Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին ամպիոնէն նոր հարուած մը տուաւ Արցախի եւ արցախահայութեան՝ յայտարարելով, որ Արցախեան շարժումը պէտք չէ շարունակուի։

Փաշինեան այս տեսակէտը յայտնեց՝ պատասխանելով ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութեան  պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանի այն հարցումին, թէ կառավարութիւնը ինչպիսի գործողութիւններ կը նախատեսէ՝ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ արգելափակուած պատերազմական հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար, եւ թէ ինչ հետեւանքներ կ՛ունենայ միջազգային ատեաններէն հայցերը ետ կանչելը։

Փաշինեան սկսաւ բացատրել, թէ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ չկայ որեւէ առաջարկ, որ պարտաւորութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի հանրապետութեան համար եւ պարտաւորութիւններ չի ստեղծեր Ատրպէյճանի համար։ Այս միջոցին բարձր հնչեց իշխող քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւորներէն մէկուն հեռախօսը, պատճառ դառնալով, որ Փաշինեան ընդմիջէ իր խօսքը։ Գալստեան յայտարարեց ,որ հեռախօսին զանգը Փաշինեանի օգնեց, որ աւարտէ իր անիմաստ խօսքը եւ աւելցուց, որ հայցերը ետ կանչելը կը տկարացնէ Հայաստանի դիրքը։ Գալստեան նաեւ յիշեցուց, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յիշատակած է Հայաստանի զիջումներուն մասին։

Փաշինեան պատասխանեց ,որ  Հայաստան եւ ժողովուրդը կ՛ուզե՞ն շարունակել Ղարաբաղեան շարժումը, թէ ոչ։ Կ՛ուզեմ յստակ եւ միանշանակ ըսել, որ կը կարծեմ,թէ ղարաբաղեան շարժումը պէտք չէ շարունակենք։ Խաղաղութեան ճանապարհը ամէնէն արդիւնաւէտն է բանտարկեալներու խնդրի լուծման համար։ Աւելի արդիւնաւէտ միջոց չկայ, յայտարարեց ան։

Փաշինեանի պատասխանող պատգամաւորներէն եղաւ Հայաստան խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, որ   մէջբերեց Նիկոլ Փաշինեանի 2019-ի եւ 2022-ի ուղերձներէն հատուածներ, ուր ան խօսած էր Ղարաբաղեան շարժման մասին եւ համարած, որ վերջին հարիւրամեակներու միակ ազգային շարժումն է Ղարաբաղեան շարժումը։

Ի պատասխան Մանուկեանի, Փաշինեան ըսաւ, որ անցած ուղին սերտելով այս եզրակացութեան յանգած է։ Պէտք է անցեալին նայիլ եւ վերլուծել։Ասիկա ալ կրթութեան մաս է, աւելցուց ան։

Մանուկեան հակադարձեց եւ կոչ ըրաւ փոխանակ ուրիշները կրթելու, կրթուելու։ Մանուկեանի այս կոչը բարկացուց Փաշինեանը, որ յայտարարեց, թէ Ղարաբաղեան շարժումը պիտի չշարունակուի։ «Այնքան ատեն, որ ես եմ վարչապետը, ասիկա Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումն է», աւելցուց ան։

*

Հայաստանի Ազգային Ժողովը ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի մեկնարկի մասին օրինագիծը, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ ամէնէն կարճ օրինագիծն է։ Անիկա բաղկացած է ընդդամէնը 25 բառէ։ «Հայաստանի հանրապետութիւնը, նպատակ ունենալով զարգացնել ժողովրդավարական հիմնարկները, բարձրացնել հասարակութեան բարեկեցութիւնը, ամրապնդել երկրին ապահովութիւնը, դիմակայութիւնն ու իրաւունքի գերակայութիւնը, կը յայտարարէ Հայաստանի հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթին մեկնարկը», կը նշուի օրինագիծին մէջ։

Ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութիւնը յայտարարեց ,որ քուէարկութեան պիտի չմասնակցի եւ քննադատեց օրինագիծը՝ հոլովոյթը համարելով իշխող մեծամասնութեան արկածախնդրութիւնը, իսկ օրինագիծը՝ բաժակաճառ մը։

*

Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըճ հաստատեց, որ Թուրքիա – Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը իրականութիւն պիտի չդառնայ, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիրը չէ կնքուած։

Քըլըճ ըսաւ ,որ  ատրպէյճանական որոշ լրատու աղբիւրներու կողմէ կը շահարկուի Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանային անցքին ժամանակաւոր բացումը, թէ այս քայլը կատարուած է առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն գիտակցութեան։ Ան հերքեց, որ Անգարա տեղեակ չէ պահած Պաքուի իշխանութիւնները, թէ Հայաստանի հետ սահմանային անցքը տասը օրուան համար պիտի բացուի, որպէսզի Հայաստանէն ցամաքային ճամբով եւ Թուրքիոյ վրայով Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցուի։ «Թրքական իշխանութիւնները ատրպէյճանական կողմին հետ կը համակարգեն այն բոլոր քայլերը, որոնք կապ ունին Երեւանի հետ», շեշտեց ան։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրուս հրապարակեց մանրամասնութիւններ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին։

Պրուս նշեց, որ քննարկուած են ընդհանուր շահերը՝ իբրեւ ռազմավարական գործընկերներ։Ռուպիօ ողջունած է Ատրպէյճանի հետ համաձայնագիրը եւ ընդգծած ամուր խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ շրջանային հակամարտութիւններու շղթան կոտրելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ բարգավաճման երաշխաւորման համար։

Ռուպիօ եւ Փաշինեան համակարծիք գտնուած են, որ Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութիւնը անընդունելի է։

*

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուիէր ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ գործող Ամերիկայի Առեւտուրի Պալատի խորհուրդի ընտրութիւններուն նիստին, որ երկու տարին անգամ մը կը կատարուի։

Ա․Մ․Ն․-ի դեսպանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ ներկայ գտնուած է պալատին խորհուրդին ընտրութեան նիստին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու նոր խորհուրդին հետ՝ շարունակելու համար հայ- ամերիկեան տնտեսական կապերու ամրապնդման ճիգերը՝ ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի շահերուն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button