20]։

Շնորհաւորական քանի մը հեռագրեր եւ ուղերձներ կարդալէ ետք, Ակնունի կը ներ­կայացնէ Մակեդոնական գործադիր յանձնաժողովի նախագահ Պորիս Սարաֆովի նա­մակը ուղղուած սոյն համագումարին։ Իր շահեկան բովանդակութեան համար զայն կ’արժէ այստեղ մէջբերել.

«Սիրելի՛ ընկերներ,

Շատ խօսուած է հարստահարւածներու բարոյական համերաշխութեան եւ ա­նոնց միաձայն տառապանքներուն վրայ։ Երազի սահմանին մէջ եղած համե­րաշ­խութիւնը պատրանք է։ Իրական համերաշխութիւնը, ինչպէս կ’ըմբռնեմ, գործե­լու որոշումէն կը ծնի եւ երեւան կու գայ գործունէութեան մէջ։

Այսպիսի համերաշխութիւն մը պէտք է կապէ հայերը եւ մակեդօնացիները միեւ­նոյն յամառ կռւին մէջ՝ մեզ հարստահարող րէժիմին դէմ։

Համոզւած եւ խանդավառ կուսակից նմանօրինակ համաձայնութեան մը, միշտ պնդած եմ անոր աննահանջ պէտքը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Մակեդօ­նական Բարձր Կօմիտէին նախագահ ընտրւեցայ թէ չէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Լահէի Վեհաժողովին առթիւ, միասին յայտարարութիւն մը ստորագրեցի։ Անկէ ի վեր, միշտ ներշնչւած եմ այն հանդիսաւոր խոստումէն, զոր մէկտեղ տւինք Եւրոպայի առջեւ՝ թիւրք բռնա­պետութեան դէմ համերաշխ ու միացած կռւելու համար։

Ինծի կը թւի թէ մօտ է ժամանակը, ուր մենք այս միութիւնը մեր արիւնով նորէն պիտի կնքենք պատերազմի դաշտերուն վրայ, ուր միայն պէտք է վճռւի մեր ճա­կատագիրը։

Այդ գերագոյն ժամուն, հաստատ գիտեմ, որ հայ յեղափոխական երիտասար­դութիւնը, որ նոյն ժամանակներու ապստամբութեան քանի մը էն գեղեցիկ ժէս­տերը ըրաւ, միահամուռ հոն պիտի ըլլայ իր պարտականութիւնը կատարելու համար. այս յոյսով է որ եղբայրաբար կ’ողջունեմ զայն Ժընէեւ Համագումարին մէջ»[21]։

Դիւանի ընտրութենէն ետք, Ակնունի կը ներկայացնէ անցնող տարուան ընթաց­քին աշ­խատանքային-կարգադիր յանձնախումբին համարատւութիւնը, ուր կ’եւրեւան Եւրո­պայի հայ ուսանողական միութեան ձեռք բերած կարեւոր իրագործումները՝ յատ­կա­պէս կազմակերպչական եւ ազգային-քարոզչական մարզին մէջ։

Հուսկ, տարբեր բանախօսներ կը ներկայացնեն դասախօսութիւններու շարք մը, որոնք բոլորն ալ կը վերաբերէին հայութեան կեանքին։ Դասախօսութիւններէն ոմանք, որոնք կ’առնչուէին կովկասահայ իրականութեան, կը դառնան հարցադրումներու եւ երկա­րատեւ վիճաբանութիւններու առարկայ։

Առ այս համագումարը համաձայնութիւն կը գոյացնէ հետեւեալ բանաձեւին շուրջ.

«Եւրոպայի Հայ ուսանողութեան 5-րդ համաժողովը՝ գտնելով, որ թրքահայե­րուն դատը իր ներկայ սուր, հրատապ, ստիպողական կերպարանքով առաջ­նա­կարգ խնդիր է ամբողջ հայութեան համար, միաձայն ցանկութիւն կը յայտնէ, որ կով­կասահայ ինտէլիգենցիան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ գլխաւորապէս այդ խնդրի շուրջը»[22]։

Համագումարը իր վերջին նիստին մէջ յառաջիկայ տարուան համար կը կայացնէ հե­տեւեալ որոշումները.

  1. «Յօգուտ Հայաստանի կազմակերպել բանախօսութիւններ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ շատ մը կարեւոր կեդրոններու մէջ։
  2. Հող պատրաստել Գերմանիոյ մէջ Հայկական դատը պաշտպանելու համար՝ յատուկ օրգան մը հրատարակելու գերմաներէն լեզուով։
  3. Բոլոր աշխարհի ուսանողներուն կոչ մը ուղղել, որ մամուլի ու բանախօ­սու­թիւններու միջոցով պրօպագանդ ընեն Հայաստանի համար։
  4. Թիւրքիոյ եւ Կովկասի մէջ Հայկական հարցի մասին խօսելը անհնար ըլլալով, համագումարը որոշեց այդ նպատակով Եւրօպայի մէջ հրատարակութիւններ ընել։
  5. Ընթացիկ տարւայ պրօպականտի ծախքերուն եւ հրատարակութեանց հա­մար 25,000 ֆրանքի պիւտճէ մը որոշուեցաւ։ Ներկայ եղողները անմիջապէս ստորագրեցին 5,000 ֆրանքը։ Մեծ ժողովածուին համար որոշուած է ծախսել 15-20,000 ֆրանք»[23]։

Ի դէպ պէտք է ըսել, որ յիշուած մեծ ժողովածուն «l’Arménie et la question arménienne» առաջադրուած հատորի պատրաստութեան կը վերաբերի, որուն մէջ ներառուած պի­տի ըլլային Եւրոպայի այն բոլոր քաղաքական, գիտական, հասարակական կեանքի հե­ղինակաւոր գործիչներու յօդուածներն ու ելոյթները, որոնք նպաստել կրնային Հայկա­կան հարցի բարեյաջող լուծման։

Համագումարին աւարտը կ’արձանագրէ շատ հետաքրքրական վկայութիւն մը համա­կրութեան եւ հակակրութեան փաստերու։ Երբ համակրութեան կեցուածք կը դրսեւո­րուի «Pro Armenia» թերթի խմբագրութեան, բոլոր հայասէրներուն, մակեդոնացի ժողո­վուրդին եւ բոլոր հարստահարուած ազգերուն նկատմամբ, հակակրութիւն մը կը ցու­ցաբերուի 26–30 դեկտեմբեր 1901 թուականին Զուիցերիոյ Պազել քաղաքին մէջ կայա­ցած սիոնիստական Ե. համագումարին հանդէպ, ուր Թէոտոր Հերցըլ զեկուցած էր մեծ ոճրագործին՝ սուլթան Ապտուլ-Համիտ Բ.-ի հետ իր ի նպաստ հրեաներու վարած բա­նակցութեան մասին[24]։ Այդ բանակցութեան կարեւոր կէտերէն մին էր տարհամոզել հայ յեղափոխական շարժումի հեղինակաւոր ներկայացուցիչները դադրեցնելու իրենց հա­կա­սուլթանական ելոյթներն ու գործողութիւնները[25]։

Արդարեւ, Կ.Պոլսէն աւստրիական մամուլին մէջ կը հաղորդուի հետեւեալ տեղե­կու­թիւնը.

«Սուլթանը հրաման ղրկեց Բարիզի դեսպան Միւնիր պէյին եւ Զւիցերիոյ տաճ­կական ընդհանուր հիւպատոսին՝ ամէն ջանք ու միջոց գործ դնել՝ հայ ուսանող­ներու համագումարը արգիլելու համար»[26]։

Ժընեւի համագումարը կ’եզրափակէ իր աշխատանքը՝ միաժամանակ որոշելով, որ Եւ­րոպայի հայ ուսանողութեան Զ. համագումարը տեղի պիտի ունենայ 1 ապրիլ 1903 թուականին Պրիւքսելի մէջ։

 

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Զ. համագումարը

Հակառակ առնուած վերոնշեալ որոշումին, Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Զ. համագումարը տեղի կ’ունենայ ոչ թէ 1903 թուականին Պրիւքսելի, այլ 3–10 ապրիլ 1905 թուականին Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքի Hôtel Eiger պանդոկին մէջ։

Ափսոս, որ այս համագումարի վերաբերեալ մանրամասն վկայութիւններ չեն աւան­դուած, այլ ընդամէնը «Դրօշակ»-ի նոյն տարւոյն թիւին մէջ կը հաղորդուի ամփոփ տե­ղեկութիւն մը համագումարի առած որոշումներուն մասին.

«Յայտնել համակրանք՝

  1. Ցարիզմի եւ սուլթանութեան դէմ կռիւ մղող բոլոր ժողովուրդների ազատա­գրական շարժման,
  2. Համակրանք մակեդօնական շարժման եւ այն համերաշխութեան, որ հաս­տատւած է Հայ-մակեդօնական յեղափոխական կազմակերպութիւնների մի­ջեւ,
  3. Արտայայտել խորին վիշտ հայ-թիւրքական ընդհարումների առիթով, կա­տարւած Բագւի մէջ, եւ կոչ անել երկու ժողովուրդներին՝ դէպի համերաշխու­թիւն, չխաբւելով ցարի կառավարութեան նենգամիտ դաւերից,
  4. Ջերմ յարգանք «Պրօ Արմէնիա»-ի խմբագրական կօմիտէին, հայկական դա­տին ցոյց տւած գնահատելի ծառայութեան համար»[27]։

Բաց աստի, Պեռնի ոստիկանութիւնն ալ 11 ապրիլ թուագրուած գաղտնի տեղեկա­գրութեան մը մէջ Զուիցերիոյ պատկան իշխանութեան կը հաղորդէ, թէ համագումարը կ’ընթանայ խաղաղ, առանց արտաքին խանգարումներ յառաջացնելու։ Այս տեղեկա­գրին համաձայն՝ համագումարը համախմբած է Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ, նաեւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու հայ ուսանողութիւնը։ Խաչատուր Մալումեան կը գնա­հա­տուի որպէս համակրելի «ժուռնալիստ» մը՝ Ժընեւէն։ Ան է, որ որոշ բացատրութիւններ կու տայ Պեռնի տեղական մամուլին առկայ իրադարձութեան նպատակին եւ բովան­դակութեան մասին, որոնք իրենց հակիրճ, սակայն դրական արձագանգը կ’ունենան «Der Bund» եւ «Berner Tagblatt» թերթերուն մէջ։

Սակայն տարաբախտօրէն հոս է, որ տեղի կ’ունենայ լուրջ տրոհում մը Եւրոպայի ազգայնական հայ ուսանողներու եւ սոցիալ-դեմոկրատներու միջեւ։ Վերջիններս Զ. համագումարէն ետք վերջնականապէս կը դադրին համագումարին անդամակցելէ՝ նկատի ունենալով այն փաստը, որ համագումարին առաջնահերթ նպատակներէն մին դարձած էր Հայաստանի ազատագրումը օսմանեան տիրապետութենէն եւ Հայկական հարցին լուծումը, մինչդեռ սոցիալ-դեմոկրատական գաղափարախօսութեան յարող ու­սանողներ անոնց մէջ կը տեսնէին վտանգ մը՝ ուղղուած հայ բանուորական շարժումի սոցիալիստական գիտակցութեան դէմ։ Դասակարգային պայքարը առաջնահերթ կը համարէին ազգայինէն, իսկ հայրենասիրական-ազգասիրական յեղափոխական շար­ժումը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ցարական Ռուսիոյ դէմ կը նկատէին ազգայնա­պաշտական, երեւոյթ մը, որուն ռահվիրաներէն եղած էին Ակնունի եւ Ժընեւի մէջ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը՝ Եւրոպայի հայ ուսանողական շրջանակներուն մէջ։

 

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան Է. համագումարը

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը կը գոյատեւէ հաւանաբար մինչեւ 1912 թուա­կանը։ Ան իր վերջին՝ Է. համագումարը, կ’իրականացնէ Լոզանի մէջ 2–8 յունուար 1910 թուականին։ Դժբախտաբար վկայութիւն աւանդուած չէ՝ եթէ Լոզանի Է. համա­գումարէն ետք տակաւին այլ համագումարներ տեղի ունեցած են։ Կարծիք կայ, որ սոյն համագումարը որոշում կայացուցած է Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը պաշ­տօնապէս լուծելու մասին, մինչդեռ որոշ տուեալներ կը խօսին, որ ան տակաւին գոյատեւած է, ինչպէս վերոգրեալ յիշուեցաւ, մինչեւ 1912 թուականը։ Առնուազն ՀՅԴ «Ուսանող» պարբերաթերթը, որ տպագրուած է Կ.Պոլիս 1912 թուականին, տարեկան անդամավճարներու իր ցանկին մէջ կը նշէ. «Եւր. Հ. Ուս. Մ-ից 100» ֆրանքի ստացման տեղեկութիւնը[28]։

Բոլոր պարագաներուն, Պեռնի Զ. համագումարին մէջ տեղի ունեցած տրոհումը Եւրո­պայի հայ ուսանողական միութեան յառաջացող զառիթափին եւ տկարացման լուրջ պատճառներէն մին էր։ Երբ ան հետզհետէ հիւծող գոյավիճակի մէջ կը տարուբերէր, Ժընեւի մէջ 1908 թուականին կը ձեւաւորուի ուսանողական նոր միութիւն մը՝ «ՀՅԴ ուսանողական միութիւն» անունին տակ, որ իր կարգին աշխուժ գործունէութիւն ծա­ւալելով կը գոյատեւէ մինչեւ Ա. աշխարհամարտի բռնկումը՝ 1914 թուականը։ Ան իր գործուն գոյութեան վեց տարիներուն ընթացքին կը գումարէ հինգ համաժողովներ եւ կը հրատարակէ իր տեղեկատուն՝ «Ուսանող» խորագրով։

Թէպէտ անտարակոյս այս նիւթը ուղղակի առնչութիւն մը ունի նախորդին հետ, սա­կայն առնուազն ժամանակի իմաստով ան դուրս կը մնայ առկայ ելոյթի սահմաններէն։ Ուստի յարմար կը նկատեմ զայն ներկայացնել պատեհ ուրիշ առիթով մը։

Ինչպէս վերոգրեալ արդէն նշուեցաւ, 1908 թուականին երիտթուրքերու, այսպէս կո­չուած, «յեղափոխութենէն» եւ Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, Ակնունի Կ.Պոլիս մեկնեցաւ։ Ուրեմն ինք Ժընեւ չէր գտնուեր «ՀՅԴ ուսանողա­կան միութեան» հիմնադրութեան ժամանակ։ Այնուամենայնիւ, անուրանալի է անոր հզօր ներդրումը «ՀՅԴ ուսանողական միութեան» ձեւաւորման մէջ՝ ճշմարիտ հայրե­նասիրութեամբ, առինքնող խօսքով եւ արժանահաւատ գործունէութեամբ։

 

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան հայանպաստ հրատարակչական եւ քարոզչական գործունէութիւնը

 

Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան մասնաւորաբար Գ. համագումարէն սկսեալ որոշում կայացաւ եւ ամրագրուեցաւ նաեւ միութեան կանո­նագրութեան մէջ, որ նպատակային աշխատանք պիտի կազմակերպուի հայ եւ օտար լեզուներով հրատարակելու հայանպաստ գիրքեր, գրքոյկներ եւ յօդուածներ։ Զուգահե­ռաբար Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ պիտի ձեռնարկուին դասախօսական երե­կոներ եւ այլազան միջոցառումներ՝ եւրոպացի հասարակութեան ծանօթացնելու հա­մար հայ մշակոյթը, պատմութիւնն ու լեզուն, նաեւ ներկայացնելու անոր բազմաչարչար հայ ժողովուրդին կրած անլուր տառապանքը Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի տիրակալութեան տակ։ Այսպէս, Եւրոպայի հայ ուսանո­ղական միութիւնը յոյս ունէր, որ այս եւ նման ձեռնարկներով ազդել պիտի կարենայ Եւրոպայի հասարակական կարծիքին վրայ՝ ի վերջոյ բարենպաստ լուծում մը տալով Հայկական հարցին։

Արդարեւ ան կ’իրականացնէ հայ եւ օտար հեղինակներէ բազմաթիւ յօդուածներու հրապարակումը տարբեր լեզուներով լոյս տեսնող եւրոպական մամուլին մէջ, միաժա­մանակ կը հրատարակէ քանի մը տասնեակ գիրքեր եւ գրքոյկներ, որոնցմէ կարելի է նշել հետեւեալները.

  1. Aknօuni, E., La censure russe au Caucase, Impr. J. Studer, Genève, 1905.
  2. Aknօuni, E., La Question Arménienne et le Tsarisme, Impr. J. Studer, Genève, 1905.
  3. Sassoun et les atrocités hamidiennes : Interpellation à la Chambre française. Les atrocités (Dépêches) Rapport officiel des Délégués consulaires, Publié par l’Union des Étudiants Arméniens de l’Europe, J. Studer, Genève, 1904.
  4. Pressensé, Francis de, L’arménie et la Macédoine : Conférence donnée… à Paris le 15 Février 1903 / Publié par l’Union des Étudiants Arméniens de l’Europe, Union des étudiants arméniens de l’Europe. – Kongress (1903) (Paris), Imp. J. Studer : (Aufdruck: Libr. Stapelmohr), Genève, 1903.
  5. Für Armenien und Macedonien: Eine Manifestation zu Paris, 15. Februar 1903, Redner: [Paul-Henry-Benjamin] d’Estournelles de Constant, Denys Cochin, Fran­cis de Pressensé, Jean Jaurès, Paul Lerolle, Anatole Leroy-Beaulieu; Übersetzt und mit einem Vorwort für deutsche Leser versehen von Ilse Frapan[-Akunian]; Hrg. von der Union des Étudiants Arméniens de l’Europe, Fr. Weber, Genf, 1903.
  6. Bernstein, Ed., Les souffrances du Peuple arménien et le Devoir de l’Europe / Conférence publique faite à Berlin, le 26 Juin 1902 par Edouard Bernstein, député au Reichstag ; Traduit de l’allemand par Louis Coupette, Publié par l’Union des Étudiants Arméniens de l’Europe,  Imp. J. Studer : (Aufdruck: Libr. Stapelmohr), Genève, 1902.
  7. Sassoun révolté, Union des étudiants arméniens de l’Europe, Genève, 1903.
  8. Brandès, Georg, L’Arménie et l’Europe, Conférence faite à Berlin, le 2 Février 1903 par Georges Brandès ; Publié par l’Union des Étudiants Arméniens de l’Europe, Imp. J. Studer, Genève, 1903.
  9. Brandès, Georg, Armenien und Europa: Vortrag gehalten zu Berlin am 2. Februar 1903, Hrg. Von der Union des étudiants arméniens de l’Europe, Fr. Weber, Genf, 1903.
  10. Vittorio R. di Olivier, La questione armena e il dovere dell’Italia, Union des étudiants arméniens de l’Europe, J. Studer, Ginevra, 1906.
  11. Vandal, Albert. – Mun, Albert de, Les arméniens et la Réforme de la Turquie, Conférence faite à Paris le 2 février 1897 par M. Albert Vandal… sous la pré­si­dence de M. le Comte [Albert] de Mun, Député, Publié par l’Union des Étudiants Arméniens de l’Europe, Aufdruck: Libr. Stapelmohr, Genève, 1903.
  12. Dolens, Noël. – Khatch, A., Histoire des anciens Arméniens, Publié par l’Union des Etudiants Arméniens de l’Europe, J. Studer, Genève, 1907.
  13. Frapan, Ilse, Die Armenische Frage, und das europäische Gewissen. Öffentlicher Vortrag, von Ilse Frapan, veranstaltet zu Hamburg, den 22. Mai 1903 von der Union der Ar­menischen Studenten in Europa, Fr. Weber, Genf, 1903.
  14. Frapan, Ilse, Armenier und Zarismus: Oeffentlicher Vortrag. Veranstaltet zu Bern, den 4. November 1905 von den Armenischen Studierenden, von der Union der Armenischen Studenten in Europa, J. Studer, Genf, 1906.
  15. Եմէնցի, Լեռան ռազմիկը, Ժընեւ, 1904։
  16. Հայաստան եւ հարեւան երկիրները, Ժընեւ, 1904։
  17. Հայրենասէրի տաղերը, Ժընեւ, 1903։
  18. Տարոնցի, Գլակ, Ապստամբ Սասունը, Ժընեւ, 1903։

Նկատի ունենալով վերոնշեալ հրատարակութիւններուն թուականները` պէտք է եզրա­կացնել, որ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը քարոզչական արդիւնաւէտ գոր­ծու­նէութիւն ծաւալած է մասնաւորաբար 1903–1907 թուականներուն։

Բաց աստի, յիշարժան իրադարձութիւններ են հայանպաստ այն երկու խոշոր ձեռ­նարկ­ները, որոնք տեղի ունեցած են, մին՝ 10 փետրուար 1902 թուականին Ժընեւի նշա­նաւոր Victoria Hall-ի, իսկ միւսը՝ 15 փետրուար 1903 թուականին Փարիզի Château d’Eau շրջանին մէջ։

Փարիզի սոյն միջոցառումին կը մասնակցի աւելի քան 4․000 մարդ։ Վեր կը հանուի Օս­մանեան կայսրութեան բռնա­ճնշումներուն տակ հեծող ու կեղեքուող հայ եւ մակեդո­նացի ժողովուրդներու դա­րա­ւոր բարեկամութիւնը, բայց միաժամանակ կ’արտայայտէ անոնց աննկուն կամքը սուլ­թա­նական տիրապետութեան դէմ միասնական պայքարի։ Տօնախմբութեան մը բնոյթ կրող եւ ազգերու միջեւ զօրակցութիւն արտայայտող այս քարոզարշաւի իրադար­ձու­թիւնը մեծ արձագանգ կը գտնէ ինչպէս Ֆրանսայի, նոյնպէս Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ[29]։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը նման կարեւոր ձեռնարկ մըն ալ կ’իրա­կա­նացնէ, ինչպէս յիշուեցաւ, Ժընեւի պատկառելի Victoria Hall հանդիսասրահին մէջ, ուր ներկայ կը գտնուին Ժընեւ քանթոնի կառավարական ներկայացուցիչներ, այլեւ հա­սա­րակական կեանքի՝ գիտութեան, գրականութեան, արուեստի եւ մշակոյթի հեղինա­կա­ւոր գործիչներ։ Այս մասին Ակնունի կը հաղորդէ.

«Միութեան Լիազօր Կոմիտէն նախաձեռնող եղաւ հրապարակական մի մեծ կօն­ֆէրանսի, որ տեղի ունեցաւ փետրւարի 10-ին [1902] Ժընէվում եւ որի համար յատկապէս հրաւիրւած էր յայտնի ֆրանսիացի պուբլիցիստ-հայասէր Ֆրանսիս դը Պրէսանսէ։

Կօնֆէրանսը, որին նախագահում էր Ժընեւի կառավարութեան շէֆ՝ Ժօրժ Ֆա­վօն եւ որը գրաւել էր դէպի Վիկտօրիա Հալ վիթխարի դահլիճը հազարաւոր մար­դիկ (ահագին բազմութիւն դուրս մնաց տեղ չլինելու պատճառով) ազա­տա­սէր քաղաքի հասարակութեան բոլոր խաւերից՝ պսակւեց արտակարգ յաջողու­թեամբ, որ եւ արձանագրւեց շվէյցարական ինչպէս եւ ուրիշ երկիրների լրագիր­ներում։ Համակրական արտայայտութիւնների արժանացան թէ հայերը, թէ բա­նախօսը եւ թէ «Եւրոպայի հայ ուսանողական Միութիւնը», որը կազմակերպել էր այդ հրահանգիչ բանախօսութիւնը»[30]։

Այս եւ նման իրենց տարողութեամբ ու կարեւորութեամբ մեծ եւ փոքր հայանպաստ ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ կը կազմակերպուին եւրոպական տարբեր քաղաք­ներու մէջ՝ փորձելով հասարակութիւնը միշտ զգաստ պահել հայութեան ճակատագրին հանդէպ, նաեւ հասարակական կարծիքը շահագրգռել՝ ի վերջոյ բարեյաջող լուծում մը տալու համար Հայկական հարցին։

Ի հեճուկս նիւթական ամենասահմանափակ միջոցներու, բազմատեսակ դժուարու­թիւններու եւ զրկանքներու, հակառակ ընկերային-հասարակական ու հոգեբանական տարատեսակ մարտահրաւէներու, որոնք Եւրոպայի համալսարանական տարբեր քա­ղաքներու մէջ կը ծառանային ընտանեկան միջավայրէն հեռու եւ օտարութեան մէջ ապրող հայ երիտասարներուն դէմ, կար գնահատելի երեւոյթ մը, որ յուզում, հիացում եւ հպարտութեան զգացում կ’առթէ մեր մէջ։ Այդ ժամանակ Եւրոպայի հայ ուսանող­ներուն մէջ կար կրա՛կ՝ սէր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ։ Կար նաեւ գիտակցութիւն՝ արժեւորելու կեանքը, իմաստաւորելու սեփական գոյութիւնը՝ ծառայելով հայրենիքի ազատագրու­թեան սրբա­­զան գոր­ծին եւ ազգի բարօրութեան։

Ժընեւ, 10 ապրիլ 2025

[1] Տե՛ս «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան, 1897-98, 1898-99 թթ.», Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1899, էջ 5։

[2] Տե՛ս նոյնը, էջ 7։

[3] Տե՛ս նոյնը, էջ 9-10։

[4] Հմմտ. նոյնը, էջ 20։

[5] Տե՛ս «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան` պատրաստված 5-րդ համագումարի հա­մար», տպ. Ս. Ղազար, Վենետիկ, 1902, էջ 2։

 

[6] Տե՛ս նոյնը, էջ 2-3։

[7] ՀՅԴ պաշտօնաթերթ։ Առաջին երկու թիւերը լոյս կը տեսնեն 1891 թուականին Թիֆլիսի մէջ, երորրդը՝ Ռումանիա 1892 թուականին։ Նոյն տարին խմբագրութիւնը կը տեղափոխուի Ժընեւ, ուր թերթը շարու­նակաբար կը տպագրուի մինչեւ Ա. աշխարհամարտի սկիզբը։

[8] Հմմտ. http://www.ayo2006.com/?p=2950 (10.04.2025).

[9] Տե՛ս «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան` պատրաստված 5-րդ համագումարի հա­մար», էջ 4-5։

[10] «Pro Armenia»-ն Փարիզ հրատարակուող ֆրանսերէն երկշաբաթաթերթ մըն էր, որ լոյս տեսաւ 1900–1914 թուականներուն՝ նախաձեռնութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի։ Թերթին գլխաւոր խմբագիրն էր Pierre Qillard-ը՝ ունենալով իր շուրջ ֆրանսացի ականաւոր անձերէ բաղկացած խմբագրական պատ­կառելի կազմ մը։ Թերթին նպատակն էր ֆրանսական եւ միջազգային հասարակութեան ծանօթացնել Հայկական հարցը, օժանդակել հայ ժողովուրդին, Եւրոպայի մէջ զօրացնել հայանպաստ շարժումը, նաեւ իրականացնել Պեռլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածի եւ 1895 թուականի «Մայիսեան բարենորոգում­ներու» ծրագիրը։

Pro Armenia-ն լոյս կը տեսնէ մինչեւ Առաջին աշխարհամարտի սկիզբը, իսկ 1912-1913 թուականներուն կ’անուանափոխուի՝ կոչուելով «Pour les Peuples d’Orient»: 10 դեկտեմբեր 1913 թուականին կը վերա­կանգնուի «Pro Armenia» անուանումը։ Թերթին վերջին համարը հաւանաբար լոյս կը տեսնէ 25 յունիսէն 10 յուլիս 1914 թուականին։

[11] Տե՛ս «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան` պատրաստված 5-րդ համագումարի հա­մար», էջ 4-5։

[12] Հմմտ. նոյնը, էջ 14։

[13] Հմմտ. նոյնը, էջ 14։

[14] Հմմտ. նոյնը, էջ 8։

[15] Տե՛ս «Դրօշակ», 1902, Դ, էջ 61–63։

[16] Հմմտ. նոյնը, էջ 61–62։

* Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան պատրաստած այս եւ նախորդ նկարը ինծի տրամադրելուն համար մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ փրոֆ. Արա Սանճեանին։

[17] Հմմտ. նոյնը, էջ 61։

[18] Տե՛ս «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան` պատրաստված 5-րդ համագումարի հա­մար», էջ 11։

[19] Հմմտ. «Դրօշակ», 1902, էջ 62։

[20] Տե՛ս նոյնը։

[21] Հմմտ. նոյնը, էջ 63։

[22] Հմմտ. նոյնը։

[23] Հմմտ. նոյնը։

[24] Տե՛ս նոյնը։

[25] Թէոտոր Հերցըլ արդէն 1896-ին նման բանակցութիւններ վարած էր սուլթան Ապտուլ-Համիտ Բ.-ին հետ։ Այդ ժամանակ եւս պայմաններէն մին եղած էր տարհամոզել հայ յեղափոխականները, որպէսզի դադրեցնեն իրենց հակասուլթանական գործողութիւնները։ Հերցըլ 13 յուլիս 1896-ին Լոնտոնի մէջ հան­դիպում կ’ունենայ Աւետիս Նազարբէկեանին հետ ու ջանք չի խնայեր տարհամոզելու զինք, սակայն սոյն հանդիպումը կը մնայ ապարդիւն։

[26] Հմմտ. նոյնը։

[27] Հմմտ. «Դրօշակ», 1905, Դ, էջ 63։

[28] Տե՛ս «Ուսանող, հրատարակութիւն ՀՅԴ ուս. Միութեան», թիւ 7, 1912, էջ 286։

[29] Für Armenien und Macedonien: Eine Manifestation zu Paris, 15. Februar 1903, Redner: [Paul-Henry-Ben­jamin] d’Estournelles de Constant, Denys Cochin, Fran­cis de Pressensé, Jean Jaurès, Paul Lerolle, Anatole Le­roy-Beaulieu; Übersetzt und mit einem Vorwort für deutsche Leser versehen von Ilse Frapan[-Akunian]; Hrg. von der Union des Étudiants Arméniens de l’Europe, Fr. Weber, Genf, 1903, p. 3.

[30] Հմմտ. «Տեղեկագիր Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան` պատրաստված 5-րդ համագումարի հա­մար», էջ 18։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button