Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան խստօրէն դատապարտեց Պոլուի քաղաքապետ, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ Թանճու Օզճանի հակահայ արտայայտութիւնը։

Օզճան Քիւրտ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանին հայրը կոչած էր «հայու ծնունդ» եւ մաղթած էր, որ ան բնաւ ծնունդ չտար Օճալանի։ Էքս հարթակին վրայ կատարուած այս գրառումը աւելի ուշ ջնջուած էր։

Սահակ պատրիարք յիշեցուց, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը, որ դարեր շարունակ ապրած է երկրին մէջ, Թուրքիոյ բնիկ եւ անբաժանելի մասն է, աւելցնելով, որ ատելութեան խօսքի օրինականացումը եւ խտրական արտայայտութիւններու անտեսումը անթոյլատրելի են։Պատրիարքը թրքական իշխանութիւններուն եւ հանրութեան կոչ ըրաւ՝ աւելի պատասխանատու արտայայտութիւններ օգտագործելու։

*

Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ բանակցութիւններ կատարուեցան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներու համաձայն, թուրք եւ իսրայէլացի ներկայացուցիչները թեքնիք հանդիպում մը ունեցած են՝ Սուրիոյ մէջ անցանկալի միջադէպերու կանխարգիլման մեքանիզմի ստեղծման շուրջ քննարկումներ կատարելու համար։

Նախապէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մտահոգութիւն յայտնած էր Անգարայի եւ Թէլ Աւիւի միջեւ լարուածութեան բարձր մակարդակին համար։

*

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլուշ Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենթի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Պապուաշվիլիի հետ։ Տեսացկութեան ընթացքին նախնական համաձայնութիւն գոյացաւ՝ ստեղծելու Վրաստան- Թուրքիա- Ատրպէյճան խորհրդարանական նոր ձեւաչափ մը։ Քուրթուլմուշ նաեւ վրացի իր պաշտօնակիցը Թիֆլիս հրաւիրեց՝ պաշտօնական այցելութեամբ մը։

Հանդիպման ընթացքին նաեւ վերահաստատուեցաւ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւնը։

*

Թրքական ընդդիմութիւնը նախաձեռնեց լայնածիր ստորագրահաւաքի մը՝ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի դէմ ասվստահութիւն յայտարարելով։

Նախաձեռնութեան նպատակն է նախագահական արտակարգ ընտրութիւններու կազմակերպման ապահովումը։ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզէլ նշեց, որ ստորագրահաւաքը պիտի կատարուի ամբողջ երկրին տարածքին, որպէսզի Էրտողանի ցոյց տրուի անվստահութեան լայնածիր դիրքորոշումը։Ան նաեւ ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ ամրան իսկ նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ կայացնել։

Տեղին է նշել,որ դատական որոշումով՝ ձերբակալուեցաւ եւ ապա կալանաւորուեցաւ Էրտողանի գլխաւոր մրցակից, Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ, Պոլսոյ  քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն։

*

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան Պոլսոյ դատախազութեան դիմեց՝ պահանջելով քրէական գործ հարուցել ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզէլի դէմ,որ ընդդիմութեան հաւաքներէն մէկուն ընթացքին Էրտողանը զինուորական վարչակարգի պարագլուխ անուանած էր։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ այլ պաշտօնատարներ բուռն կերպով քննադատեցին Օզէլը՝ Էրտողանի հասցէին կատարած յայտարարութիւններուն համար։ Ֆիտան շեշտեց, որ ընդդիմադիր Օզէլ կարմիր գիծը անցած է եւ պէտք է իր սահմանները գիտնայ։

*

Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւններէն չորսը կը սատարեն միջազգային ճանաչում չունեցող թրքական հիւսիսային Կիպրոսի դէմ Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին բանաձեւին։ Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Ուզպէքիստանի այս դիրքորոշումը մեծ ընդվզում յառաջացուցած է Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւին մէջ։

Եւրոպական Միութիւն- Կեդրոնական Ասիա վեհաժողովին ընթացքին վերոյիշեալ չորս պետութիւններուն ղեկավարները վերահաստատեցին Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին բանաձեւերը, որոնք կը դատապարտեն թրքական հիւսիսային Կիպրոսի անկախութեան հռչակումը եւ կոչ կը կատարեն զայն չճանչնալու։ Թուրքիոյ մէջ կեդրոնական ասիական չորս պետութիւններուն այս կեցուածքը դաւաճանական գործողութիւն կը համարեն։

*

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան համոզում յայտնեց, որ Թուրքիա ունի ներուժը՝ դիմադրելու համաշխարհային առեւտրական պատերազմին ժխտական ազդեցութիւններուն, մինչ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած նոր մաքսատուրքերը միջազգային շուկաներուն մէջ ցնցումներ կը ստեղծեն։Ըստ Էրտողանի, կը նախատեսուի տնտեսական- ելեւմտական ուժեղ փոթորիկ մը, որ պիտի ազդէ բոլորին վրայ։

Էրտողանի համաձայն, համաշխարհային առումով տնտեսական լուրջ անորոշութիւն կը տիրէ, սակայն Թուրքիա ունի տնտեսական ուժեղ ծրագիր մը, որ պիտի նպաստէ վտանգաւոր հանգրուանին շրջանցման։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button