Միացեալ Նահանգներու Կառավարական Դրամատունը 339 Միլիոն Տոլարի Վարկ Պիտի Տրամադրէ Ատրպէյճանական Օդանաւային Ընկերութեան Մը
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկեան կառավարական EXIM դրամատան տնօրէններու խորհուրդը հաստատեց ատրպէյճանական Silk Way օդանաւային ընկերութեան 339 միլիոն տոլարի վարկը` Պոյինկ տիպի օդանաւներ գնելու համար: Օդանաւները պիտի մատակարարուին մինչեւ 2026-ի ամառը:
Փաստը, որ Silk Way-ի օդանաւները, ըստ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու, զբաղած են զէնքի փոխադրութեամբ, չէ խանգարած ամերիկեան կողմը՝ այդ վարկը հաստատելու։ Silk Way-ը կը նկատուի Ատրպէյճանի նախագահին հետ ամուր կապեր ունեցող օդանաւային ընկերութիւն մը:
Silk Way-ին վարկ տալու գործարքը ղեկավարած են դրամատան խորհրդատու Տէյվիտ Կոլտըն, EXIM- հաղորդակցութեան բաժնի փոխնախագահ Տաւիտ Ֆիորի եւ նոյն բաժինի վարկերու մասնագէտ Չերիլ Քանլին: Վերջինս Ապրիլ 2021ին մասնակցած էր Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կազմակերպած ֆորումին։ 2017ին, Քանլին մասնակցած էր Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական տան կազմակերպած նախաձեռնութեան։ Նախորդ Նոյեմբերին, EXIM-ի ներկայացուցիչները մեկնած էին Պաքու` մասնակցելու «ՔՈՓ 29»-ին:
Ատրպէյճանական Silk Way-ը նշանաւոր է հակամարտութիւններու գօտի զէնքերու փոխադրութիւններով:
«Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութիւնը 2010ին յայտնաբերած էր, որ ընկերութեան վերջնական բաժնետէրերէն մէկը Ալիեւ ընտանիքն է: «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը 2022-ին հրապարակեց ծաւալուն հետաքննութիւն մը աֆղանական պատերազմի ամէնէն թէժ փուլին մասին, երբ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներուն եւ դաշնակիցներուն համար բացած էր իր օդային տարածքը` անոր դիմաց ստանալով աւելի սերտ դիւանագիտական համագործակցութիւն եւ 369 միլիոն տոլարի պայմանագիրներ Silk Way-ի հետ:
2020ին եւ 2023ին, Silk Way-ը աշխոյժ էր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սկսած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Սեպտեմբեր 2023ին` Արցախին մէջ իրականացուած ցեղային զտումներէն շուրջ 2 շաբաթ առաջ, «Հետք» լրատուամիջոցը գրած էր, որ Օգոստոսէն Սեպտեմբեր, Silk Way-ը իսրայէլական «Օվտա» օդանաւային խարիսխէն դէպի Պաքու 4 թռիչքներ կատարած է՝ տեղափոխելով պայթուցիկ ռազմամթերքներ: 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւս ատրպէյճանական այդ ընկերութիւնը աշխոյժ փոխադրութիւններ կատարած է դէպի Ատրպէյճան՝ Իսրայէլէն, Թուրքիայէն եւ Աֆղանիստանէն:
Մինչ ամերիկեան EXIM դրամատունը Silk Way-ի նոր վարկի մը տրամադրումը յաջողութեամբ աւարտին կը հասցնէ, ընկերութիւնը կը շարունակէ նոր թռիչքներ իրականացնել` բեռներ տեղափոխելով Իսրայէլէն Ատրպէյճան: Ըստ «Հետք»ի տուեալներուն` 2025-ի առաջին եռամսեակին, իսրայէլեան «Օվտա» խարիսխէն դէպի Պաքու 6 թռիչքներ կատարուած են: Իսրայէլեան «Հաարէց» օրաթերթը նախապէս շեշտած էր, որ նշեալ օդանաւային խարիսխը կ՛օգտագործուի պայթուցիկ ռազմամթերք տեղափոխելու համար: