ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ
Երեքշաբթի, 25 եւ Չորեքշաբթի, 26 Մարտին, Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, հիւրընկալեց Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանն ու Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեղիսկոպոս Չարեանը եւ միասնաբար ունեցան երկօրեայ աշխատանքային նիստեր: Հանդիպման առիթով Թեմակալ երկու Առաջնորդները ի սրտէ շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Արեւմտեան Թեմին Առաջնորդ ընտրութիւնը:
Մնայուն օրակարգերու եւ ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, առաջնորդները յատուկ կերպով անդրադարձան նաեւ նոր հարցերու, ինչպէս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Կաթողիկոս ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին նուիրուած փառաշուք հանդիսութեանց կազմակերպումը Հիւսիսային Ամերիկայի համայնքներէն ներս, Նորին Սրբութեան Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութիւնն ու արժանաւոր ընդունելութեան կապուած աշխատանքային ծրագիրներու համադրումը, Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2025-ը աւանդութեանց վերակենսաւորման տարի հռչակումն ու հռչակագիրին մէջ ընդգրկուած կէտերու իրականացման ձեւերը, հայ համայնքները յուզող ընկերա-բարոյական զանազան մտահոգութիւններ, եւ այլն:
Չորեքշաբթի առաւօտեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի արեւագալի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ երեք Թեմակալ Առաջնորդներուն: Հոգեւոր պատգամը տուաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս:
Կէսօրին, Գեղամ Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, Միջինքի սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ լոսանճելըսաբնակ հոգեւոր հայրերը: Յետ աղօթասացութեան, հոգեւոր հայրերը նաեւ միասնաբար համտեսեցին պահոց աւանդական ուտեստները, ապա ծաւալեցին դաստիարակիչ եւ ուսուցողական զրոյց՝ լուսաբանելով եկեղեցական եւ ծիսական հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեանց համար ժամանակակից եւ արդի մօտեցումով կրօնի դասագիրքեր պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը, արձանագրուեցան համապատասխան առաջարկներ: