Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ 21-էն 30  Մարտ Թուրքիոյ հետ սահմանի Մարգարայի անցակէտը բացուեցաւ, որպէսզի Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրուին։

«Այս որոշման նախագիծին ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի կողմէ Սուրիա ուղարկուելիք օժանդակութեան բեռները Թուրքիոյ տարածքով՝ ցամաքային ուղիով տեղափոխելու անհրաժեշտութեամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

*

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսէն յայտարարեց, որ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փորձեն յետաձգել Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։

Իջեւանի մէջ, հայաստանեան լրատու աղբիւրներու թղթակիցներուն հետ իր հանդիպման ընթացքին, Ռասմուսէն նկատել տուաւ, որ Պաքու սեղանի վրայ կը դնէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու հարց, որ չէ քննարկուած բանակցութիւններուն ընթացքին։«Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը շատ բարդ հոլովոյթ է եւ նոյնիսկ եթէ մեծ ցանկութիւն կայ նման քայլ մը առնելու, զայն իրականացնելու համար երկար ժամանակ կը պահանջուի», աւելցուց ան։

*

Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուի համաձայն, այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի թրքական հատուածին շինարարութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ ամիսներուն։

Թուրք նախարարը հաստատեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ միջանցքին շինարարական աշխատանքները իսկ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին  224 քիլոմեթր երկարութեամբ թրքական հատուածին շինարարական աշխատանքները։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա այս երթուղիին առանցքային երկիրներէն մին է։

Ուրալօղլու յայտարարեց ,որ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը պիտի սկսի Ատրպէյճանէն, պիտի անցնի Հայաստանի կամ Իրանի տարածքով, ապա նախիջեւանով, Տիլուչիով եւ Կարսով՝ միանալու համար Պաքու- Թիֆլիս երթուղիին։

*

Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով կազմակերպուած՝ թրքական լրատու տասը աղբիւրներու աշխատակիցներուն դէպի Հայաստան եռօրեայ շրջապտոյտին համար պետական պիւտճէէն ծախսուած է 7,550,280 դրամ։

Այս գումարը ծախսուած է տեղափոխութիւններու, կեցութեան եւ սնունդի համար։ Որեւէ վճարում, օրապահիկ կամ պարգեւավճար չէ կատարուած թրքական լրատու աղբիւրներուն կամ անոնց աշխատակիցներուն։

Թուրք լրագրողները գիշերած են Արմենիա Մարիոթ պանդոկին մէջ։

Տեղին է նշել, որ թուրք լրագրողները հարցազրոյցներ ունեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, ինչպէս նաեւ տեղեկագրեր պատրաստեցին Հայաստանի մասին։ Սի․ Էն․ Էն․ թրքական կայանին աշխատակիցը իր պատրաստած տեղեկագրին մէջ Հայաստանը անուանեց պատմական Թուրքիա։

*

Հայաստանի բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար- գնդապետ Արթիւր Ելոյեան Շթութկարթ գտնուող ամերիկեան ուժերու եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերուն եւ Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան միջեւ կայացող բանակցութիւններուն , որոնք երկրոր տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենան։

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, Ելոյեան շարք մը հանդիպումներ եւ առանձին զրոյցներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան բարձրաստիճան սպաներու հետ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց։

Հայաաստան եւ Միացեալ Նահանգներ 14 Յունուարին Ուաշինկթընի մէջ կնքեցին Ռազմավարական Գործընկերութեան կանոնադրութիւնը, որ կը ներառէ համագործակցութեան քանի մը բաժիններ՝ պաշտպանութեան, ապահովութեան, ժողովրդավարութեան, արդարադատութեան, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ։

*

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ Հայաստան Մ․Ա․Կ․-ի մէջ պիտի ունենայ պաշտպանութեան հարցերով կցորդ,որ պիտի կատարէ Մ․Ա․Կ․-ի հետ զինուորական եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան, համադրման եւ համակարգման աշխատանքները, պիտի ամրապնդէ փոխգործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացնէ համագործակցութեան հեռանկարային զարգացման մասին առաջարկներ։

Կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մ․Ա․Կ․-ի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան հարցերով կցորդին միջոցով պիտի ստեղծուի արդիւնաւէտ աշխատանքի համար կարելիութիւն, որ պիտի նպաստէ հաստատութենական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ՝ ռազմաքաղաքական եւ զինուորական փոխգարծակցութեան կարելիութիւններու ընդլայնման։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button