Լրահոս

60 Քոնկրէսականներու Կոչը Ռուպիոյին՝ Դադրեցնելու Ռազմական Օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի 60 քոնկրէսականներ կոչ ուղղած են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կիրարկելու «Ազատութեան» աջակցութեան օրէնքի 907-րդ յօդուածը՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, նշելով Պաքուի կողմէ Արցախի 120 հազար բնիկ հայ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղային զտումները, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու անօրինական կալանաւորումն ու բռնութիւնները։

Քոնկրէսականներ Մայք Լոլեր, Ֆրանք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս եւ Կէյպ Ամօ գլխաւորած են երկկուսակցական նամակը՝ ուղղուած արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին։ Անոնք կը նշեն․ «Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակողապաշտութեան, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւններու, հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքի ժխտման խորապատկերին՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը ոչ միայն պիտի բնականոնացնէ անոր գործողութիւնները, այլեւ պիտի խրախուսէ Միացեալ Նահանգներու մրցակիցները, որոնք կը ձգտին օգտուիլ Ուաշինկթընի անգործութենէն»։

Նամակը ստորագրողները կոչ կ՛ուղղեն արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին չկիրարկելու այն շրջանցման իրաւասութիւնը, որուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու յաջորդական վարչակազմերը շրջանցած են 907-րդ յօդուածը, եւ փոխարէնը պարտադրել օրէնքի լիարժէք կիրարկումը՝ Ատրպէյճանը իր յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով։ 2001 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու բոլոր նախագահները օգտուած են շրջանցման դրոյթէն, մինչեւ 2024 թուականը, երբ նախագահ Պայտըն առաջին անգամ կիրարկեց 907-րդ յօդուածը։

Այս նամակը կը շարունակէ քոնկրէսի մէջ ձեւաւորուած նախաձեռնութիւնը՝ կապուած 2023 թուականին Ծերակոյտին մէջ միաձայն ընդունուած «Հայերու պաշտպանութեան օրէնք»-ին հետ, որուն համահեղինակներն էին այն ժամանակուան ծերակուտական, այժմ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն եւ ծերակուտական Կերի Փիթըրզը։ Օրէնքի ընդունումը ընդգծած է Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան ռազմական կապերու վերաբերեալ աճող երկկուսակցական մտահոգութիւնը։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնեց․ «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս երկկուսակցական կոչը ուղղուած արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին՝ կիրարկելու 907-րդ յօդուածը եւ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին։ Պաքուի կողմէ Արցախի բնիկ հայ քրիստոնեաներու ցեղասպանական ցեղային զտումներէն, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական բռնագրաւումէն եւ հայ պատանդներու անօրինական կալանաւորումէն ետք՝ չենք կրնար պահանջել, որ Միացեալ Նահանգներու հարկատուները օժանդակեն այս նաւթով հարուստ եւ փտած օտարերկրեայ բռնապետութեան։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրէսականներ Լոլերին, Փալոնին, Պիլիրաքիսին եւ Ամոյին, ինչպէս նաեւ անոնց միացած 60 քոնկրէսականներուն՝ իրենց բարոյական յստակ դիրքորոշումին եւ խաղաղասիրական ուժեղ առաջնորդութեան համար»։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է համազգային արշաւ՝ աջակցելու այս գործընթացին, որու շրջանակներուն մէջ “ANCA Rapid Responder” համակարգին միջոցով քոնկրէսին ուղղուած է աւելի քան 50.000 անհատական նամակ։ Վերջին շաբաթներուն “ANCA Rising Leaders” ծրագիրի երիտասարդ գործիչները միացած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի եւ շրջանային խումբերուն՝ այցելելով աւելի քան 400 քոնկրէսական գրասենեակ՝ այս նախաձեռնութեան աջակցութիւն ապահովելու համար։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button