ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ «ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ» ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը վերահրատարակած է Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» երկլեզու հատորը, որ թարգմանուած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՛ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի կողմէ։ Ինչպէս առաջին հրատարակութիւնը (2013), երկրորդ հրատարակութիւնն ալ լոյս տեսած է Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւի եւ հոգաբարձութեան մեկենասութեամբ, Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առիթով։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2-ին, Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, գիրքի առաջն օրինակը նուիրեց Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանին։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Տէր Հօր, ամբողջական նուիրումով գաղութի ծառայութեան կողքին, Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական, մշակութային ծրագիրներուն յօժարակամ աջակցութեան համար։