ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Ռուսիոյ Հայերու Միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, որուն Հայաստան մուտքը քանի մը ժամով խոչընդոտներու հանդիպեցաւ, յայտարարեց, որ Նիկոլ Փաշինեան փորձեց զինք վախցնել, բայց խորքին մէջ ինք պէտք է վախնայ՝ աւելցնելով, որ ան Սահմանադրութիւնը կը խախտէ եւ այլ ապօրինութիւններ կը կատարէ։
Արա Աբրահամեան Երեւան կը գտնուի՝ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած միջազգային 12 գործընկերներու հետ քննարկումներ կատարելու համար։ Ան ըսաւ, որ Հայաստան իր մուտքին դիմաց դրուած արգելքին պատճառը շատ պարզ է։ «Կը մասնակցիմ Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական հոլովոյթներուն եւ բարեգործութիւններ կը կատարեմ։ Գաղթականներու մօտաւորապէս 200 բնակարաններ նուիրած եմ», աւելցուց ան։
*
Ատրպէյճանի խորհրդարանի արտաքին եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սամատ Սէյիտով մերժեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, պատգամաւոր Սարգիս Խանտանեանի առաջարկը՝ զայն ամբոխավար համարելով։
Խանտանեան առաջարկած էր յանձնախումբերու միջեւ հանդիպում կայացնել՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին շուրջ կարծիքներու եւ տեսակէտներու փոխանակման համար։ Ան ըսաւ,որ իր առաջարկը ի զօրու կը մնայ։
*
Երեւանի իշխանութիւնները բանակցութիւններ կը վարեն՝ Թուրքմենիստանէն բնական կազ գնելու եւ զայն Իրանի տարածքով Հայաստան փոխադրելու համար։ Սակայն առ այժմ չկայ համաձայնութիւն՝ սակին եւ պայմաններուն շուրջ։
Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Արտաշէս Թումանեան Երեւանի մէջ կայացած՝ Հայաստանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբին նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ բանակցութիւնները քանի մը հանգրուանով տեղի ունեցած են՝ աւելցնելով, որ քննարկումներ կատարուած են նաեւ Իրանի համապատասխան կառոյցներուն հետ, որոնք համաձայն գտնուած են,որ թուրքմենական բնական կազը Իրանի վրայով Հայաստան փոխադրուի։
Հայաստան փոխադրուելիք բնական կազին քանակը կրնայ տարեկան 600 միլիոնէն մինչեւ մէկ միլիառ խորանարդ մեթր ըլլալ։
*
Ֆրանսայի եւ Մեքսիքայի արտաքին գործոց նախարարութիւնները ողջունեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումը՝ զանգուածային վայրագութիւններու պարագային Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունքը չգործածելու նախաձեռնութեան միանալու մասին։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս քայլը կը վկայէ Հայաստանի հաւատարմութիւնը՝ Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան Խորհուրդի կարելիութիւններուն ամրապնդման, ի նպաստ գործողութիւններու, որոնք կը կատարուին զանգուածային վայրագութիւններու պարագային։
Տեղին է նշել, որ այս նախաձեռնութեան կը զօրակցին 107 երկիրներ։
*
Թուրք պլոկըր Օկիւն Օզտեմիր Երեւանի փողոցներուն մէջ ազատօրէն շրջագայելով՝ նկարահանումներ կատարած եւ Երեւանը ատրպէյճանական քաղաք անուանած էր։ Օզտեմիրի նկարահանած տեսերիզը ապա յայտնուած էր համացանցին վրայ՝ բողոքի եւ ընդվզումի ալիք բարձրացնելով հայաստանեան հասարակութեան մէջ։
Քննչական Կոմիտէի բանբեր Կիմա Աւտալեան հաղորդեց, որ դէպքին շուրջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով։
*
Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ընթացիկ տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած է 92 առ հարիւր աճ՝ գրաւուած թմրեցուցիչներու քանակին մէջ։ Գրաւուած թմրեցուցիչը 94,3 քիլոկրամ է, ինչ որ 92 առ հարիւր աւելի է անցեալ տարուան նոյն եռամսեակին ընթացքին գրաւուած թմրեցուցիչէն ( 48 քկ)։
Ներքին գործոց նախարարութիւնը մասնաւորաբար կարեւորեց հանրապետութեան սահմանային հատուածներուն մէջ մեծաքանակ թմրեցուցիչի մաքսանենգման դէմ առնուած քայլերը, որոնց շնորհիւ կը կանխարգիլուի Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ թմրեցուցիչներու տարածումը։