Լրահոս
Սիւնիքի Սահմանամերձ Գիւղերուն Ուղղութեամբ` Ազերի Սադրանքները Կը Շարունակուին

Սիւնիքի մարզի սահմանային երկու գիւղերէն` Խնածախէն ու Խոզնավարէն տեղացիները արդէն առաւել քան 10 օրերէ ի վեր կը հաղորդեն ատրպէյճանցիներուն՝ կրակ բանալուն մասին:
Հայաստանի սահմանային գիւղերու ուղղութեամբ կրակ բանալուն զուգահեռ, Պաքու վերսկսաւ հայկական կողմը մեղադրել իր դիրքերը թիրախ դարձնելու մէջ: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 1 Ապրիլին արդէն պնդեց, թէ հայկական կողմը կրակ բացաւ նաեւ Սիւնիքի մարզի Խնածախի ու Խոզնավարի դիրքերէն:
Մինչդեռ Երեւան 1 Ապրիլին, դարձեալ հերքեց Պաքուի մեղադրանքները: Ատրպէյճանական դիրքերով շրջապատուած գիւղացիները կը սպասեն, որ իշխանութիւնը քայլերու ձեռնարկէ` կանխելու համար այսպիսի դէպքեր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, թէ հարցին լուծումը դիւանագիտութեամբ կը տեսնէ: