Յօդուածներ

Դէպի Հող. Հայկական Վարժարաններու Հայաստան Այցելութիւններուն Տեւական Ազդեցութիւնը

Ռուբէն Ճանպազեան
«Թորոնթոհայ», Ապրիլ 2025 (Թիւ 212)
Շաբաթներ առաջ, մեր ընկերներուն տան մէջ հաւաքոյթի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ անհանգստացնող (կիսա)վիճաբանութիւն մը, թէ արդեօք կարեւո՞ր են սփիւռքի հայկական վարժարաններու՝ Հայաստան կատարած դասարանային այցելութիւնները: Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուած ծանօթներէս մէկը կը պնդէր, թէ այս ճամբորդութիւնները մակերեսային, զբօսաշրջիկի պտոյտներ են․ աշակերտները կու գան, կը զուարճանան, լուսանկարներ կ՚առնեն եւ կը մեկնին առանց իսկական կապեր ստեղծելու:
Կողակիցս՝ Արազը, եւ ես ապշահար մնացինք. ո՛չ միայն երկուքս ալ սփիւռքի հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներ էինք, այլեւ՝ անցեալին այդ կրթօճախներուն միջոցով Հայաստան այցելած: Արազին պարագային, իր առաջին այցելութիւնն էր, իմ՝ երկրորդս: Այնուամենայնիւ, երկուքս ալ (Արազը՝ 10 տարեկանին, ես՝ 13 տարեկանիս) այդ ճամբորդութիւններէն բոլորովին փոխուած վերադարձած էինք տուն:
Աւելի քան երկու տասնամեակներ առաջ դասընկերներուս հետ մեր դպրոցական ճամբորդութեան ընթացքին շրջեցանք ոչ միայն Երեւան, այլ նաեւ Հայաստանի երկայնքին ու լայնքին՝ Արցախը ներառեալ (երանի՜ այդ օրերուն…): Ազդեցութիւնը հսկայական էր. այն ամէնը, ինչ որ մեր գիրքերուն մէջ կարդացած էինք Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին եւ բնաշխարհին մասին, մեր աչքերուն դիմաց իրականութիւն դարձաւ: Հայրենիքը այլեւս պարզապէս լուսանկար մը, պատին վրայ գեղանկար մը կամ վերացական գաղափար մը չէր. շօշափելի էր, ապրուած եւ անմոռանալի: Կինս ալ նման փորձառութիւն ունեցած էր, երբ այցելած էր Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի (St. Stephen’s Armenian Elementary School) իր աւարտական Ե. կարգի դասընկերներուն հետ:
Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի (A.R.S. Armenian Private School) ԺԲ. կարգի քսանհինգ աշակերտներուն վերջերս կատարած դասարանային այցելութիւնը ժամանակակից եւ փայլուն օրինակ մըն է, թէ ինչո՛ւ այս ծրագիրները այդքան կարեւոր են: Մօտէն հետեւեցայ անոնց ճանապարհորդութեան, որ ստեղծեց հայոց պատմութեան, մշակոյթին եւ ընկերութեան հետ խոր յարաբերութիւն մը` հերքելով այն պնդումը, թէ այս ճամբորդութիւնները երեսպաշտութիւն են:
Աշակերտները այցելեցին Գիւմրի եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազին՝ անոր թանգարան-տան մէջ: Գիւմրիի մէջ պատահականօրէն հանդիպեցան ժամանակակից հայ մարզական աստղի մը, որուն մինչ այդ միայն պաստառի վրայէն հետեւած էին՝ Ողիմպիական խաղերու եւ միջազգային մրցումներու ընթացքին (միայն Հայաստանի մէջ կրնայ պատահիլ այսպիսի բան): Աշակերտները այցելեցին զբօսաշրջիկներու կողմէ պակաս այցելուած վայրեր, ինչպէս Հայաստանի հարաւային շրջանի Սիւնիքի մարզը, ուր անոնք մնացին եւ ծանօթացան գեղատեսիլ Գորիս քաղաքին: Անոնք հիացումով ծանօթացան հազարամեայ վանքերուն, ինչպէս՝ Հաղպատի ու Տաթեւի վանական համալիրները, վերահաստատելով իրենց կապը Հայաստանի հոգեւոր եւ ճարտարապետական ժառանգութեան հետ:
Անոնք յուզիչ եւ աչք բացող փորձառութիւններ ունեցան հանդիպելով բռնի տեղահանուած Արցախի երիտասարդներու՝ իրենց հասակակիցներուն, որոնք կորսնցուցած էին իրենց հայրենիքը: Այս հանդիպումները մարդկային դէմք տուին պատերազմի եւ տեղահանութեան դառն իրականութեան, աշակերտներուն առջեւ բանալով տեսանկիւն մը, որ ոչ մէկ դասագիրք կամ պատմութեան դաս երբեք լիովին կրնար փոխանցել: Անոնք լսեցին իրենց տուներէն արմատախիլ եղած ընտանիքներու դժուարութիւններուն մասին ուղղակի անոնց բերնէն: Այս փոխազդեցութիւնները հիմնեցին կարեկցանք եւ հասկացողութիւն՝ ամրապնդելով աշակերտներուն պատասխանատուութեան զգացումը հայ ազգին եւ իրենց ժողովուրդին հանդէպ:
Յատկապէս իմաստալից էր հետեւիլ անոնց Ուշի գիւղի այցելութիւնը, ուր աշակերտները հանդիպեցան տիկին Էլիզին՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադիր տնօրէն, հանգուցեալ Մարգար Շարապխանեանի այրիին: Տիկին Էլիզ ջերմութեամբ հիւրընկալեց զանոնք, պատմելով հանգուցեալ ամուսնոյն նուիրումին մասին հայկական կրթութեան եւ հայրենիքի մէջ արմատներու կարեւորութեան շուրջ: Պարոն Մարգարի շիրիմին առջեւ, աշակերտները միասնաբար արտասանեցին անոր գրած վարժարանի երդումը, վերահաստատելով կապը այն արժէքներուն հետ, որոնք առաջնորդած են իրենց կրթութիւնը:
Եռաբլուր զինուորական գերեզմանատան մէջ, աշակերտները ոգեկոչեցին զոհուած հազարաւոր հայ հերոսներու զոհաբերութիւնը, յարգեցին յիշատակը Արցախի համար զոհուած (նախկին) թորոնթոհայ կամաւոր Քրիստափոր Արթինին՝ անոր շիրիմին ծաղիկներ դնելով: Ծիծեռնակաբերդի՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ անոնք խորհրդածեցին ողբերգական անցեալի մասին եւ ամրապնդեցին իրենց յանձնառութիւնը արդարութեան հանդէպ: Ասոնք լոկ զբօսաշրջիկներու արարքներ չեն. ասոնք երիտասարդ հայերու կենդանի փորձառութիւններ են, որոնք կը կապեն զիրենք իրենց հայրենիքին հետ:
Ու անշուշտ, ճամբորդութիւնը միայն յիշատակելու եւ կորուստի մասին չէր: Տարբեր մարզերու մէջ աշակերտները առիթը ունեցան շփուելու այլ երիտասարդ հայերու, իրենց տարեկիցներու հետ, որոնք տուին Հայաստանի առօրեայ կեանքին մասին հարազատ պատկերացում մը՝ մարտահրաւէրները, անշուշտ, բայց նաեւ այն կենսունակութիւնը, ջերմութիւնն ու ուրախութիւնը, որոնք այստեղ կը տիրեն: Անոնք հանդիպեցան երիտասարդներու, որոնք, իրենց նման, կը յաղթահարեն դպրոցական կեանքը, ընկերական յարաբերութիւնները եւ ապագայի ձգտումները: Այս փոխազդեցութիւններու ընդմէջէն, անոնք տեսան Հայաստանը ոչ միայն որպէս պատմական նշանակութիւն ունեցող վայր մը, այլ որպէս կենդանի, շնչող երկիր մը, ուր երիտասարդները, ճիշտ իրենց նման, իրենց ճամբան կը հարթէին:
Ճամբորդութիւնը զարգացուց անոնց բնապահպանական գիտակցութիւնը: Հայաստանի ծառատունկի ծրագիրին (Armenia Tree Project) արտեր այցելութեան ընթացքին, աշակերտները ոչ միայն կայուն անտառավերականգնման մասին սորվեցան, այլ նաեւ ծառեր տնկեցին, գործնապէս մասնակցելով կանաչ Հայաստանի ապագային: Անոնք քննարկումներ ունեցան կին երեսփոխաններու հետ, ստանալով անմիջական հպում կառավարման եւ քաղաքականութեան մշակման հետ: Այս փոխազդեցութիւնը ոչ միայն խորացուց անոնց հասկացողութիւնը Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին մասին, այլ նաեւ ոգեշնչման պահ մը եղաւ, մանաւանդ խումբի աղջիկներուն համար, որոնք տեսան կին առաջնորդներ՝ ազգի ապագային համար պայքարող:
Աշակերտներէն շատերը Հայաստանի մէջ ունէին ընտանիքի անդամներ՝ զարմիկներ, հօրեղբայրներ, հօրաքոյրներ կամ մեծ ծնողներ. այս այցելութիւնը թոյլ տուաւ անոնց իմաստալից ձեւերով ամրապնդելու այդ ընտանեկան կապերը, կամուրջ հաստատելով իրենց սփիւռքեան ինքնութեան եւ հայրենիքին միջեւ:
Քննադատները յաճախ չեն տեսներ այս ճամբորդութիւններուն երկարատեւ ազդեցութիւնը: Այս աշակերտներէն ոմանք պիտի վերադառնան «Դէպի Հայք»-ի (Birthright Armenia – Դեպի Հայք) կամ այլ (գանատահայ, միջազգային կամ հայրենի) կազմակերպութիւններու միջոցով: Ոմանք պիտի այցելեն անհատապէս: Ոմանք ալ, ինչպէս ես ու կողակիցս, Հայաստանը իրենց բնակավայրը պիտի դարձնեն: Բայց նոյնիսկ անոնց համար, որոնք չեն վերադառնար, փորձառութիւնը երբեք չի մարիր: Հայաստանը կը դադրի վերացական գաղափար մը ըլլալէ եւ կը դառնայ անոնց ինքնութեան մէկ մասը:
Այս ճամբորդութիւնները որպէս ժամանակի եւ միջոցներու վատնում նկատելը, անոնց իսկական արժէքը չգիտնալ կը նշանակէ: Անոնք կը սերմանեն կապի, իրազեկութեան եւ պատասխանատուութեան սերմերը․ սերմեր, որոնց ծաղկիլը հաւանաբար տարիներ առնէ, բայց որոնք կը մնան խորապէս արմատաւորուած աշակերտներու սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: Շատերուն համար, ասիկա առաջին հանդիպումն է հայրենիքին հետ, զոր շարունակաբար պիտի վերայայտնաբերեն իրենց կեանքին ընթացքին: Եւ ատիկա բնա՛ւ անօգուտ չէ: ֎
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button