Լրահոս
Տոքթ․ Կարպիս Հարպոյեանի Հրաժեշտը
Ոչ եւս է վաստակաւոր բժիշկ եւ միեւնոյն ժամանակ պատմաբան, գրագէտ եւ դասախօս տոքթ․ Կարպիս Հարպոյեանը, որ մահացաւ Ապրիլ 4-ին, Մոնրէալի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
«Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ շքանշանակիր, ան շարունակ յօդուածներ կ՛առաքէր հայ մամուլին։ «Հայրենիք» խոր ցաւակցութիւններ կը փոխանցէ տոքթ․ Հարպոյեանի հարազատներուն, մօտիկ պարագաներուն եւ բարեկամներուն։