ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՆՈՒԱ՞Գ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Խօսքը երաժշտական հաճելի եւ քնքոյշ կտորներու մասին չէ։ Պախի, Պեթհովէնի կամ արդի դասական երաժշտութեան չաստուած՝ էսթոնացի Արվօ Փէրթի եզակի յօրինումներուն մասին չէ, թէեւ այս վերջինին մէկ գլուխ գործոցը՝ «Հայելիի մէջ հայելի»-ն (Spiegel im Spiegel), կը ցոլացնէ, սենեկային մթնոլորտէն շատ հեռու․․․քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս գարշելի աշխարհը։
Հայկական իրականութիւններու շրջանակին մէջ՝ քաղաքականութեան հայելիէն դիտուածը, պատահածն ու հնչող համանուագը կազմակերպուած ժխոր մըն է, որ ո՛չ մէկ համ ու հոտ, ո՛չ մէկ իմաստ ունի։ Միակ յանկերգը այն է, որ ամէն կողմէ աշխատանք կը տարուի «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրագործման նպատակով, իսկ խաղաղութիւնը կը յամառի մնալ անուրջներու չես գիտեր քանի՞երորդ երկինքին մէջ։
Հարաւէն, հիւսիսէն, արեւմուտքէն եւ արեւելքէն (միջին, թէ հեռաւոր)՝ աշխատանք կը տարուի ի խնդիր Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման ։ Իրականութիւնը տեսնողը գիտէ, որ եղածը աշխատանք չէ, այլ ափ-աշքարա ճնշում, այդ ալ ի՜նչ ճնշում: Իսկ ճնշուողը ոչ մէկ ճիգ կը թափէ թմբիրէն դուրս գալու, գիտակցելու, թէ ո՞ւր հասած է Հայաստանի եւ հայութեան գոյութիւնը (Արցախ գոյութիւն չունի 19 Բաղրամեան Պողոտայի ներկայ վարձակալներու մեծամասնութեան համար)։ Ընդհակառակը, թմրամոլի մը պէս ինկած է անզգայութեան գիրկը, մինչեւ իսկ հաճո՜յք կ’առնէ ճնշուելէ:
Բացայայտ է, որ այս կարգաւորման համանուագին ամէնէն յիշատակելի գործունէութիւնը տանողը Պաքուն է, որ խմբավարի քարիւղապատ ճպոտը ձեռքին՝ հերթաբար եւ անընդհատ ճնշումներ ի գործ կը դնէ, սկսելով Սիւնիքի մէջ վերջին օրերու կրակոցներէն մինչեւ ականազերծման ոլորտը։ Վերջին նորութիւնը այն է, թէ (ըստ Պաքուի) 2020-ի պատերազմէն ի վեր, մօտաւորապէս չորս հարիւր անմեղ ազերի վիրաւորուած կամ մահացած է ականներու պայթումէն, իսկ հարց է, թէ արդեօք 400 ազերի եկա՞ծ է Արցախ…։ Ըստ, վերջին տեղեկութիւններուն, քանի մը օր առաջ ականի մը պայթումին հետեւանքով մանուկներ վիրաւորուած են եւ թէ՝ Երեւան դիտմամբ այս գծով աշխատանք չի տանիր, մանաւանդ, որ ցարդ տրամադրուած քարտէսները «ամբողջական ու ճշգրիտ չեն»։
Արեւելքի սահմանակից թշնամիին հնչեցուցած համանուագին՝ կայծակնային ներդաշնակութեամբ կը միանայ արեւմուտքի դրացին, որ յաւուր պատշաճի արագ մատնանշումով մը, յանձին Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Չաղըրը Էրհանի, կը յիշեցնէ, թէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ իրականանալ միայն ու միայն այն պայմանով, որ Հայաստանը ճանչնայ Ատրպէյճանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, եւ այդ պայմաններուն լրացումով՝ ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Եւ անշուշտ Թուրքիա ու Ատրպէյճան առիթ չեն փախցներ շեշտելու, որ նախապայմաններու երկար եւ մի՛շտ աճող ցանկ մը ունին, սկսելով Սահմանադրութեան փոփոխութենէն, ազերիներու Հայաստան վերադարձէն, Մինսքի խումբի լուծարքէն, միջազգային ատեաններու ներկայացուած դատերէն հրաժարումէն, «Զանգեզուրի միջանցք»-էն եւ հասնելով… հորիզոններէն անդին:
Յիշատակելին այն է, որ Էրհան այս յայտարարութիւնը կատարեց․․․ Ստեփանակերտի մէջ, ուր վերջերս տեղի ունեցաւ «Դէպի նոր աշխարհակարգ» կոչեցեալ գիտաժողով մը եւ բեմ ծառայեց իրեն։
Ժխորային համանուագին՝ թաւջութակային իւրայատուկ կշռոյթով միացած է Եւրոպան, յանձին իր յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյէնի, որ Եւրոպական Միութիւն-Կեդրոնական Ասիա վեհաժողովի բեմէն խօսած է Անդրկասպեան միջազգային փոխադրամիջոցներու միջանցքի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական նշանակութեան մասին, շեշտելով, թէ տասնեակ տարիներ ետք, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմաններու բացումը կրնայ բոլորովին բարեփոխել կացութիւնը, հետզհետէ աւելի կամրջելով Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան։
Իմաստո՜ւն Ֆոն Տէր Լէյէն… շփոթ կը ստեղծէ, յատկապէս աշխարհագրութեամբ հետաքրքրուած մարդկանց մէջ, շեշտելով, որ Սեւ ծով ելքի համար, կարեւոր են Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջեւ սահմանային ազատ շրջագայումը։
Շեփորախումբի դերով, համանուագին միացած է Միացեալ Նահանգները, որ յանձին նախագահ Տանըլտ Թրամփի, դանդաղ թէ արագ (ալեկրօ թէ փրեսթօ) կը սպասէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը։ Տուգանքներու սահմանման հարցերով գերզբաղուած եւ աշխարհի առեւտրական-տնտեսական համակարգը քար ու քանդ ընող Թրամփ՝ այս մէկ թղթածրարը կը թուի վստահած ըլլալ Ա․Մ․Ն․-ի արտաքին գործոց նախարարութեան ուժանիւթային հարստութիւններու գրասենեակի աւագ խորհրդական Էրիք Ճէյքըպսի, որ Պաքուի մէջ, կանաչ ուժանիւթի խորհուրդի մէկ հանդիպումին, կատարեց այս հաստատումը։ Ան փոխ առած էր այդ քարիւղապատ ճպոտը։
Այս եռուզեռին դիմաց, Հայաստան, յանձին արտաքին գործոց նախարարութեան, փոխանակ հարուածային գործիքով մը զարթնում ստեղծելու, զգաստանալու եւ զգաստացնելու, դժբախտաբար մահերգ յիշեցնող մեղեդի մը հնչեցուց, նշելով, թէ «Արցախի խնդիրը դուրս եկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հանրապետութեանց միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգէն»: Պարզ հայերէնով, նախարարութիւնն ու անոր գլխաւոր հրամանատարը՝ ՔՊ-ապետը, կ’աշխատին Արցախի մասին «Ի վերին Երուսաղէմ» երգել…
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ համանուագի նմանօրինակ աւարտ, եւ լուռ ու ձեռնածալ մնալ՝ ականատես ըլլալով ամբողջական փլուզման։ Ասիկա համանուա՞գ է, թէ անբաններու ստեղծած քաոսը՝ անընդունելի եւ անհանդուրժելի վիճակ, որուն դէմ պէտք է հնչեցնել Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը:
Յստակ է որ ՔՊ-ական իշխանաւորներու հայելիին մէջ․․․(ան)հայելի կայ։