ԳլխաւորԽմբագրական

«ԻՄ ՔԱՅԼ»-ԱԿԱՆՆԵՐԸ՝ ՄԵՐ․․․ «ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐ»-Ը

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Չարլի Չափլինի մէկ գլուխ գործոց ժապաւէն՝ Modern Times-ին («Նոր Ժամանակներ») մէջ, կան դիպուկ եւ խորհրդանշական դրուագներ: Տեղ մը, Չափլին, նկատելով որ փոխադրակառքի մը յետսամասէն՝ հետեւողները զգուշացնող կարմիր դրօշակով փոքր ձողը գետին ինկած է, կը փորձէ զայն հասցնել վառորդին եւ յանկարծ, իր ետին կ’երեւի դժգոհ խռովարարներու խումբ մը, որ  ցոյցի ելած է։ Ետեւէն եկողներէն անտեղեակ՝ Չափլինը ոստիկանութեան աչքին կ’երեւի իբրեւ  ցուցարարներուն ղեկավարը,  եւ… ի՜նչ փորձանքներու կը հանդիպի (https://www.youtube.com/watch?v=iucB-P2C3X8

Այլ դրուագ մը՝ Եօթներորդ արուեստի աշխարհին մէջ պատմութիւն կերտած նոյն ժապաւէնէն: Գործազուրկ Չափլին ի վերջոյ գործ մը կը գտնէ նաւաշինարանի մը մէջ։ Հազիւ գործի սկսած, պատասխանատուն կը պահանջէ անպայման գտնել փայտեայ, շեղակի տաշուած իւրայատուկ կտոր մը։ Երկար պրպտումներ եւ փնտռտուքէ ետք, ի վերջոյ մեր հերոսը պահանջուած կտորը կը գտնէ, առանց նկատելու՝ որ անիկա  իբրեւ արգելակ-յենակ տեղադրուած է նոր կառուցուող նաւու մը յառաջամասին: Հետեւա՞նքը. նորակառոյց նաւը կը սահի եւ կ’ընկղմի ջուրին մէջ (https://www.youtube.com/watch?v=y7XfYb2PhaU

Չափլին իր բարենպատակ քայլերով դրօշակը ծածանեց եւ այպանուեցաւ իբրեւ կեղծ հերոս: Անդին, փայտի փոքր կտոր մը շարժելով՝ խորտակեց նաւ մը: Այդ բոլորը՝ ժապաւէններու հրաշալի աշխարհին մէջ։

Անցնինք իրական աշխարհ եւ երթանք մեր հայրենիքը: Հայաստանի մէջ, 2018-ի գարնան, երբ բիւրաւոր հայորդիներ միացան խումբ մը երիտասարդներու ստեղծած շարժումին, անոնք կրնայի՞ն երեւակայել, որ «Իմ Քայլ»-ականներուն կողքին քալելով եւ թաւշեայ յեղափոխութիւն մը իրագործելով, իրենք ու Հայաստան-Արցախը ո՛ւր պիտի հասնէին: Անոնցմէ շատեր հիմա կը տեսնեն, կ’ողբան, որ ինկած են(ք) ահաւոր անդունդ մը։

Ի՜նչ ծածանող դրօշակ… Աստուած հոգի՛դ լուսաւորէ, Կոստա՛ն Զարեան․․․ի՜նչ նաւ լերան վրայ։

Այո՛, ահաւոր են Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ, թէ համայն աշխարհի՝ «Նոր Ժամանակներ»-ը։ Դարձեալ «Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ի մը մասին կը խօսուի, թէ՝ «բոլոր պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է». սակայն յստակ տեղեկութիւն չկայ բովանդակութեան մասին, եղածն ալ՝  կիսատ-պռատ է, մի՛շտ գաղտնի՝ ժողովուրդէն, իսկ եթէ վաղը նոր բացայայտումներ ըլլան, ակնթարթ մը ենթադրելով, որ վերջին օրերուն եղածները բոլորովին ճիշդ չեն, խաղաղութեան փոխարէն… աղաղակ-ութիւն պիտի տարածուի։

Շատ բան յստակացած եւ բացայայտուած է. Պաքու եւ բնականաբար Անգարա կը պահանջեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի, թուրանական աշխարհը իրարու կապելու համար՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բացուի (ճամբայ-միջանցք բառախաղերը մոլորեցնող են), ԵԱՀԿ-Մինսքի խումբը լուծուի եւ պատմութեան անցնի («Արցախ չկայ, ի՜նչ Մինսքի խումբ»…), արդէն իսկ գրեթէ ապազինուած եւ ոստիկանական պետութեան (police state) վերածուած Հայաստանի բանակը բոլորովին զինաթափուի։ Ամէնէն վտանգաւոր պահանջներէն մէկն ալ, որուն Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնապէս յօժարած են՝ Ատրպէյճանի դէմ միջազգային ատեաններէն հայկական դատերն ու պահանջները ետ քաշել է: Ի՜նչ 5 հազար զոհ… Ի՜նչ Արցախի հայաթափում-ցեղասպանութիւն… Ալիեւները անպարտ պիտի հռչակուին հայանուններո՛ւ «խաղաղասիրութեան» ճամբով…

Ա՞յլ պահանջներ. շատ են, նորեր կը ծնին ամէն օր։ Նորագոյններէն՝ Արցախի պաշտպանութեան մասնակցած դէմքերու Ատրպէյճանի յանձնումի պահանջը: Այս բոլորէն՝ խաղաղութէնէ աւելի՝ խեղկատակութիւն կը բուրէ։ Այլապէս ալ, պէտք է կոյր ու խուլ (չըսելու համար՝ բթամիտ) ձեւանալ, չգեսնելու՝ որ Հայաստան կողմէ «ազերիական դիրքերու վրայ նոր յարձակումներու» մասին զրպարտութիւններու նոր շղթայ մը կը հիւսուի քանի մը օրէ ի վեր, իսկ պաշտօնական Երեւանէն ու եւրոպացի դէտերու հերքումները բաւարար հնչեղութիւն չեն գտներ:

Ալիեւ եւ իր «երէց եղբայր»՝ սուլթան Էրտողանի պահանջներուն շարքը երկար է. Հայաստան պէտք է ապահովԷ այսպէս կոչուած՝ «արեւմտեան ատրպէյճանցի»-ներու վերադարձը, անոնց անարգել ելումուտը՝ Հայաստան: Երեւան նաեւ պէտք է նիւթական հատուցում կատարէ Ատրպէյճանի: Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն հիմա աւելի բացայայտ կը հնչեն այն «տեսութիւնները», թէ Երեւանը Էրիվան է, ամբողջ Հայաստանը՝ թուրք-ազերիական սեփականութիւն. պատմութիւն կը խեղաթիւրեն եւ երեւանցի «քայլ»-ականները կ’արձագանգեն այդ «տեսութիւններուն»: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել փաշինեանական այն հաստատումը, թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, սահմանային պատառիկներ ալ մէկը միւսին ետեւէ ազերիական պատկանելիութիւն պիտի «շահին», մարդիկ պէտք է հրճուի՜ն, որ ազերիները իրենց տուներէն 50 մեթր անդին կը գտնուին, վաղը զիրենք կրնան մատնել Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Աղաւնոյի ճակատագիրին…

Լրացուցիչ պահանջնե՞ր. որքա՛ն որ կ’ուզէք. Հայաստանի մէջ պէտք է փակուին բոլոր այն կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք զբաղուած են ազգային արժէքներու պահպանումով, Հայաստանի մէջ պէտք է դադրեցուի Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակիցներու հերոսացումը եւ յաղթանակի պանծացումը:

Այս բոլորէն անտեղեա՞կ է հայորդին։ Անշուշտ կան անտեղեակ մնալ ուխտած բթացեալներ, նաեւ՝ անտարբերներու փաղանգներ (Հայաստան եւ Սփիւռք): Եւ ասոնք մեր ժամանակակից ողբերգութեանց տարբեր դրսեւորումներէն են: Իսկ տեղեակ եղող տագնապողները իրողական անշարժութեան մատնուած են, հալածանքի ենթակայ՝ իշխանաւորներու կողմէ, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս արցախցի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները՝ Պաքուի արգելարաններուն մէջ:

«Իմ քայլ»-ականները կամովին զգեստաւորուած են Թուրքիոյ «Գորշ գայլեր»-ու պատմուճաններով, այսինքն՝ պարզ ու մեկին՝ գործակատար լծակներն են թուրք-ատրպէյճանական ծրագիրներուն:

… Չափլինի ծիծաղաշարժ, սակայն խորիմաստ գործերու արձագանգը կրնանք գտնել անմահ Յակոբ Պարոնեանի կարգ մը խօսքերուն մէջ, որոնք կարծէք թէ արձանագրուած են այսօրուան ահաւոր ժամանակներուն դիտարկումով. «Նոր կեանք ու եռանդ՝ միայն հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելէն ետք կարելի է ունենալ։ Մենք պարտաւոր ենք ապահովել այդ ազատութիւնը, թէեւ շատ անգամ դժուարին եւ ծանր գինով»: Եւ ճի՛շդ այդ պատրաւորութիւնն է որ կը ծանրանայ Հայաստանի ընդդիմադիրներուն, ԲՈԼՈՐ ԻՐԱ՛Ւ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ուսերուն, որոնք կը կանգնին իրենց իսկ յայտարարած մարտահրաւէրին դէմ յանդիման, թէ՝ ամէն տարակարծութիւն երկրորդական է, բոլոր տագնապներուն բանալին «գորշ քայլ»-ականներուն հեռացումն է ընկղմող նաւուն ղեկէն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button