Յօդուածներ

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի Մահուան Առթիւ

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ 

Ապրիլ 9, 2025

Անգամ մը եւս, իբր «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, ինծի վիճակուեցաւ խօսիլ գործակիցի մը եւ մտերիմ ընկերոջ մը մասին, որ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ։

Արդ, առաջին հերթին կ՚ուզեմ Կեդրոնական վարչութեան խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնել բժ. Կարպիս Հարպոյեանի կողակցին՝ տիկ. Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանին, դուստրերուն եւ ամուսիններուն՝ Դալար ու Գէորգ Գալլողլեաններուն, Լոռի ու Տանիէլ Զաքարեաններուն եւ Փաթիլ ու բժ. Արի Մկրտիչեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց համայն հարազատներուն՝ բժիշկին այս անժամանակ կորուստին առթիւ։

Անկասկած բժիշկ Հարպոյեան իր մասնագիտական, հասարակական թէ գրական գործունէութեամբ իր իւրայատուկ ու արժանաւոր տեղը կը գրաւէ Սփիւռքի տարեգրութեան մէջ։

Առաջին յատկանիշը, որ կը հաստատենք՝ իր ծառայութեան յօժարակամութիւնն է. ան ամբողջ կեանքը ծառայած է ժողովուրդին։ Ի՛ր ժողովուրդին եւ շրջապատին։ Ծառայած է նուիրումով, անշահախնդրօրէն, առանց ծափ ու ծնծղայի։

Երկրորդ յատկանիշը իր անսպառ կորովն է. ժրաջան, աշխատասէր, համագործակցող, մանաւանդ իր ստանձնած գործը անպայման իրագործելու եւ մասնագիտակա՛ն մօտեցումով իրագործելու իր ունակութիւնը։

Երրորդ յատկանիշը իր սէրն է իր պատկանած ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ յատկապէս լեզուին նկատմամբ։ Եւ, փոխադարձաբար, ինքն ալ սիրուած ու յարգուած է իր գործակիցներուն, պատկան մարմիններուն եւ հանրութեան կողմէ։

Այստեղ նշենք յատկապէս «Համազգային»-ի հետ իր առնչութիւնը, որ կը սկսի 1958-էն՝ երիտասարդ տարիքին իր անդամակցութեամբ, իր ջանքերով 1968-ին՝ Անթիլիասի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի հիմնադրութեամբ, ապա, իբր անդամ, հուսկ ատենապետ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, 1977-ին՝ «Ծնծղայ» մանկական երգչախումբի, իսկ 1983-ին Պուրճ Համուտի երաժշտական դպրոցի ստեղծումով, վերջապէս 1998-էն 2002՝ Կեդրոնական վարչութեան իր անդամակցութեամբ։ Աւելի ուշ ան մաս կազմած է նաեւ «Համազգային»-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։

Ի զուր չէ, որ տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս «Համազգային»-ի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին առ ի գնահատանք, 2009-ին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արժանացած է «Համազգայինի շքանշան»-ին, ազգային եկեղեցական ծառայութեանց ծիրէն ներս նաեւ 2015-ին ստացած է Գանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանը, այլեւ 2016-ին պարգեւատրուած է  «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»–ի Պէյրութի կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ` «Գնահատանք» յուշատախտակով, Պէյրութի խորհրդատու յանձնախումբին մէջ իր բազմամեայ ծառայութեան համար, վերջապէս 2020-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս իրեն շնորհած է Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետի»-ի շքանշանը։

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան համար ան պիտի մնայ տիպար հայու եւ տիպար համազգայնականի այն կերպարը, որուն օրինակէն պիտի ներշնչուին գալիք սերունդները։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button