Էրտողանեան Բռնաճնշումներուն Դէմ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է որոշէ թէ պէտք է ընթանալ լուսաւոր ստեղծագործական ալլասիրութեա՞մբ, թէ՞ խաւարային, կործանարար եսասիրութեամբ»:
Մարթին Լութըր Քինկ կրտսեր (1929-1968, Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան)
Պոլսոյ քաղաքապետ եւ Էրտողանի գլխաւոր ընդդիմադիր Էքրէմ Իմամօղլուի ձերբակալումը հսկայական ալեկոծումի տարաւ Թուրքիան: Միայն Պոլսոյ մէջ չեն խռովութիւնները, այլ անոնք բուռն կերպով կը շարունակուին նա՛եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ ալ. բողոքի ալիքը տարածուած է դէպի մայրաքաղաք Անգարա, Իզմիր, Տրապիզոն, Քոնիա, Ատանա․․․։ Թուրքիոյ 81 նահանգներէն գրեթէ վաթսունը ազդուած են էրտողանեան բռնաճնշումներուն ստեղծած ճնշիչ եւ անորոշ վիճակէն: Հարցը միայն ընդդիմադիր պարագլուխի մը ձերբակալումով չի սահմանափակուիր, այլ կայ մանաւանդ սղաճը, որ սկսած է մեծ մտահոգութիւն ստեղծել։ Թրքական թղթոսկին առանց անկարգելի անկումի մէջ է: Այլապէս, ընդդիմադիրներու եւ այլախոհներու դէմ արշաւները ունին իրենց երկա՜ր պատմութիւնը, եւ ահա, կայծը հասած է վառօդի տակառին:
Մարթին Լութըր Քինկ կրտսերի վերոյիշեալ խօսքը կարդալով՝ ընթերցողը շուտով պիտի ըմբռնէ, թէ տագնապին պատճառը ո՛վ է, սակայն հասկնալու տկարութենէ կը տառապի մեծամիտ «սուլթան» Էրտողանը, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր աթոռին բազմած է եւ իր երկիրը յաճախակի նահանջներու կը մատնէ… դաշնակիցներու անտարբեր աչքերուն առջեւ, մինչեւ իսկ քաջալերանք կը գտնէ անոնցմէ:
Այս «սենարիօ»-ն կը սպասուէր աւելի քան տարիէ մը ի վեր, երբ շրջանային վարչակազմերու ընտրութիւններուն, Էրտողան եւ իր «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւնը (AKP) մեծ պարտութիւն կրեցին, յատկապէս տնտեսական կարեւորութիւն ունեցող՝ մեծագոյն «բանալի» քաղաքներուն մէջ, ուր ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւնը (CHP) տարաւ ուշագրաւ յաղթանակ, հնձելով քուէներու շօշափելի առաւելութիւն մը։
«Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութիւն ընդդէմ ընդդիմադիր՝ Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութիւն չէ պայքարը։ Էրտողանի հարցը, իր կուսակցութէնէն աւելի, իր անձն է, որուն դէմ իբրեւ մրցակից-ախոյեան կրկէս մտած է ընդդիմադիր կուսակցութեան կեդրոնական դէմքերէն՝ Էքրէմ Իմամօղլու, եւ Էրտողան երեւութապէս ընկրկումի նշաններ ի յայտ կը բերէ: Նախապէս, այս վերջինը երկու անգամ չնչին տարբերութեամբ կրցած էր յաղթական դուրս գալ, իսկ տարի մը առաջ, Իմամօղլու մեծ տարբերութեամբ եւ առանց բուռն մրցակցութեան գերազանցեց Էրտողանի կուսակցութեան թեկնածու Մուրատ Քուրումը։
Յստակ է, թէ տարիէ մը ի վեր, այս ծանր պարտութիւնը «մարսելու» համար, Էրտողանի քարոզչական եւ ներքին ապահովական մեքենան գործի լծուած է։ Բնական է, որ իր աթոռին կառչած՝ ան ամէն գնով պիտի պայքարէր եւ չհեռանար քաղաքական բեմէն, տեղի տալով ստեղծուած կացութեան դիմաց։ Ան արդէն հակայարձակումի անցած է բանիւ եւ գործով:
Խորքը թափանցողները կ’ըսեն, թէ եղածը անակնկալ չէ. օգտուելով միջազգային քաղաքական բեմի ներկայ յորձանուտէն, Էրտողան դարձեալ դիմեց շինծու սադրանքներու եւ հալածանքներ շղթայազերծեց ընդդիմադիրներու դէմ, որոնցմէ կարեւորագոյնը, բնականաբար, իր ոխերիմ մրցակիցը՝ Իմամօղլուն է։
Պոլսոյ քաղաքապետը ձերբակալուեցաւ Մարտ 19-ին, այն պատրուակով, թէ ան կատարած է զեղծարարութիւններ եւ գործակցած՝ ահաբեկիչներու հետ։ Ձերբակալումը, ապա նաեւ կալանաւորումը բռնկեցուցին կացութիւնը։ Ցուցարարներ ողողեցին Պոլսոյ թաղերն ու հրապարակները։ Համալսարաններ փակուեցան։ Պոլսոյ թաղամասերու երբեմնի խճողումը փոխարինուեցաւ ընդհարումներով, այրուող անիւներու հեղձուցիչ ու գարշելի հոտով։ Հրդեհը շուտով կլանեց այլ քաղաքներ։
Յուլիս 2016-ի «պետական հարուած»-էն աւելի՛ վտանգաւոր է ներկայ տագնապը։ Այդ օրերուն, Էրտողան, ընկերային ցանցերը գործի լծելով, յաջողեցաւ շուտով կացութեան տէր դառնալ: Այսօր, միեւնոյն եւ աւելի՛ եւս կատարելագործուած ցանցերը սկսած են անհասանելի դառնալ, մանաւանդ երբ Իմամօղլու իր բանտի խուցէն քաջալերեց միլիոնաւոր ցուցարարները։ Բանտարկուողներու թիւը բարձրացած է հազարէ վեր, որոնց կարգին՝ լրագրողներ եւ ուսանողներ։ Էրտողան կը նաւարկէ նոր բռնաճնշումներու ալիքի մը վրայ: Զէնքերը վար դնելու քիւրտերուն ուղղուած այլ բանտարկեալի մը՝ Օճալանի կոչը կորսուած է բարձրացած ժխորին մէջ…
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամները կը պահանջեն նախագահական արտակարգ ընտրութիւն, թեկնածու հռչակած են կալանաւորուած Էքրեմ Իմամօղլուն:
Բնականաբար հարց կը ծագի, թէ այս զարգացումները արդեօք որեւէ բան կը խոստանա՞ն դրացիներուն ու մասնաւորաբար մեզի՝ Հայաստանին ու հայութեան: Իբրեւ հայորդի, այս բոլորին կը հետեւինք իբրեւ ուշագրաւ իրադարձութիւն։ Հայաստանէն հնչող բանիմաց մեկնաբանութիւններն ալ, բարեբախտաբար, կը շեշտեն, որ մինչեւ իսկ եթէ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յաղթական դուրս գայ մրցումէն (թէեւ գրաւները մեծ չեն), ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի կրէ Հայ դատն ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Հայաստանի հանդէպ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ ընդհանրապէս։
…Իսկ Հիւսիսային պողոտային վրայ ճեմող երեւանցին կամ ման եկող այցելու հայը չի՞ գիտակցիր, թէ նման ցոյցեր ու բողոքի արտայայտութիւններ շատո՜նց պէտք էր մեկնարկէին Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան մէջ։ Երեւանի մէջ արդարութեան եւ իրաւունքի շատ աւելի ուժեղ պահանջներ կան, որովհետեւ եթէ Էրտողան այլապէս՝ այս կամ այն ձեւով իր հողերն ու ազդեցութեան գօտիները կ’ընդարձակէ, ՔՊ-ական իշխանութիւնը Հայաստանի տարածքը կծկած է, աւելին՝ «խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ ենք միակողմանի ստորագրելու» յայտարարութիւններով՝ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն նմանապէս միակողմանի նոր կորուստներ բերելու մեր հայրենիքին ու ազգին: Եւ անշուշտ՝ առանց մոռնալու ոստիկանական բռնապետութեան այլ կիրարկումները, ինչպէս՝ ընդդիմադիրներու դէմ հալածանքները, արցախցիներու դէմ թշնամանքի նոր ալիքներու ստեղծումն ու մինչեւ իսկ նահատակներու ծնողներուն վարկաբեկումը…