Գլխաւոր

Գիւմրիի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Ոչ Մէկ Ուժ Ստացաւ Մեծամասնութիւն

Կիրակի, Մարտ 30-ին, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցան տեղական աւագանիի ընտրութիւնները (ՏԻՄ) 82 տեղամասերու մէջ։ Որեւէ քաղաքական ուժ չկարողացաւ հաւաքել 50+1 տոկոս։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Սարիկ Մինասեանը ստացաւ 17,183 քուէ, որ ձայներու 36,24 տոկոսն է, Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան թեկնածու Վարդան Ղուկասեանը` 9,727 քուէ (ձայներու 20,51 տոկոս), «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Կարէն Սիմոնեան` 2,902 քուէ (ձայներու 6,12 տոկոս), «Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեանը` 7,380 քուէ, (ձայներու 15,56 տոկոս), «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութեան թեկնածու ՌուբԷն Մխիթարեանը` 3,734 քուէ (ձայներու 7,87 տոկոս), «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը` 1,694 քուէ (ձայներու 6,12 տոկոս), Հայաստանի աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութիւնը` 651 քուէ (ձայներու 1,37 տոկոս), «Եւրադաշինք» կուսակցութիւններու դաշինքը` 2,111 քուէ (ձայներու 4,45 տոկոս),  «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւնը` 1,406 քուէ (ձայներու 2,96 տոկոս)։

Նշենք, թէ ընդդիմադիր երկու ուժերը` «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութեան թեկնածու Ռուբէն Մխիթարեանն ու «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւններՈՒ դաշինքի թեկնածու Կարէն Սիմոնեան յայտարարեցին, որ կը միանան երկրորդ տեղը գրաւած ընդդիմադիր թեկնածու Վարդան Ղուկասեանին:

Եթէ «Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքի թեկնածու Մարտուն Գրիգորեանն ալ միանայ Վարդան Ղուկասեանին, այդ պարագային «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութօիւնն ու իր թեկնածու Սարիկ Մինասեանը պիտի մատնուին նեղ կացութեան։

Միւս կողմէն, Փարաքարի շրջանէն ներս, ընդդւմադիր «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վալոտեայ Գրիգորեանը յաղթեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածու Լութուիկ Գիւլնազարեանին: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով` Գրիգորեանի առաջնորդած «Միասնութիւն» դաշինքը ստացած է ձայներու մօտ 57 տոկոսը, ստանալով 6,508։ Գիւլնազարեան ստացած է 3,669 քուէ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button