Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան պատրաստ է միջազգային փորձագէտներու մասնակցութեամբ ստուգել Ատրպէյճանի փոխանցուած ականապատուած դաշտերու քարտէսներուն ճշգրտութիւնը։

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան “Էքս” հարթակին վրայ կատարած իր գրառման մէջ նաեւ յայտնեց, որ աւելի լաւ կամ աւելի ճշգրիտ քարտէսներ չկան։ Պատալեանի համաձայն, 2021ին հայկական կողմը առանց նախապայմանի Ատրպէյճանի յանձնած է 972 քարտէս։ Իսկ 2024ին Հայաստանի իշխանութիւնները հարցումներու միջոցով հաւաքագրած եւ Ատրպէյճանի փոխանցած են ականապատուած դաշտերու նոր քարտէսներ։

Տեղին է նշել, որ Պաքուի իշխանութիւնները Հայաստանի կողմէ փոխանցուած քարտէսներուն ճշգրտութիւնը կը համարեն միայն 25  առ հարիւր։

*

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը բարձրացուցած է գիշերային հսկողութիւնը՝ հայեւատրպէյճանական սահմանին երկայնքին՝ գիշերային ապահովութիւնը բարելաւելու եւ հնարաւոր լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով, հաղորդեց եւրոպական առաքելութեան բանբերը։

Ատրպէյճանական ուժերը վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ գիշերները կը կրակեն՝ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու ուղղութեամբ, ապա կը յայտարարեն, որ հայկական դիրքերէ կրակ կը բացուին ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

*

Հայկական եւ իրանեան բանակներու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին։ Հայկական ուժերը՝ Հայաստանի, իսկ իրանեան ուժերը իրանեան տարածքներուն մէջ մասնակցեցան ռազմափորձերուն, որոնց նպատակն էր Հայաստան- Իրան պետական սահմանին տեղակայուած սահմանային անցակէտերու վրայ պայմանական ահաբեկչական խումբերու յարձակումներուն չէզոքացումը։

*

Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Համագործակցութեան եւ զարգացման գրասենեակը անգլիահպատակներուն թելադրեց հեռու մնալ Հայաստանի սահմանէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ որեւէ ուղեւորութենէ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ  լարուածութեան պատճառով։      Սահմանափակումը չի վերաբերիր Նախիջեւան այցելութիւններուն։     Անգլիական իշխանութիւններուն թելադրանքին համաձայն, անգլիահպատակները պէտք չէ ուղեւորուին գրաւեալ Արցախի Քարվաճառ, Լաչին, Ջէպրայիլ, Մարտունի, Շուշի, Ստեփանակերտ, Աղտամ , Ֆիզուլի եւ Թարթար շրջանները։

*

Երեւանի քաղաքապետարանի սպասարկութիւններու վարչութեան պետ Արսէն Կարոյեան կալանաւորուեցաւ։ Պաշտօնէական դիրքի չարաշահման յօդուածով մեղադրուող Կարոյեան նախ ձերբակալուած էր, երբ հակափտածութեան կոմիտէի քննիչները մտած էին քաղաքապետարան։ Անոնք դատարանէն պահանջած էին բանտ ուղարկել Կարոյեանը, սակայն դատաւորը մերժած էր այդ միջնորդութիւնը եւ գրաւի դիմաց դատարանի դահլիճէն Կարոյեանը ազատ արձակած էր։ Ան դրուեցաւ վարչական հսկողութեան տակ։

Դատարանը ապա բաւարարեց դատախազին միջնորդութիւնը՝ Կարոյեանը կալանաւորելու համար եւ ան դատարանէն բանտ փոխադրուեցաւ։ Կարոյեանի պաշտպան փաստաբան Պետրոս Պետրոսեան յայտնեց, որ քննիչները տակաւին չեն յաջողած ապացուցել, թէ իր պաշտպանեալի որ արարքը կը համարուի պաշտօնէական դիրքի չարաշահում եւ ան որու՞ 23 միլիոն դրամի վնաս հասցուցած է։

*

Ներքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանեց, թէ ինչու Արցախէն բռնագաղթուած անձերուն  հայաստանեան անձնագրերուն մէջ ծննդավայրը Ատրպէյճան կը նշուի։

Անձը հաստատող փաստաթուղթերուն մէջ տուեալներուն ամրագրումը  կը կատարուի միջազգային չափանիշերուն համապատասխան։ Հետեւաբար որեւէ նշում, որ Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Միջազգային Կազմակերպութեան տուեալներէն տարբեր է, կրնայ հարցեր ստեղծել սահմանային անցման կէտերուն վրայ։ Խուսափելու համար նման խնդիրներէ, Հայաստանի գաղթի եւ քաղաքացիութեան  ծառայութիւնը կը հետեւի եւ կիրարկէ միջազգային չափանիշերը։

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button