ԳլխաւորԼրահոս

Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւի Նախագիծի Քննարկում՝ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ

 


Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, որ  Ապրիլ 2-ին, Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին՝ տեղի ունեցած են կարեւոր լսումներուն, որոնց նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ պատգամաւորներ Էլս Վան Հուֆի եւ Միշէլ Տէ Մաեկտի կողմէ ներկայացուած բանաձեւի նախագիծը քննարկել էր:

Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան հանդէս գալով շեշտեց ճգնաժամի կարեւորագոյն խնդիրները, որոնք անհրաժեշտ է ներառել առաջիկայ բանաձեւերուն մէջ: Կարապետեան  ընդգծեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հիմքը դրուած է Խորհրդային Միութեան 1990 թուականի Ապրիլի 3-ի օրէնքի վրայ՝ միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու հետ կապուած հարցերու կարգաւորման մասին:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button